Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ինքնապահպանման Մարդկային Տարրական Բնազդն ու Մեր Ժողովուրդը

Թուրքիան հարուածած վերջին երկրաշարժին պատճառով, ընդամէնը  քանի մը վայրկեանի ընթացքին  փլուզուեցաւ «թրքական որակեալ շինարարութեան» առասպելը, երբ թուրք կապալառուներու կողմէն կառուցուած նորակառոյց բազմայարկանի շէնքերը քանդուեցան խաւաքարտէ կազմուած կառոյցի մը նման:  

Անշուշտ աւելի քան ցաւալի է անոր պատճառած մարդկային աղէտը, որուն համար պէտք է ցաւակցիլ մարդկային բոլոր զոհերուն ու շուտափոյթ ապաքինում մաղթել վիրաւորներուն: Ամէն պարագայի սակայն, սոյն երկրաշարժին պատճառած մարդկային զոհերուն երեսակը մեր այսօրուայ սիւնակի թեմային չի վերաբերիր:

Մեր խնդիրը այսօր այն է, որ  Երեւանի մէջ ակնյայտ վիճակ հանդիսացող, հսկայական թաղամասերու երեւոյթով դրսեւորուող, այսպէս կոչուած շինարարական պումին մէջ, կապալառական մեծ դեր վստահուած է վերոյիշեալ միեւնոյն այդ թրքական ձախող կապալառու հաստատութիւններուն, որոնք տարբեր պիտակներով Հայաստան սողոսկած են նախկին թէ ներկայ իշխանաւորներու թեթեւ ձեռքին օգնութեամբ…:

Անկախ նորակառոյց շէնքերու հարցադրումներ յառաջացնող իրավիճակէն, տարածաշրջանային երկրաշարժերու վտանգաւոր գօտիի վրայ գտնուող մեր Հայրենիքին մէջ կայ շատ աւելի վտանգաւոր երեւոյթ մը եւս, որ կը դրսեւորուի պաշտօնապէս յայտարարուած 300է աւելի վթարային վտանգ ներկայացնող շէնքերով եւ ոչ միայն:

Ուշադիր նայիլ նկարներուն: Ներկայացուածը ընդամէնը նմոյշ մըն է 1990ականներուն կատարուած շինարարական խախտումներուն (Երեւանի շէնքերուն տանիքներուն վրայ անհաշիւ ու տգեղ յարկաբաժիններու յաւելումներէն մինչեւ կտուրի մը վրայ հաստատուած «գիւղի» մը տպաւորութիւնը ստեղծող շինութիւնները), որոնք գրեթէ ամէն տեղ են: Այս երեւոյթը կարելի էր կերպով մը արդարացնել որպէս իր ատենին գոյութիւն ունեցող ժողովրդագրական եւ այլ դժուարութիւնները յաղթահարող միջոց: Սակայն անընդունելի  երեւոյթը այսօր այն է, որ սոյն անճոռնի ու վտանգաւոր շինութիւնները, ոչ թէ միայն չեն վերացուիր, շէնքին ու անոր բնակիչներուն ապահովութիւնը վերականգնելու մտահոգութեամբ, այլ առոգ բարոք իրարու կը վաճառուին «ծախու բնակարանի» հրապարակային գովազդներով, որոնք ի վերջոյ առք ու վաճառքի գործընթացով կը գրանցուին ալ պատկան մարմիններուն կողմէ…:

Մեր ազգին ու հայրենիքին բազմատեսակ խնդիրներուն շարքին ահաւասիկ շատ լուրջ խնդիր մը եւս, որ կը կարօտի պետական մակարդակի լուրջ միջամտութեան, որպէսզի ապագայի անխուսափելի արհաւիրքներուն առաջքը առնցուի:

Պետութիւն մը, որ փաստեց, թէ ի վիճակի չէր արագօրէն արձագանգելու Սուրմալուի շուկայի պայթումին, որուն զոհերը օրերով մնացին յառաջացած աւերակներուն տակ, պէտք է դասեր քաղած ըլլայ եղածէն ու ըստ այնմ ռազմավարութիւն որդեգրէ:

Մինչ այդ կը մնայ աւելի քան զարմանալ ու ափսոսալ, որ ի չգոյէ ատակ ու պատասխանատու իշխանութեան, հայրենաբնակ մեր ազգին զաւակներուն մօտ  բացակայ  է ինքնապահպանման մարդկային տարրական բնազդը, որ մարդկային ծագումաբանութեան մէջ կարեւոր դեր խաղցած է մեր Երկիր մոլորակին վրայ մարդ արարածին գոյերթին ու քաղաքակրթութիւններու յառաջացման մէջ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին