Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Թող Թիւերը Խօսին

Հայաստանի «Հրապարակ» թերթը վերջերս հրապարակած էր լուր մը, որ կը տեղեկացնէր, թէ Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանի աղբահանութեան եւ սանիտարական մաքրում» համայնքային կազմակերպութիւնը 24 մլն. դրամով ԿՐԿԻՆ 60 հազար հատ ցախաւել գնած է:

Առ այս, լուրին մէջ տարօրինակ բան չկայ նամանաւանդ, որ տուեալ հաշուով իւրաքանչիւր աւելը կ՛արժէ 400 դրամ, այսինքն վեր ի վարոյ 1 ԱՄՆ տոլար, որ տրամաբանական արժէքն է տուեալ ապրանքին:

Սակայն այնտեղ կայ ԿՐԿԻՆ բառը, որուն վրայ պէտք է պահ մը կանգ առնել:

Ըստ թերթին, նոյնքան աւել (60 հազար հատ) նոյն հիմնարկը գնած էր մի քանի ամիս առաջ՝ Սեպտեմբերի 14-ին։ Այն ժամանակ քաղաքապետարանը պարզաբանէր է, որ հիմնարկը հաւաքարարի աշխատանքին համար ունի 384 աշխատակից, այսինքն՝ իւրաքանչիւր հաւաքարարին համար 156 ցախաւել։

Հարցումը այստեղ հետեւեալն է. Իւրաքանչիւր աշխատակիցի համար դարձեալ գնուած ցախաւելներուն թիւը մօտաւորապէս համազօր է 2022թ. Սեպտեմբեր 14 էն 2023 թ. Մարտի 2 (ԿՐԿԻՆ գնման պայմանագրին օրը) երկարող օրերու թիւին:

Այս երեւոյթը քաղաքականացնելէ վեր եւ անդին կան յստակ թիւեր որ լուրջ հարցական մը կը յառաջացնեն: Ըստ հրապարակուած թիւերուն, ուրեմն իւրաքանչիւր աշխատակից մէկ օրուայ աշխատանքին ընթացքին մաշեցուցած ու անգործածելի դարձուցած պէտք է ըլլայ մօտաւորապէս մէկ հսկայ ցախաւել: Հասկնալով հանդերձ, որ գնուածը շուտ մաշող եւ դուրս գրուող ապրանք կը համարուի, սակայն կարելի՞ է օրական մէկ աւել մաշեցնել: Աւելին, ցախաւելին գլխուն բաղադրութիւնը ցախի ամուր ճի՞ւղ է, թէ հալող շոքոլայ: Նման թիւ մը տրամաբանակա՞ն է:

«Հրապարակ»ին լուրը, նաեւ կը բացայայտէ ցախաւելները հիմնարկին ծախող կողմին անունը. անհատ ձեռնարկատէր «Լիանա Մարգարեան Ռուբէնի»: Այս բանին մէջ նաեւ հետաքրքրական է իմանալ տուեալ գործարքին մատուցարկու առաջարկող (tender)ին առկայութեան մասին, թէ արդեօ՞ք գործարքը եղած է արդար գործընթացով, թէ ԽԾԲ-ի (խնամի, ծանօթ, բարեկամ) մշակոյթով…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին