Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ «ԱՆԴՐԱՆԻԿ» Փողերախումբին Նոր Տարուան Եւ Սուրբ Ծննդեան Նուիրուած Գնահատելի Համերգը

Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով գնահատելի համերգ մը տուաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ:

Համերգին ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հոծ բազմութիւն մը:

Յանուն փողերախումբի վարչութեան,Ծովակ Պաղտասարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Նուագախումբը կատարեց Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն պատշաճ աւելի քան 25 նուագներ, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով սրահին մէջ:

  Իւրաքանչիւր կատարում,  իր որակով եւ եղանակաւորումով կը գերազանցէր նախորդը: Մէկ խօսքով, փողերախումբը, իր փորձառու եւ  նորեկ տարրերով  յաջողած էր դուրս գալ նուագահանդէսի սահմաններէն: Սրահին մէջ կը տիրէր  փառատօնի մթնոլորտ: Կատարողականութեան    տեսակէտէն, վայելք էր ունկնդրել  գործիքային մեկնաբանութեան ներդաշնակութիւնը: Ներկաները ծափերով կը քաջալերէին, յաճախ՝ ակամայ կ’ընկերակցէին ճաշակով ընտրուած կտորներուն:

Համերգը անկասկած վկայութիւն մըն էր  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբին բարձր կարողականութեան:

Հանդիսութեան աւարտին, նուագախումբի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գոզեան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավար Թոնի  Տաուտին եւ  ներկաներուն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկին յաջողութեան սատարող ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան,  փողերախումբին գործունէութիւնը  քաջալերող անհատներուն եւ հաստատութիւններուն:Ան  ի մասնաւորի գնահատեց նուագախումբի փոքրիկ անդամներուն կատարումը՝ մեր  վաղուան խոստմնալից   կատարողները: :

Գնահատանքի խօսք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբի  վարչութեան  եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի առաքելութեան,  կը սատարեն անոր  յաջողութեան:

Ներկաները լիացած  բաւարարութեամբ   մեկնեցան  սրահէն, շնորհաւորելով  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի   փողերախումբին խմբավարը, անդամ-անդամուհիները,  փողերախումբի վարչութեան  ժրաջան անդամները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին