Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

«Կեանքս Սկսաւ Մխիթարեանով: Կեանքս Կ’աւարտի Մխիթարեանով»

Լուսահոգի Ժիրայր Դանիէլեանի Քառասունքին

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Վերտառութիւնը լրջախոհ Ժիրայր Դանիէլեանի (1941-2022) շատ ուղիղ հաւաստիացումն է, որ իր մէջ ոչ միայն կը պարունակէ իր մահամերձ հեղինակին մտքին գոհունակութիւնն ու հոգիին անդորրութիւնը, այլ նաեւ կ’արտացոլայ նկարագրին էութիւնն ու կը խտացնէ ամբողջ կեանքին ուղեգիծը…:

«Կեանքս սկսաւ Մխիթարեանով»:

Վիեննական Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանին «Վերելք» Ուսանողական Պար­բերագիրքին մէջ տպուած «Ցանկ աշակերտներու Վիեննական Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանի, 1937-1968» խորագրեալ անուանացուցակէն կ’իմանանք, թէ «Դանիէլեան Ժիրայր Կարապետ» աշակերտեցաւ «1949-1953» տարիներուն (Բացառիկ թիւ, Բ. հատոր, Ը. տարի, թիւ 1(14), Փհտրուար 1968, Պէյրութ, էջ 17):

Մխիթարեանին պատկանելիութեան համար արդար հպարտանքով միշտ համակուած էր ու մնաց Ժ. Դանիէլեան, որուն հետ անձնական ծանօթութիւնս սկսաւ 1975-ին, Վիեննա, ուր եկած էր ուսումնասիրելու գիտաշխարհին մէջ հայկական թերթերու ամէնէն ճոխ հաւաքածոն: Ամառանոցն էինք, երբ, Հ. Ռափայէլ Վրդ. Քօսեան (1897-1991) մատենադարանապետին ու մամլագէտին առաջնորդութեամբ, այցելեց մեզի եւ պատմեց իր ուղեւորութեան նպատակը:

Լաւ կը յիշեմ, տպաւորեց մեր Դպրեվանքին երիտասարդ փոխ-տնօրէն վարդապետս, որ անոր արդէն ծանօթ էի «Երիտասարդ Հայ.» (Պէյրութ, 1969-1975) գրական, գեղարուեստական, հասարակական ու մարզական պատկերազարդ երկշաբաթաթերթին էջերէն: Անոր համահիմ­նա­դիրներէն եւ խմբագրակազմին անդամներէն էր:

Տարիներ սահեցան: 1979-1983 տարիներուն, երբ կը պաշտօնավարէի Հազմիէյի մեր դպրոցին մէջ, թէպէտ զարմանալիօրէն չհանդիպեցանք իրարու, բայց եւ այնպէս թէ՛ կը լսէի Ժ. Դանիէլեանի մասին ու թէ՛ կը կարդայի անոր գրութիւնները:

Տաս տարի ետք, 1993-ի Մայիսէն սկսեալ, վերջնականապէս Լիբանան հաստատուելէս յետոյ՝ մեր վերատեսութենէն ընթացանք խոր ծանօթութեան, որուն յաջորդեցին փոխադարձ յարգանքն ու բարեկամութիւնը՝ «Դուք» յոգնակի խօսելակերպէն անցնելով «Դուն» եզակիին: Նոյնիսկ մտերիմներ դարձանք, սակայն հեռակայ յարաբերութեամբ, այսինքն՝ ստէպ չէինք հանդիպեր իրարու: Երկուքս ալ գերզբաղ էինք, ուստի, ազատ ժամանակ չունէինք զիրար տեսնելու եւ երկխօսելու համար՝ ի հեճուկս մեր փափաքին…:

Հոս, մասնաւորելու եմ, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին 4 Օգոստոս 2020-ի ոճրային եւ անմեղասպան պայթումին յաջորդած Պոսթընի մեկնումէն երկու-երեք տարիներ առաջ սկսած էինք աւելի յաճախ տեսնուիլ: Մեր հանդիպումները առաւել կամ նուազ միշտ երկար երկխօսութիւններուն կը վերածուէին ազգային-հրատապ հիմնահարցերուն եւ մանաւանդ  պատմագրական, մամլապատկան ու գրականագիտական նիւթերուն մասին: Տրուպս կ’ըլլայի օգտուողը, շահողը: Անոր համար միշտ շնորհակալութիւն կը յայտնէի «Պրն. Ժիրայր»-ին:

Համարեա միշտ համակարծիք էինք: Շատ լաւ կը յիշեմ մեր խօսակցութեան նիւթը, երբ առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով՝ այցելեցի Յովակիմեան-Մանուկեան (1987-2010) եւ Դարուհի Յակոբեան (1993-2010) Երկրորդական Վարժարաններուն «Պրն. Տնօրէնին»: Նուէր տարած էի նոր գիրքերս, քանի քաջալերանքով ու գոհունակեամբ միշտ կը հետաքրքրուէր յօդուածներովս եւ երկերովս (տես Ժ. Դանիէլեանի «Ի խնդիր հայկական մատենադարաններու պատմութեան» խորագիրով շատ համառօտ, բայց յոյժ հմուտ գրախօսականը, ի՝ Շիրակ, ԼԹ. Տարի, Յունուար-Փետրուար, թիւ 1-2, Պէյրութ, 1995, էջ 125):

Խօսեցանք լեզուական հարցերու եւ ասկէ-անկէ կամ հոս-հոն մեր Մեծասքանչին շատ սխալ կիրառումին մասին: Սարսափելի բծախնդիր էր: Երբ նիւթը դարձաւ կէտադրութեան, ողբաց անոր անճիշդ գործածութիւնը: Օրինակ՝ «բութ» ( ՝ ) առոգանութեան նշանին մասին տուած իր բացատրութիւնն երբ հաստատեցի, քանի անպայման ուզեց լսել իմ կարծիքս, լայնաժպիտ դէմքով բաւարարուեցաւ…:

Այո՛, կը զարմանայի Ժ. Դանիէլեանի հմտութեան, բայց դեռ աւելի կը հիանայի անոր յիշողութեան վրայ, որուն մէջ կենդանի եւ ամբողջական առկայութեամբ՝ միշտ կը տողանցէին դէմքեր, դէպքեր, թուականներ, անձնանուններ, տեղանուններ, վերտառութիւններ, համեմա­տու­թիւններ, եզրայանգումներ, յիշեցումներ, յոյշեր, յիշատակներ, ոգեկոչումներ, հանդիպում­ներ, վրիպակներ ու սրբագրութիւններ:

Ամէն անգամ ունէր նորութիւններ: Զանոնք կը յիշէր մանրամասնօրէն: Այս իրողութեան դիմաց կը գտնուէի բոլոր մեր խօսակցութիւններուն ընթացքին: Նաեւ վերջին հանդիպում­ներուն, որոնք դիպեցան 2022-ի Յունիս-Յուլիս եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն, Պոսթընի մէջ: – Առարկայական հիացումս, զոր ստէպ  կ’արտայայտէի իմ համեստ երէց Բարեկամիս, միշտ յարաճուն էր:

  Փոխադարձ մեր յարգանքին ու բարեկամութեան ամրագրումը հանդիսացաւ Հ. Գրիգոր Վրդ. Հէպոյեան (1910-1985) Վիեննական Մխիթարեանին՝ հայութեան հոգեւորական երկրորդ մեծագոյն երաժիշտին ի պատիւ՝ Հ.Կ.Մ.-ի Երիտասարդականին կողմէն մեծ բծախնդրութեամբ եւ բարձրորակ մակարդակով կազմակերպուած յուշահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Մայիս 1996-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ, Պուրճ-Համմուտ:

Առիթն էր «Հ. Գրիգոր Վրդ. Հէպոյեանի երաժշտական երկերը՝ 1927-1977» նորատիպիս շնորհահանդէսը՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան (1927-2011) Կաթողիկոս-Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ու ներկայութեամբ եպիս­կո­պոսներու, վարդապետներու, մայրապետներու, մտաւորականներու, լրագրողներու եւ հոծ բազմութեան:

Ժամադրութեամբ՝ այցելեցի «Պրն. Ժիրայր»-ին: Քանի գիրքս պիտի ներկայացնէր յայտնի մտաւորական-գրող-գրաքննադատը՝ Պրն. Արամ Սեփեթճեան (1934-2020), խնդրեցի անկէ՝ ելոյթով պատմելու իր յոյշերը դպրոցական առաջին տարիներուն եւ յատկապէս խօսելու երկնաբնակ Մեծարեալին մասին («Գեղարուեստի Աշխարհէն՝ Հ. Գրիգոր Վրդ. Հէպոյեան» վերտառեալ բանախօսութիւնը հրատարակեց, ի՝ «Խօսնակ», ԼԷ. տարի, թիւ 10, Յունիս 1996, Պէյրութ, էջ 38-40), անվարան ընդառաջեց.«Վարդապետ, անշուշտ կ’ընդունիմ: Շնորհակալ եմ Ձեր հրաւէրին: Ես Մխիթարեանցի եմ: Հ. Գրիգոր եղած է իմ տնօրէնս եւ ուսուցիչս»: – Ճիշդ էր: Հ. Հէպոյեան տնօրէնութեան պաշտօնը վարեց 1950-1952 տարիներուն:

«Յուշահանդէսին բանախօսն էր ԹՄՄի ‘Շիրակ’ ամսագիրի խմբագիր Պր. Ժիրայր Դանիէլեանը: Ան գնաց դէպի անցեալ եւ ներկայացուց յուշեր Հ. Գ. Հէպոյեանէն, երբ ինք աշակերտած էր Մխիթարեաններու մօտ, Պէյրութ: Ան խօսեցաւ Հէպոյեան մարդուն, երաժիշ­տին, կղերականին եւ դաստիարակ ուսուցիչին մասին» («Զարթօնք»):

«Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ‘Շիրակ’ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր՝ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեանը, որ եղած է սանը յուշահանդէսի մեծարեալին, ազդուած անոր շունչէն ու արուեստագէտի ոգիէն: Ան ներկայացուց յիշատակելի ու անմոռաց դրուագներ Հ. Գրիգոր Վրդ. Հէպոյեանին հետ առնչուած: Ներկաները աւելի իրազեկ դարձան մեծարեալին արժանիքներուն, վաստակին ու ծառայութեանց: Ան շեշտեց Մխիթարեան Հայրերու ունեցած պատկառելի տեղը հայ մշակոյթի եւ հայագիտութեան տարածման նուիրական գործին մէջ եւ ողջունեց միտքի ու լոյսի սերմնացանները՝ Մխիթարեան գործիչները» («Արարատ»):

Հոս, կը խորհիմ, թէ աւելորդ է իմացնել, որ փոխադարձ մեր յարգանքին ու բարեկամութեան ջերմութիւնն արձանագրեց իր աննահանջ ընթացքը, զոր ամբողջացնելու եկան իրարու հանդէպ մեր առարկայական համարումն ու գնահատանքը: Ասոնց ամենացայտուն արգասիքն եղաւ իմ աշխատակցութիւնս բովանդակալից եւ բարձրաճաշակ «Կամար»-ին՝ «Գրականու­թեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթ»-ին (թիւ 1-32, Պէյրութ, 2005-2019), որուն անձնուրաց ու ժիրաժիր հիմնադիր-խմբագրապետն եղաւ իր առաջնորդող եւ խոհուն «խմբա­գրա­կան»-ները չստորագրած «Ժիրայր Դանիէլեան»:

  Հոս, երախտագիտօրէն կրնամ վկայել, թէ «Պրն. Ժիրայր»-ի յարաճուն քաջալերանքին, համարումին, գնահատանքին, խրախուսանքին ու հասկացողութեան շնորհիւ էր, որ իբր «Հրատարակթ. Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, թիւ 101» հատորը՝ տպագրուեցաւ «Բանասիրութեան ուղեւորը՝ Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963)» վերտառեալ ուսում­նասիրութիւնս (Անթիլիաս, 2020, 392 էջ):

Այս առաջին բաժինը կը փափաքիմ աւարտել այն առարկայական տեսութեամբ, զոր արտայայտեցի 6 Նոյեմբեր 2020 թուակիր գրութեանս մէջ՝  «Պրն. Ժիրայր»-ին գաղափարակից եւ աշխատակից պէյրութահայ հանրածանօթ գրագէտին մասին՝ ասոր վախճանումին առիթով: Որոշ փոփոխութիւններով՝ կը մէջբերեմ.«Ըստ իս, Ժ. Դանիէլեանի թաքուն բայց գործօն հեղի­նակութիւնը, եթէ կ’ուզէք, գրաւչութիւնը կը կայանայ իր ՀԱՄԱ-մարդկային, ՀԱՄԱ-ազգային, ՀԱՄԱ-սփիւռքեան, ՀԱՄԱ-խոհական ու ՀԱՄԱ-միասնական ըլլալուն մէջ»։

  Այս ուղիղ եզրայանգումիս խօսուն եւ համոզիչ փաստերը կը հայթայթեն մեզի Ժ. Դա­նիէլեանի կրթական, կազմակերպչական ու հասարակական գործունէութիւնը, ինչպէս ալ ելոյթ­ները, յօդուածներն ու խմբագրականները, որոնք զայն կը բնորոշեն իբր շատ խոհեմ, հանդուրժող եւ հաւասարակշիռ անձնաւորութիւնը:

Առաւել, յարանուանութիւններուն, հոսանքներուն եւ խմբակցութիւններուն հետ անոր հաստատած դրական յարաբերութիւնները, որոնք զայն ոչ միայն կը վաւերացնեն բոլորէն ճանչցուած ու յարգուած մարդը, հայը, գործիչը, այլ նաեւ զայն կը ներկայացնեն իբր յարակոչը ՀԱՄԱ-մարդկային սկզբունքներուն, ՀԱՄԱ-ազգային արժէքներուն, ՀԱՄԱ-սփիւռքեան հզօ­րացումին, ՀԱՄԱ-խոհական գործելակերպին ու ՀԱՄԱ-միասնական նպատականկրտումին»։

«Կեանքս կ’աւարտի Մխիթարեանով»:

Անցեալ տարի, 20 Յունիս-17 Յուլիս ամսաշրջանին գտնուեցայ Պոսթըն: Տրուպիս  համար մեծ երազանք էր այս պատեհ առիթը…: Չորս անգամ հանդիպեցանք իրարու: Ո՞վ կրնայ երեւակայել մեր ուրախութիւնն ու մեր յուզումը…: Առաւել, աննկարագրելի էր ներքին հրճուանքս, երբ «առողջ» տեսայ իմ երէց Բարեկամս: – Համակերպութեան օրինակ էր:

Կարօտցած էինք իրարու, եւ մեր կարօտին յորձանքին մէջ՝ բաժանումի երկու տարիներուն բացակայ խօսակցութիւնները վերսկսելու սիրակէզ պապակով համակուած էինք երկուքս: Նախ՝ յոյշեր ու յիշատակներ թարմացուցինք: Ապա, դէմքերու եւ դէպքերու մասին պատումը չէր ուզեր ընդհատուիլ՝ միշտ ճոխացած նորութիւններով ու ստէպ համեմուած թեթեւ երգիծային ակնարկներով, որոնց մէջ անգամ բարի եւ ազնիւ էր…: Նոյնն էր «Պրն. Ժիրայր»:

Մօտ երկուկէս ամսուայ բացակայութենէն ետք՝ Մեծաւորներուս խնդրանքով վերադարձայ Պոսթըն, ուր տեղապահական պաշտօնը վարեցի 30 Սեպտեմբեր-2 Նոյեմբեր ժամանակաշրջանին մէջ:

Հոկտեմբեր 2-ի կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն բացակայ էր «Պրն. Ժիրայր», նաեւ Տիկ. Զուարթ, որոնց դուստրէն՝ «Ս. Խաչ» Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան յարաշարժ ու ժիրաժիր ատենապետուհի Տիկ. Մարալ Տէր-Թորոսեանէն առի շատ տխուր լուրը քաղցկեղի հիւանդութեան մասին…:

Վշտաբեր անակնկալէն զարնուած՝ կարծեցի, որ սխալ լսեցի…: Կրկին հարցադրումիս ստացած պատասխանը հաստատեց ահաւոր եղելութիւնը: Յառաջացած էր մահատար խլիրդը. յոյս չկար. շաբաթներու հարց էր: Ինքզինքս զսպելով՝ ջանացի սփոփել խօսակիցս, որուն յայտնեցի բուռն փափաքս՝ օր առաջ այցելելու մեծ հիւանդին…:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4-ին, գացի իմ երէց Բարեկամիս, որ կ’ապրէր իր փեսային՝ Պրն. Վաչէ Տէր-Թորոսեանի տունը: Շատ ուրախացաւ եւ ուրախացայ: Սակայն, մեր ուրախութեան վրայ կախուած էր դաժան ուռուցքին «դամոկլեան սուրը»…:

Հիւանդութեան մասին ո՛չ մէկ բառ ելաւ մեր բերանէն: Գիտէր արագահաս գալիքը…: Վտիտցած էր մարմնով, բայց հոգիով՝ ո՛չ, եւ մտքով՝ երբե՛ք: Ընտանիքին պատմածն անձամբ հաստատեցի. ո՛չ մէկ տրտունջ կամ ո՛չ մէկ գանգատ լսուեցաւ իր յաւերժատար ուղին բռնած «Պրն. Ժիրայր»-էն…:

Ան նոյն անձն էր, որ, սովորականին պէս, սկսաւ իր բանիմաց ու անհատնում գիտելիք­ներով առլցուն պատմածները՝ բոլորիս ծանօթ ի՛ր երփնագեղ ոճով եւ ի՛ր հանդարտաբարոյ նկարագրին ուրոյն խօսելակերպով:

Մէկ կողմէ, կ’ըմբոշխնէի իր հիւանդութեան մէջ մեծութիւն դարձած Բարեկամիս ներկա­յութիւնը, ինչպէս նաեւ կը սքանչանայի անոր սուր արթնամտութեան ու յարանշէջ յիշողու­թեան վրայ, եւ, միւս կողմէ, ներքին վշտիս մէջ վիրաւոր, չէի ուզեր ընդունիլ անոր դալկահար կերպարանքին վրայ ուրուագծուած գալիքը…:

Ալ պէտք է վերադառնայի քահանայատուն: Ակամայ բաժնուեցայ՝ խոստանալով շուտով գալ վերատեսութեան: Պատասխանեց.«Անշո՛ւշտ, մէկ ամիս հոս ես: Շատ պիտի տեսնուինք»:

Սակայն, ո՛չ իմ խոստումս եւ ո՛չ անոր պատասխանն իրականացան: Լիբանանի մէջ իմ անգոսնած եւ ինծի համար անգուման ժահրը՝ «Գորոնա» հասաւ ետեւէս, Պոսթըն: Ստիպուե­ցայ 12 օր առանձնանալ քահանայատան մէջ:

Արագ ապաքինումէս ետք, իմ սիրավառ տենչիս ի հեճուկս՝ վարանեցայ երթալ կարօտցած իմ Բարեկամիս, որուն վիճակը վատթարանալու սկսած էր զգալիօրէն, եւ հիւանդանոց կը տարուէր…: Այսպէս, անտանելի տաս օրեր անցան: Մարալին ըսած էի, որ պէտք է հանդիպէի իր հօր, անպայմա՛ն: Ս. Խոստավանանքին ցկեանս նուիրական գաղտնապահութեամբ խօսե­լիք ունէի «Պրն. Ժիրայր»-ին հետ…: Հասկցաւ զիս՝ իմ հոգեփրկարար դիտաւորութեանս մէջ…:

Ի վերջոյ, հնարաւոր եղաւ, որ երթայի Հոկտեմբեր 27-ին: Երեկոյեան ժամը 5 էր: Կը սպասէր: Ժպտեցաւ: «Անցած ըլլայ», ըսաւ: Բագարատ եղբայրը եւ ընտանիքն եկած էին տեսութեան…: Քիչ անց, Տիկ. Զուարթ, որուն Մարալ պատմած էր կատարելիք առանձնախօսութեանս մասին, առաջարկեց, որ հիւանդն ու վարդապետը անցնին ուրիշ սենեակ:

Առաւօտեան Ս. Պատարագս մատուցած էի իմ մահամերձ Բարեկամիս համար: Աստուած Ս. Հոգին ի՛ր լոյսը շնորհելու էր վարդապետիս: Ս. Վարդարանով՝ խնդրած էի միջամտութիւնը հրաշագործ Մարիամ Սիրամօրս, որ արագահաս ու խնդրակատար Բարեխօսն է մարդերուն:

Ակնկալածէս շատ աւելի հեզասահ անցաւ մեր պարզագեղ ու սիրաջերմ երկխօսութիւնը. «Ասոր մասին ո՞վ պիտի գրէ…», հարցուց գրահաւատ մատենագէտը: – «Ես պիտի գրեմ», պատասխանեցի: Ուրախացաւ:

Հաւատքի եւ զղջումի վախճանախօսական սիրարարքը նկարագրելէս առաջ, հոս, կ’արժէ, որ միջանկեալ բանամ փակագիծ մը գրական աշխարհէն:

Անհատներու կեանքին, հոգեւորականներու առաքելագործութեան ու առաւել եւս մահամերձներու օրհասին մէջ միշտ չէ, որ կը դիպին «աստղաժամեր»…:

Stephan Zweig (1881-1942) նշանաւոր հեղինակն է «Die Sternstunden der Menscheit-Աստղաժամերը մարդկութեան» հատորին, որ կը բաղկանայ անհաւասար 14 գլուխներէ:

Երկրագունդին տարբեր վայրերուն մէջ ապրած-գործած անձեր ու տեղի ունեցած 14 իրադարձութիւններ են, որոնց մէջ, սակայն, աւստրիացի գրողը, ո՛չ պատմաքննական վերլու­ծումով, այլ՝ նորավիպային գերլարուած պատմուածքով, կը նկարահանէ կենսագրականօրէն գերադրուած այս կամ այն տուեալ անձնաւորութիւնն ու ասոր արարքները:

Այնպիսի ճակատագրայղի-վճռող ժամեր ու տրամադիկ-յուզիչ արարքներ, որոնց մէջ վաղանցուկ ժամանակը գերադասող որոշումը խտացուած է մէ՛կ թուականի, ժամի եւ ստէպ նոյնիսկ վայրկեանի մը մէջ, ցանցառ են թէ՛ անհատի կեանքին ու թէ՛ պատմութեան մէջ…: Անոնք  կը յորջորջուին «աստղաժամեր», «որովհետեւ անոնք լուսաւոր եւ անփոփոխ ինչպէս աստղեր՝ կը փայլեցնեն անցաւորութեան գիշերը»:

Ի՛ր մտքին ու նկարագրութեան չհամապատասխանեց բացարձակ անկրօնը՝ Stephan Zweig, որ իր կեանքին վերջին քսանհինգ տարիներուն մէջ կրած դժուարութիւններուն, վախերուն,  անհասկացողութիւններուն, ընտանեկան-ամուսնական վերիվայրումներուն, հոգեխօսական տագնապներուն եւ յոռետեսական ընկճուածութիւններուն պատճառով՝ փոխանակ կատա­րե­լու «Փախուստ անմահութեան մէջ» («Flucht in die Unsterblichkeit») եւ «Փախուստ դէպի Աս­տուած» («Die Flucht zu Gott»), ինչպէս վերնագրած է վերոյիշեալ երկին մէջ երկու գլխակար­գու­թիւններ, իր երիտասարդ կնոջ հետ փախուստ տուաւ կեանքէն՝ անձնասպանութեամբ…:

Ուրեմն, «աստղաժամը» այն ժամանակապատկան կէտը, րոպէն է, երբ կը պատահի շատ նշանակալից ու կարեւոր դէպք մը անհատին կեանքին մէջ, եւ այն՝ «աստղային» չափանիշով…:

Այսպէս հրաշագործուեցաւ «Պրն. Ժիրայր»-ին, որուն հետ խօսակցութիւնը շարունակեցի երկուքիս ժպիտով ու լոյսին մէջ: Ժպիտը եւ լոյսն առթեցին փոխադարձ սէրը, յարգանքն ու վստահութիւնը, բայց մանաւանդ երկնահուպ պահուն նուիրականութիւնը…:

Տակաւին երկխօսութեան մէջ էինք, ուստի, դեռ թոյլատրելի է պատմել, մանաւանդ, ի՛նքը խնդրեց նկարագրութիւնն այս հանդիպումին՝ լռելեայն հասկցնելու եւ լուսաւորելու համար իրեն նմանազգիներ, որպէս զի հետեւէին իր այս վերջին արարքին…:

Հարցուցի.«Ժիրայր, կը հաւատա՞ս Յիսուսին…»: «Վարդապետ, սկիզբը՝ ո՛չ: Հաւատքս աս­տի­ճանաբար, հանգրուան առ հանգրուան, սկսաւ գալ…»:

Անկեղծօրէն խոստովանիմ: Կը կռահէի, որ «Պրն. Ժիրայր», այս ազնիւ, բարի, օգնող ու քացրա­բարոյ անձնաւորութիւնը, «ստոյիկեան» էր՝ «հետեւող այն փիլիսոփայութեան, որուն համար գերագոյն բարիքը մտայինն է»: Կամ՝ գուցէ նաեւ ագնոստիկ ըլլալու էր, այսինքն՝ այն անհատը, որ չի հաւատար բացարձակ Աստուածային Գոյին, ինչպէս ալ համոզուած է, թէ ոչինչ ծանօթ է կամ կրնայ ծանօթ ըլլալ Աստուծոյ գոյութեան ու բնութեան մասին:

Շարունակելով իր պատասխանը՝ խօսակիցս պատմեց իր անցեալէն…: «Եղբայր, անցեալէն ի՛նչ կ’ուզենք…: Ներկային մէջ, հիմա, այս պահուն, դուն կը հաւատա՞ս Քրիստոսին…»: «Այո՛, կը հաւատամ»: «Կ’ընդունի՞ս Մարիամ Աստուածածինը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին Սիրապաշ­տածը…»: «Այո՛, կ’ընդունիմ»: «Սրտանց կը զղջա՞ս բոլոր մեղքերուդ եւ յանցանքներուդ վրայ…»: «Այո՛, կը զղջամ»:

«Ժիրայր, Եղբայր, հասաւ Ս. Խոստովանանքի պահը…»: «Բայց ծնրադրել չեմ կրնար…»: «Բնաւ հարց չէ: Նստած կը մնաս: Տէրը կը հասկնայ եւ այսպէս ալ կ’ընդունի քեզ»: Կատարեց իր կեանքին խոստովանանքը…: Աստուծոյ Անունով, Ս. Եկեղեցիին իշխանութեամբ ու քահանա­յութեանս իրաւասութեամբ՝ անոր տուի արձակումը իր զանցառումներուն…: Միասին ըրինք ապաշխարութեան աղօթքը:

«Ժիրայր, Եղբայր, միասին բերի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը: Հիմա պիտի հաղորդուիս»: Ս. Նշխարին տեսակին տակ՝ իր Փրկիչը ջերմեռանդ լրջութեամբ ընդունելէ յետոյ՝ մասնատփիկը դրի սրտագրպանիս մէջ: Պահիկ մը ամփոփ մնաց, ապա, խնդրեց մասնատփիկը, զոր զետեղեցի սեղանին վրայ: Քիչ մը ծռեցաւ եւ ձեռքն երկարելով՝ աջը դրաւ անոր վրայ, Աստուծոյ իր լուռ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար…:

Դեռ կարճ ժամանակ մը մնացինք առանձին: Աւարտին՝ ինծի նայեցաւ թէպէտ, սակայն եւ այնպէս, կարծէք, աչքերը սեւեռաբիբ կը յառէր գացածին ու գալիքին…: Մեղմ, բայց գոհունակ ձայ­նով ըսաւ.«Հ. Մեսրոպ, կեանքս սկսաւ Մխիթարեանով: Կեանքս կ’աւարտի Մխիթարեա­նով»:

Անցանք նստասենեակը: Հազիւ իր սովորական տեղը գրաւած՝ յարեց.«Վարդապետ, գո՞հ ես առաքելութեանդ արդիւնքէն…»: Ներքուստ լիովին յուզուած, բայց արտաքուստ ժպտուն՝ սպիտակ գլուխը առի բազուկներուս մէջ եւ ջերմօրէն համբուրեցի: «Շնորհակալ եմ», մրմնջեց: «Ե՛ս շնորհակալ եմ քեզի», պատասխանեցի:

Տարօրինա՜կ…: Մէկ կողմէ, ոչ ես կրնամ արտագրել իմ ցնծուն ներաշխարհս եւ ոչ մէկը կարող է նկարագրել իմ քահանայական բերկրանքս…: Միւս կողմէ, իրապէս այնքան յոգնած էի, համարեա ուժասպառ…:

«Ելլեմ, երթամ…»: «Ուր կ’երթաս, մնացի՛ր, ընթրենք միասին», ընդհատեց խօսքս «Պրն. Ժիրայր», իմ երէց եւ անմոռանալի Բարեկամս: «Շնորհակալ եմ, բայց պէտք է երթամ»: «Ինչպէս որ կ’ուզես»: – Տնեցիներն ալ ի զուր պնդեցին…:

Առանց հրաժեշտի եւ ձեռքսեղմումի, կամ՝ առանց համբոյրի ու գրկախառնումի՝ հեռացայ. ո՛չ՝ փախա՜յ տունէն…: Մեծ թոռը՝ շատ համակրելի, խելացի եւ հասուն Շանթ երիտասարդը զիս հասցուց ժողովրդապետարանը, որ շատ հեռու չէ սիրելի Տէր-Թորոսեան ընտանիքին բնակարանէն:

Յաջորդ օրը, առաւօտեան ժամը 8-ին, գոհունակ սրտով մատուցանեցի շնորհակալութեան Ս. Պատարագը մահամերձ «Պրն. Ժիրայր»-ին համար, որ համարեա մէկ ամիս ետք՝ Նոյեմբեր 22-ին բռնած է իր յաւերժերթը՝ «փախուստն» անմահութեան մէջ եւ կենսուղին դէպի Աս­տուած…:

Առաքելավայրիս մէջ առի սպասուած բօթը վախճանումին իմ երէց Բարեկամիս՝ մեծ Եղբօրս, որմէ փախած էի թէպէտ, բայց եւ այնպէս որուն ճշմարտապատում հաւաստիացումը յարահունչ յանկերգով կը շարունակէ արձագանգել իմ իմացական ներաշխարհիս մէջ.«Հ. Մեսրոպ, կեանքս սկսաւ Մխիթարեանով: Կեանքս կ’աւարտի Մխիթարեանով»:

Նոյեմբեր 27-ին, Կիրակի, երբ Տիեզերական Եկեղեցին կը կատարէ «տօն Թագաւորութեան Քրիստոսի», հոգեհանգստեան Ս. Պատարագը մատուցանեցի՝ հաւատացեալ ժամուորներուն իմացնելով «Ժիրայր Դանիէլեանի» մահը եւ անոնց հետ աղօթելով անոր բնակութեան համար՝ Տիրոջ Արքայութեան մէջ: 

Այնճար, 5 Յունուար 2023

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին