Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

ԳՈՅԺ – Ոչ Եւս է ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Նուիրեալ Ղեկավար Ընկեր Երուանդ Ազատեան

«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ,

ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի…»։

(Բ. Տմ 4։7֊8)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿի ղեկավար, ՌԱԿի Համադրուած Մամուլի հիմնասիւներէն, համբաւաւոր մտաւորական, հրապարակախօս եւ հրապարակագիր՝ ընկ. Երուանդ Ազատեանի կորուստը, որ իր մահկանացուն կնքեց ԱՄՆ-ի Ֆլորիտա Նահանգին մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Երուանդ Ազատեան նուիրեալ մըն էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որուն աւանդը մեծ է մեր կազմակերպութեան արդի պատմութեան մէջ:Ան կը համարուի ՌԱԿ-ի մեր ժամանակներու կարեւորագոյն տեսաբաններէն մին:

Ազգային- եկեղեցական, կուսակցական եւ միութենական շրջանակներուն մէջ ազդու եւ կարեւոր գործունէութիւն տարած է ընկեր Ազատեան: Ան տարբեր ձեւերով սատարած է Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ազգային-քաղաքական եւ մշակութային բնագաւառներուն այցելութիւններով եւ հաղորդակցութեամբ կապի մէջ ըլլալով հայրենի եւ սփիւռքահայ քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականութեան հետ:

Երուանդ Ազատեան հեղինակած  է տասնեակ հատորներ եւ երկար տարիներէ ի վեր կը ստորագրէր Միացեալ Նահանգներ հրատարակուող «Պայքար» եւ  The Armenian Mirror Spectator թերթերու խմբագրականները ու նաեւ կը վարէր «Պայքար»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը։ 

Հայկական դատի անվեհեր մարտիկ՝ ընկ. Ազատեան իր կուռ գրիչով խորքային կերպով վերլուծած է ազգային եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը:

Հանգուցեալ մեր ընկերոջ վերջին հրաժեշտի արարողութեան եւ անոր թողած աւանդին մասին յառաջիկային պիտի անդրադառնանք:

Մինչ այդ կը ներկայացնենք մեծ մարդուն հակիրճ կենսագրականը.

Երուանդ Ազատեան (Էտմոն Նազարէթ Կոտալազեան, 13 Մայիս 1935, Պէյրութ, Լիբանան – 25 Մարտ 2023, Ֆլորիտա, ԱՄՆ)

Շրջանաւարտ է Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան Վարժարանի: Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, 1958-ին, Պոսթընի «Նորթ Իսթըրն» եւ Տիթրոյիթի «Ուէյն Սթէյթ» համալսարանները, 1973 թուականին:

Երուանդ Ազատեան մեծ ներդրում ունեցած է սփիւռքահայ մամուլի զարգացման կանոնաւոր ընթացքի մէջ` 1954-1958 թուականներուն ան եղած է Պէյրութի «Զարթօնք-սփոր» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիրը, իսկ 1959-1967 թուականներուն՝ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խմբագրապետը:

Խմբագրական գործունէութիւնը 1960-ականներու վերջերէն սկսեալ շարունակած է ԱՄՆ-ի մէջ, 1967-1972 թուականներուն, ըլլալով Պոսթընի «Պայքար» հաստատութեան վարիչ-տնօրէնը, «Պայքար» գրական եռամսեայ հանդէսի եւ «Տը Արմենիըն Միրըր Սփէքթաթըր» թերթի խմբագրակազմերու անդամ:

Երուանդ Ազատեան 1971 թուականէն ի վեր Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթի, 1986 թուականէն ի վեր՝ Նիւ Եորքի «Արարատ» (անգլերէն) հանդէսի, 1991 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի «Ազգ» օրաթերթի, 2006 թուականէն ի վեր՝ Պէյրութի «Կամար» գրական հանդէսի հիմնադիրներէն եւ գլխաւոր աշխատակիցներէն է: Անոր յօդուածները ընդհանրապէս լոյս տեսած են ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ մամուլին մէջ:

Ազատեան երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային կառոյցներէն ներս, եղած է ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանի անձնական գրասենեակի վարիչը, իսկ 1972 1997 թուականներուն` ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային հիմնադրամի ատենապետը, Տիթրոյիթի «Հայ մշակոյթի ժառանգութիւն» (անգլերէն) ձայնասփիւռային ծրագրի տնօրէնը, նաեւ Տիթրոյթի ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետը:

Ան հեղինակ է «Կեանք ու երազ Հայաստան» (1964 թուական, ուղեգրութիւններ), «Գրական-գեղարուեստական սեւեռումներ» (1988 թուական), «Դիմանկարներ եւ դիմաստուէրներ» (անգլերէն, 1995 թուական) գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու, «Պատմութիւնը ընթացքի մէջ» (քննասիրութիւն, անգլերէն, 1999 թուական), «Դիտումներ եւ դատումներ» (2006 թուական, հրապարակագրութիւն), Վահան Թէքէեանի «Հատընտիր» եւ «Perspectives Armniennes»` իր յօդուածներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբագրած է Վահան Թէքէեանի փունջ մը քերթուածներու հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու հրատարակութիւնը ինչպէս եւս աւելի ուշ հեղինակած այլ գիրքեր: ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Երուանդ Ազատեանի «Ազգային-Քաղաքական Յորձանուտի Մէջ» երկհատորեայ գիրքերու շնորհահանդէսները:

Երուանդ Ազատեան ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) ամենաբարձր մակարդակներու վրայ:

Ան անդամ է Հայաստանի Գրողներու միութեան ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային:

Արժանացած է զանազան պարգեւատրումներու, որոնց շարքին. «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» հայրապետական շքանշան ձեռամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին 1989ին։ Հայաստանի ազգային գրադարանի Յակոբ Մեղապարտ շքանշան, 1991ին. «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ աստիճանի մեդալ, 2009ին: «Մովսէս Խորենացի» ՀՀ նախագահական եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետալներուն։

Արժանացած է՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Պատուոյ դոկտորի կոչումին։

***

Աւարտին յիշեցնենք, որ ընկ. Ազատեան վերջերս կը գտնուէր Պուէնոս Այրէս, ուր հանդիսապետած էր տեղւոյն «ԹՄՄ»ի վերանորոգուած կեդրոնի բացման ուր այդ առթիւ արտասանած է յաւուր պատշաճի խօսք: Իր վերջին հրապարակային խօսքին տեսերիզը, որպէս մեր երէց ընկերոջ «Կարապի երգը» կը տեղադրենք ներքեւ:

Փառք ու պատիւ իր վաստակին: Յաւերժական հանգիստ մեր սիրելի ընկերոջ:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութիւն

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Հոգաբարձութիւն, Տնօրէնութիւն Եւ Ուսուցչական Կազմ

«Զարթօնք» Օրաթերթի Խմբագրութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին