Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Պահպանել, Պահել, Մշակել և Նոր Ծիլեր Աճեցնել Ազգային Ինքնութիւն Սնուցանելով Համայնքին Զաւակներուն. Պուէնոս Այրէսի Թէքէեան Կեդրոնը Բացաւ Իր Դռները

Մեր վերջին թիւով հաղորդած էինք Պուէնոս Այրէսի մէջ արդիական տեսքով ու հնարաւորութիւններով վերակառուցուած Թէքէեան Կեդրոնի բացման մասին:

Իր պատկանած Միութեան անուան յարիր, սոյն՝ արդիական հնարաւորութիւններով օժտուած վերանորոգուած կեդրոնը, շնորհիւ անոր դերին տեսիլքը ունեցող Նահապետեան ընտանիքին մեծ ջանքերուն, այսուհետեւ պատրաստ է ընդունելու աւելի եւս շողշողուն մշակութային միջոցառումներ: Ան բաց է արժանթինահայ ամբողջ համայնքին առջեւ, ծառայել շարունակելու համար հայ մշակոյթին՝  պահպանելով ու պահելով մեր արժէքները, մշակելով և նոր ծիլեր աճեցնելով համայնքին զաւակներուն հոգիներուն մէջ, ազգային ինքնութեան շարունակական սնուցման միջոցաւ:

Արժանթինի մէջ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդական տեղապահ Դոկտ.. Արէն Սրբազան Շահէնեանը, Գերշ. Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեանի եւ արժանապատիւ հայրեր՝ Եղիշէ Նաարեանի, Մեսրոպ Նազարեանի եւ Տրդատ Օհանեանի հետ միասին կատարեցին Թէքէեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղադրուած նոր վերելակի օրհնութեան կարգը:

Այնուհետև տեղի է ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան բազմավաստակ ղեկավար եւ մեծ բարերար մեծ բարերար Նահապետ Նահապետեանին ի պատիւ յուշատախտակին բացումը:

Խօսք առին Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան պարոն Վիրապեանը, Սրբազան Արէն Շահէնեանը եւ այս առիթով հիւրաբար յատուկ Պուէնոս Այրէս գտնուող՝ ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Երուանդ Ազատեանը:

Այս առիթով, ընկեր Ազատեանը սոյն ազգօգուտ ծրագիրը իրագործող  ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին շնորհեց Միութեան խորհրդանշական մետալը ի պատիւ արժանթինահայ համայնքին մէջ ունեցած վաստակին եւ հայկական աւանդին պահպանման համար:

Այս առիթով ընկ. Սերխիօ Նահապետեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ իր գործակիցներուն: Ան վեր առաւ սոյն արդիական շէնքին իրագործման մէջ մեծ աւանդ ունեցող ընկ.հի  Սուսանա Տէր Կարապետեանին ջանքերուն կարեւորութիւնը:

Ընկ. Նահապետեան յոյս յայտնեց, որ վերանորոգուած Թէքէեան կեդրոնը արժանթինահայ համայնքին ակնկալութիւնները կ՛արդարացնէ: Ան շեշտեց, որ արդիական այս կեդրոնը  նոր եռանդով և ուժով պիտի վերսկսի մշակութային և հասարակական գործունէութիւն։

Ապա ընկ. Սերխիօ Նահապետեան երախտապարտութիւն յայնեց  նկարիչներ՝ Ալեխանտրօ Աւագեանին, Միրդա Քիրպասեանին և Կլատիս Աբգարեանին, որոնք սիրով տրամադրած էին իրենց արժէքաւոր աշխատանքները՝ ցուցադրուելու համար կեդրոնին վերաբացման առիթով։

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Խորխէ Սարաֆեանին, որ այս նախագիծին իրագործման աշխատանքներուն բծախնդիր հետապնդողներէն էր:

Աւարտին ընկեր Նահապետեան խօսքը ուղղելով բազմաշերտ ներկաներուն ըսաւ, որ Թէքէեան Կեդրոնը ձեր տունն է եւ դուք միշտ ողջունելի էք այստեղ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին