Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Վահան Թէքէեան Պատգամախօսը

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը կ՛ողջունէ Վահան Թէքէեանի եգիպտահայ «Արեւ» օրաթերթին մէջ ստորագրած շուրջ 420 պատգամ-խմբագրականներու մէկտեղեալ հրատարակումը:

Հայ Բանաստեղծութեան Իշխանը իր այս խմբագրականներուն ընդմէջէն նոր լուսապսակով մը կը ներկայանայ մեզի, ան խօսքի ու մտքի, հայկական շահերու, ազգային բարօրութեան, հայ ժողովուրդի պայծառացման, անոր այսօրուան ու վաղուան յանձնառու առաքելութեամբ կը բանաձեւէ հանրութեան ուղղած իր պատասխանատու խօսքը:

Վահան Թէքէեանի խմբագրականներու այս ժողովածուն ուսանելի մեծ ատաղձ, խորհուրդ եւ իմաստութիւն կը պարունակէ` բոլոր անոնց համար, որոնք կը յաւակնին հայ ժողովուրդը առաջնորդելու մէջ դեր ունենալ:

Հիմնադիրներու մարմինս շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայ քաղաքական մտքի փայլուն դրսեւորում հանդիսացող մեծարժէք այս աշխատանքը նախաձեռնող Պետրոս Թորոսեանին եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին:

Մարմինս նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ այս հատորը խթանող քայլ մը կ՛ըլլայ մեծ խորհողին, ամբողջ կեանք մը անձնդիր կերպով ազգին համար խրամատած Վահան Թէքէեանի ամբողջական հրապարակագրութեան մէկտեղումին, ուսումնասիրման եւ ուսումնառութեան:

Ի դիմաց Թէքեան Մշակութային Միութեան

Հիմնադիրներու Մարմնի`

Ատենադպիր                                                                 Ատենապետ

Անի Լաչինեան-Մակարեան                                   Յակոբ Գասարճեան

Պէյրութ, 11 Դեկտեմբեր 2022

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին