Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով գնահատելի համերգ մը տուաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ:
Համերգին ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հոծ բազմութիւն մը:

Յանուն փողերախումբի վարչութեան,Ծովակ Պաղտասարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Նուագախումբը կատարեց Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն պատշաճ աւելի քան 25 նուագներ, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով սրահին մէջ:
Իւրաքանչիւր կատարում, իր որակով եւ եղանակաւորումով կը գերազանցէր նախորդը: Մէկ խօսքով, փողերախումբը, իր փորձառու եւ նորեկ տարրերով յաջողած էր դուրս գալ նուագահանդէսի սահմաններէն: Սրահին մէջ կը տիրէր փառատօնի մթնոլորտ: Կատարողականութեան տեսակէտէն, վայելք էր ունկնդրել գործիքային մեկնաբանութեան ներդաշնակութիւնը: Ներկաները ծափերով կը քաջալերէին, յաճախ՝ ակամայ կ’ընկերակցէին ճաշակով ընտրուած կտորներուն:
Համերգը անկասկած վկայութիւն մըն էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբին բարձր կարողականութեան:

Հանդիսութեան աւարտին, նուագախումբի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գոզեան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավար Թոնի Տաուտին եւ ներկաներուն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկին յաջողութեան սատարող ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, փողերախումբին գործունէութիւնը քաջալերող անհատներուն եւ հաստատութիւններուն:Ան ի մասնաւորի գնահատեց նուագախումբի փոքրիկ անդամներուն կատարումը՝ մեր վաղուան խոստմնալից կատարողները: :
Գնահատանքի խօսք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի առաքելութեան, կը սատարեն անոր յաջողութեան:
Ներկաները լիացած բաւարարութեամբ մեկնեցան սրահէն, շնորհաւորելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբին խմբավարը, անդամ-անդամուհիները, փողերախումբի վարչութեան ժրաջան անդամները: