Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Եգիպտոսի ՌԱԿը Հալէպահայութեան Կողքին

Շնորհակալ Նախաձեռնութիւն

Հիւսիսային Սուրիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժի պատահարէն ընդամէնը ժամեր անց արդէն յայտնի էր անոր գործած աւերին ահագնութիւնը:

Հալէպ քաղաքի մեծ տարածքներ զոհ գացին բնական այս ահաւոր աղէտին, որ  նաեւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց այնտեղ գործող հայկական հաստատութիւններուն ինչպէս նաեւ խլեց հայորդիներու կեանքեր:  

Ի տես այս մարդկային աղէտին Եգիպտոսի «Կոկանեան սրահ»ի եւ «Արեւ»ի շրջանակը, ազգային պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ,  անմիջապէս ձեռնարկած են «Օգնեցէ՛ք Հալէպին» նախաձեռնութեան:

Այս մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար դիմեցինք,  «Կոկանեան սրահ»ի եւ Եգիպտոսի ՀԲԸՄի ատենապետ, ընկ. Տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանին, որ մեզի տեղեկացուց, թէ սոյն նախաձեռնութիւնը ընդամէնը քանի մը օրուայ ընթացքին յաջողած է Եգիպտահայ համայնքին սրտաբուխ նուիրատուութիւններով գոյացնել  աւելի քան 17,000 ամերիկեան տոլար, որ անմիջապէս պիտի փոխանցուի Հալէպի ՀԲԸՄին, նպատակ ունենալով նախնական օգնութիւն փութացնել երկրաշարժէն տուժած հայորդիներուն:

Ընկ. Երզնկացեան հաստատեց, որ նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի, որմէ գոյացած գումարը երկրորդ հանգրուանով մըն ալ պիտի տրամադրուի նոյն նպատակին:

Վարձքերնին կատար այս ազնիւ նախաձեռնութեան ետին կանգնողներուն, ի մասնաւորի Լալա Շամանեանին եւ Սեւան Գարամանուկեանին: Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն, որոնք հակառակ Եգիպտոսի դիմագրաւած ֆինանսական տագնապին, չեն զլացած իրենց լուման փութացնելու հալէպահայ մեր հայրենակիցներուն:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին