Կիրակի, 11. 06. 2023

spot_img

ՀԲԸՄ. Հանրածանօթ Անուն մը, որուն Կը Վստահի Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը

ՀԲԸՄ 117ամեակ.

ՀԲԸՄ այսօր կը նշէ իր 117ամեակը: Արդարեւ, 15 Ապրիլ 1906-ին, Գահիրէի մէջ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորութեամբ եւ տեսիլքով, հիմնադրուած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւ­նը: 

Մեր ժողովուրդի պատմութեան թէ՛ անհանգիստ ու աղիտալի և թէ՛ յաղթական ու բարգաւաճ օրերուն ՀԲԸՄ-ը մշտապէս կենսական դեր խաղցած է հայաշխարհին մէջ:

ՀԲԸՄ-ի ներկայ ղեկավարութիւնը հաւատարիմ իր հիմնադիրներուն ազգային տեսլականին, կը շարունակէ զարկ տալհամայն հայութեան բարգաւաճման ու բարօրութեան նպաստող Մեծ Միութեան առաքելութեան::

Միաւորելով աշխարհասփիւռ հայ համայնքները՝ ՀԲԸՄի զանազան շրջանակներն ու համաշխարհային մասնաճիւղերը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծեն պահելու ու պահպանելու Հայ ժողովուրդի արժէքները՝ ծաւալելով, բարեսիրական, կրթական, մշակութային, մարզական, թէ այլ օգտաշատ գործունէութիւններ:

Փառք ու պատիւ մեր Մեծ Միութեան: Դէպի նորանոր ամեակներու նշումներ:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին