Երեքշաբթի, 16. 04. 2024

spot_img

Մահազդ – Հայրենիքին Մէջ Իր Մահկանացուն Կնքեց ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Երկարամեայ Աշխատակից Ընկ. Զոհրապ Տէօքմէճեանը

Տիկին Պերթա Տէօքմէճեան եւ դստերք՝ Լիւսի եւ Սարին (Հայաստան)

Տէր եւ տիկին Պարգեւ եւ Պերճուհի Տէօքմէճեան (Գանատա)

Տիկին Մարի Տաղլեան եւ դուստրը (Լիբանան)

Տիկին Զարուկ Տաղլեան եւ զաւակունք (Լիբանան)

Տէօքմէճեան եւ Ինճէեան ընտանիքներ

Տիւյմէլեան եւ Չափրազեան ընտանիքներ

Պոտրումեան, Սիսլեան եւ Տաղլեան ընտանիքներ

եւ համայն Տէօքմէճեան, Տաղլեան, Ինճէեան, Տիւյմէլեան, Չափրազեան, Ճենանեան, Պոտրումեան, Սիսլեան, Փափիրեան ընտանիքներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝

ԶՈՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆի

(Ծնեալ՝ Հալէպ, 1947-ին)

մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին, Երեւան:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր, ժամը 13:00-ին, Մալաթիայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Նորք Մարաշի գերեզմանատունը:   

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նոյն օր ժամը 17:00-19:00, հանգուցեալին բնակարանը, հասցէ՝ Երուանդ Քոչար 15:

***

Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ մեր թերթին երկարամեայ, հաւատաւոր աշխատկից՝ նորոգ հանգուցեալ ընկ. Զոհրապին կողակիցին՝ իր կարգին դարձեալ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին նուիրեալ ընկ.հի Պերթային, ինչպէս նաեւ դուստրերուն՝ Լիւսիին եւ Սարինին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին