Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Հարցումներ Որոնց Հասցէատէրը Կը Փնտռուի

Արցախահայութիւնը կը մնայ պաշարուած, մինչ մեր ազգին ստուար մէկ մասը նստելով Բերձորի միջանցքի փակուելու պահէն անցած օրերուն թիւը կը հաշուէ: Քիչ չէ թիւը նաեւ ամպագոռգոռ կամ սրտաճմլիկ գրառումներ ընողներուն ու անոնց տակ բարկացկոտ կամ լացակումած իմոճիներ դնողներուն:

Ի տես այս անհաւատալի իրավիճակին, որ կը դրսեւորուի հաւաքական զարմանալի անկարութեան երեւոյթով, կարգ մը համախոհ գործընկերներու հետ փոխանակուած միտքերու հետեւանքով, թէ գրութիւնները կարդալով շատ մը հարցումներու կը յանգիմ ու կը հանդիպիմ, որոնց հասցէատէրը կը փնտռուի, որ չկայ. կա՞յ…

Բերձորի միջանցքին փակ վիճակին, արագ եւ գուցէ մակերեսային վերլուծումով մը, կը տեսնեմ, որ մի քանի տասնեակ սրիկաներ ճանապարհ մը փակած կը մնան, աշխարհագրականօրէն  բաժնելով 120 հազար մարդ գոնէ 2,5 միլիոն հաշուող իրենց ազգակիցներէն… եւ այս երկու համեմատաբար հսկայաթիւ զանգուածներուն միջեւ տակաւին չեն յառաջանար քաջասիրտ խումբեր, որոնք երկու կողմէն հասնելով փակուած անցքը, ամէն գնով փորձեն ցրուել սրիկաներու վոհմակը: Հասկնալով հանդերձ նման արմատական գործողութեան մը ահաւոր պատասխանատուութիւնն ու արիւնալի հետեւանքները, որ ամէն պարագայի աշխարհի աչքերուն սեւեռացման կիզակէտը կրնայ հանդիսանալ, կը մտածեմ, որ պաղեստինցի երեխաներուն չա՞փ ալ չկանք, որոնք իրենց ձեռքին խճաքարով մը, կանգնած են իսրայէլեան մահուան ահաւոր զրահամեքենաներուն դիմաց ու կը ազգովին կը պայքարին յանուն իրենց հողին ու դատին: Քիւրտ ցեղախումբերու իգական սեռի մարտիկներուն  չա՞փ ալ չկանք, որոնց մայրական բնազդը թերեւս մղած է ասպարէզ կարդալու ՆԱԹՕի երկրորդ բանակը հանդիսացող թրքական պատերազմական ահազդու կարողութիւններուն, ափ մը հող ապահովելու իրենց ներկայ ու ապագայ զաւակներուն կամ թիկունքին կանգնելու իրենց մարտական եղբայրներուն ու հարազատներուն…:

Կ՛ուզեմ ազգակիցներուս բոլորին հարցնել, որ մենք առ այսօր, ի՞նչ լուրջ ու գործնական բան ըրինք Բերձորի ճանապարհը կերպով մը բանալու մէջ անձնապէս մասնակցութիւն ունենալու, ի՞նչ քայլեր որդեգրեցինք: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մակարդակով ի՞նչ բանակցութիւնները վարեցինք: Ո՞վ կամ որո՞նք են բանակցողները: Թէական բանակցութեանց ընթացքին, ի՞նչ հարցեր կը քննարկուին: Ազրպէյճանի պահանջները ի՞նչ են: Փոխարէնը մենք ի՞նչ պահանջներ կամ առաջարկներ առաջ կը քաշենք: Արդեօ՞ք գիտենք, թէ յանուն ինչի՞ կը պայքարինք կամ կը դիմանանք: Չէ՞, որ Բերձորը յանձնելով կար այլընտրանքային ճանապարհ: Լա՛ւ, մէկը կրնա՞յ բացատրութիւն մը տալ, որ այդ ճանապարհին քանի մը քիլոմեթրը ի՞նչ կը սպասենք կառուցելու եւ աւարտելու:

Իսկ եթէ հակառակ այն փաստին, որ շուտով պիտի բոլորենք շրջափակման մէկ ամիսը, ճամբան բանալու համար բանակցութիւններ չկան, ապա ինչպէ՞ս հասկնանք, թէ ինչն է խոչընդոտը: Արդէն շուրջ մէկ ամիս անց, դէպի ո՞ւր կ՛երթանք: Ի՞նչն է մեր անտարբերութեան պատճառը: Ի՞նչ է մեր վերջնանպատակը: «Յաղթելու ենք» լոզունգին հեղինակները, ե՞րբ վերջապէս մեր ժողովուրդին հետ անկեղծ պիտի խօսին:

Վերջապէս, ո՞վ է այս բոլոր հարցերուն հասցէատէրը:

Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի մէջ խոզի պուտով, թէ չիքէօֆթէներով ճոխացած սեղաններով կաղանդ տօնող, կամ Երեւանի շողշողուն Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրավառութիւններով զուարճացող, մեր իսկական իրավիճակին հանդէպ զարմանալիօրէն անտարբեր մեր բազմահազար ազգակիցները, արդեօ՞ք մեր ազգին ու Հայրենիքին ապագային մասին լաւ բան մը գիտեն, որ գոնէ ես չեմ գիտեր: Լաւ չի՞ ըլլար, որ մեզի ալ իմացնեն, որ մենք ալ հանգստանանք:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին