Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Լիբանանեան Ծովափի Ջուրին Մակարդակը Նուազած Է… Ի՞նչն Է Այս Երեւոյթին Գիտական ​​Բացատրութիւնը

Լիբանանի ծովափին ջուրի մակարդակին անկումը անհանգստացուցած է քաղաքացիներուն: Ժողովրդային մտավախութիւն կայ, որ ցունամի մը կրկնուի վերջերս պատահած երկրաշարժներուն պատճառով, մանաւանդ, որ թրքական իշխանութիւնները ցունամիի հնարաւորութեան մասին յայտարարութիւն տարածած են։

Այս ծիրէն ներս Զահրանիի  քաղաքապետարաններու միութեան աղէտներու կառավարման ստորաբաժանումը նշեց, որ «ցունամին ծովին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետևանք է, որ կը հանգեցնէ ջուրի կամ ալիքներու բարձրացման, մինչ, վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին շրջանին մէջ պատահած երկրաշարժներուն կիզակէտը ծովին յատակը չէր»:

Յստակեցումը մատնանշած է, որ «ծովուն ջուրի մակարդակին անկումը աւելի կապուած է սովորական մակընթացութիւններու շարժման հետ: Այս նշումը հաստատած է Լիբանանի Գիտական ​​հետազոտութիւններու ազգային խորհուրդի երկրաֆիզիքական ազգային կեդրոնը:  Աւելի եւս պարզաբանելով, յայտարարուած է, որ այս երևոյթը կը յառաջանայ Լուսնի եւ ձգողականութեան ուժերու համակցուած ազդեցութենէն մինչ երկրաշարժները կապ չունին լուսնի վիճակին հետ:

Նոր Երկրաշարժ

Այսօր երեկոյեան երկրաշարժ մը ցնցեց թուրքիոյ Հաթայ նահանգը:

Արդարեւ երկրաշարժը շրջանը հարուածեց ռիխթըրի 6.4 աստիճանի ուժգնութեամբ:

Երկրաշարժը զգացուած է ինչպէս թուրքիոյ նաեւ սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստին եւ Կիպրոսի շատ մը շրջաններուն մէջ:

Լիբանանցին անգամ մը եւս ապրեցաւ դժուար գիշեր մը, ուր մեծ թիւով քաղաքացիներ ձգելով իրենց տուները համախմբուեցան բացօթեայ եւ համեմատաբար ապահով վայրերու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին