Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Արցախը Յաւերժ Է Իր Զաւակներով

Ամանորը դիմաւորել՝ յիշելով Հայրենիքի համար ամենաթանկը զոհած քաջորդիներուն, նուազագոյն բանն է, որ կարելի է ընել մնացողներուս համար: Այս պատճառով է, որ կ՛ուզեմ Նոր տարուայ ԶԱՐԹՕՆՔի թիւին մեր առաջին սիւնակը նուիրել Արցախին, անոր սիրոյն ինկածներուն ու այնտեղ տակաւին տոկացող հայորդիներուն:

…2018 թուականի Յուլիսին էր, երբ հերթական այցելութեամբ մը շարք մը աշխատակիցներու եւ գործընկերներու հետ գտնուեցայ Արցախի մարտական առաջնագիծեր, ականատես դառնալու հայոց բանակի դիրքերուն իրավիճակին եւ հաղորդակից ըլլալու համար սահմանապահ հայ զինուորին հետ:

Ընտրած էինք Մարտունիի «Մոնթէ Մելքոնեան»ի անուան զօրամասը, ուր ծանօթացած էի զօրամասի գնդապետին՝ Գեղամ Գաբրիէլեանին, որ իր պաշտօնին պահանջած լրջութեան զուգահեռ, առանցին մեր զրոյցներուն ընթացքին կենսուրախ եւ «համով-հոտով» հիւմըր ունեցող, 40ը նոր թեւակոխած, միջահասակ ու ամրակազմ երիտասարդ մըն էր: Իր կարգադրութեամբ, Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած զինուորական ինքնաշարժով պիտի ուղղուէինք առաջնագիծ:

Առաւօտ շուտ էր, նստած էի վարորդին կողքին, որ արցախցի շարքային երիտասարդ զինուոր մըն էր, ժպտերես ու պատրաստակամ: Ճանապարհը դէպի առաջնագիծի խրամատներ՝ երկար էր ու դժուարանցելի: Ճամբուն ընթացքին կը խօսէի իր հետ հարցեր տալով զինուորի կեանքին, իր ընտանիքին ու Արցախին մասին: Ստեղծուած մտերմութիւնը եւ իր անմիջականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ զինուորին համար անարդար կեանքի պայմաններ գոյութիւն ունենալու թեմայով տարածուած լուրերը ստուգելու միտքը, ինծի խրախուսեցին, ոչ այնքան փափկանկատ հետեւեալ հարցումը ուղղել իրեն. «Որքա՞ն աշխատավարձ կը ստանաս այս դժուարին առաքելութեանդ համար»: Արցախցի երիտասարդ զինուորը ինծի դառնալով, աչքերը աչքերուս սեւեռած, խրոխտ ձայնով մը պատասխանեց. «Այնքան, որքան բաւարար է ինծի, ընտանիքս համեստ, սակայն արժանապատուութեամբ ապրեցնելու համար»…: Միայն արցախցի արժանապատիւ զինուորն էր, որ կրնար նման պատասխան մը տալ: Այսօր չեմ գիտեր այդ հոգեհարազատ զինուորը ուր է, սակայն ո՛ւր, որ ալ ըլլայ ան, այս երկինքին տակ, թէ անկէ վեր, պիտի ուզէի, որ ինքը իմանայ, որ ես հպարտ եմ իրմով ու իր նմաններով:

Ինչ կը վերաբերի զօրամասի գնդապետին, իրեն հետ ծանօթանալէս երկու տարի անց, Արցախի 44օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն էր, երբ լսեցի իր նահատակութեան լուրը: Այս լուրը ինչպէս նաեւ զաւակիս տարիքէն նուազ տարիքը ունեցող քաջերու նահատակութեան մասին, լուրերէն տրուած երկար ցանկերն էին, որ Պէյրութի մէջ ինծի օրերով անքուն պահեցին: Կերպով մը յանցաւոր կը զգայի, չեմ գիտեր որ մեղքիս համար: Երկար չդիմացայ, լիբանանցի գործընկերներու այլ խումբով մը, մեր գլխուն վրայ մեզի քայլ առ քայլ հետապնդող ազերիական տրոններուն «հովանիին» տակ դարձեալ մեկնեցայ Արցախ: Այս մասին ալ, արդէն տարիներու հեռաւորութեամբ, դարձեալ առիթը կ՛ըլլայ գրելու:

…Գնդապետ Գեղամ Գաբրիէլեանին, անցեալ Նոր տարուայ արեւածագին էր, երբ «գտայ» Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ, ուր յաւերժի ճամբորդ քաջ հայորդին, արդէն հանգիստ, կը ննջէր…: Բիւր յարգանք, խունկ ու ծաղիկ իր եւ Հայրենիքի պաշտպան իր եղբայրակիցներուն անթառամ յիշատակին:

Արցախ աշխարհը յաւերժ է շրջապատումի դաժան պայմաններուն մէջ իսկ ապրող ու արարող կամ նահատակի պսակը կրող իր զաւակներով: Բոլորս մեծապէս պարտական ենք իրենց: Առանց իրենց ու մեր սահմանները ամուր պահող Հայոց բանակի քաջարի զինուորներուն զոհաբերութեան, չկայ, ո՛չ Արցախ, ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Սփիւռք, ո՛չ ազգային հպարտութիւն, ո՛չ ալ հանրապետութիւն կամ անկախութիւն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին