Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Քաղաքականացած Դատական եւ Իրաւապահ Համակարգի Նոր «Իրագործում»ը

Լիբանանեան լրատուական դաշտի թեժ լուրերէն էր երէկ լիբանանցի յայտնի դերասանուհի Սթեֆանի Սալիպայի իր Պէյրութ վերադարձի պահուն ձերբակալումը Պէյրութի Միջազգային օդակայանին մէջ։ Lրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Սթեֆանին ձերբակալուած է «դրամալուացման» հարցերով եւ ան  իրաւապահ մարմիններուն ձեռամբ պիտի յանձնուի «դրամական ոճիրներու եւ դրամալուացման» յատուկ մարմնին։

Նոյն աղբիւրները զարմանք կը յայտնեն եղածին վերաբերեալ, նշելով, որ այս խնդրին մէջ իրաւապահ մարմիններ իրենց այս գործելաոճով ձեռնամուխ կ՚ըլլան դատական մարմիններու աշխատանքներուն մէջ։

Իսկ աւելի ուշ այլ աղբիւրներ անստոյգ լուր մը հրապարակեցին յայտնելով, որ անոր դատը պիտի տեսնէ երկրի նախկին նախագահ զօր. Միշէլ Աունին մօտ անձ համարուող դատախազ Ղատա Աունը։ 

«Արեւելք» իր կարգին լուրը կը մեկնաբանէ յայտնելով, որ բացայայտ է, թէ  Սթեֆանի Սալիպայի ձերբակալումը ունի քաղաքական ենթաթեքստ եւ այս փուլին նման քայլի մը երթալը կը նշանակէ կրկին անգամ թիրախ դարձնել երկրի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէն։

Յառաջիկայ օրերուն ակնկալելի է նոր զարգացումներ այս ձերբակալումին վերաբերեալ երկրի մը մէջ, որ բարդ իրավիճակ կ՛ապրի թէ տնտեսական եւ թէ քաղաքական իմաստով:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին