Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Հսկայական Եռագոյնը Ծածանեցաւ Գեղարքունիքի Մարզի Սահմանամերձ Արտանիշ Գիւղին Մէջ

Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին «Վասն Հայրենեաց» ազգային համախմբման շարժման «Սահմանք քաջաց դրօշն իւրեանց» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ Արտանիշ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ հսկայական դրօշի տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Մինչ Եռագոյնի տեղադրումը Տէր Մեսրոպ քահանան գիւղի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին մէջ իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկայ հանրութեան, ապա օրհնեց Հայոց դրօշը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպողներուն եւ հովանաւորներուն։

ՀՀ օրհներգի հնչումով Եռագոյնը վեր խոյացաւ սահմանամերձ Արտանիշին  մէջ։

Եռագոյնի տեղադրման արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ գեղարուեստական յայտագրով։ Ելոյթ ունեցան ՀՀ վաստակաւոր արտիստներ Շուշան Պետրոսեանը եւ Արսէն Գրիգորեանը, ինչպէս նաեւ Հայ Լաօ երկեակը:

Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Վասն Հայրենեաց ազգային համախմբման շարժման համահիմնադիրներ Վահագն Չախալեանը եւ Սեւակ Յակոբեանը: Խօսք առաւ Արտանիշի միջնակարգ դպրոցի նախկին տնօրէն Արայիկ Մարգարեանը։ Հայոց եռագոյնին նուիրուած ոգեշունչ բանաստեղծութիւն մը արտասանեց 7ամեայ Կարէնը, որ որդին է Արտանիշ համայնքի ղեկավարին՝ Ռոպէրդ Շուշանեանին։
Արտանիշի մէջ ՀՀ դրօշը տեղադրուեցաւ է Ռոտրիկօ եւ Սիլվինա Նահապետեաններու հովանաւորութեամբ։

Նշենք, որ «Վասն Հայրենեաց» շարժումը նախաձեռնած է Հայաստանի սահմանամերձ 9 մարզերու գիւղերուն տեսանելի վայրերուն մէջ, տեղադրել Եռագոյնը։ Արդարեւ, Արտանիշը երկրորդն էր: 5 Մարտին, նախաձեռնութեան առաջին Եռագոյնը բարձրացաւ Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղին մէջ։

  1. Սահմանամերձ գիւղերուն մէջ հսկայածաւալ Եռագոյն տեղադրելու իր նպատակին մասին «Վասն Հայրենեաց»ը յայտարարած էր.
    Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անձեռնմխելի սահմանները խորհրդանշականօրէն ուրուագծել իր պետական դրօշով:
  2. Ազգային-պետական դրօշին պահպանումն ու անոր հանդէպ տածելիք յարգանքը աւելի եւս ամրապնդել հայորդիներու մօտ:
  3. Հրապարակային միջոցառումներու ու անկէ բխելիք մետիա հաղորդումներու միջոցաւ ՀՀ սահմանամերձ գիւղերը աւելի եւս ծանօթացնել լայն հանրութեան:
  4. Նպաստել տուեալ գիւղին զարգացման:
  5. Հայաստանի բնակիչ թէ սփիւռքահայ իւրաքանչիւր հայորդի կամ համայնք մասնակից դարձնել սոյն գործողութեան, հայ ժողովուրդի զաւակները ազգօգուտ նպատակներու եւ իրար շուրջ համախմբելու մտաւորութեամբ:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին