Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ, հանդիսաւոր իրադրութեան մէջ, Գանատայի կառավարիչ Ն.Վ. Մերի Սիմոն, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին շնորհեց Գանատայի Order of Canada բարձրագոյն շքանշանը: Սոյն շքանշանին շնորհումը բնութագրուած է կառավարիչի հետեւեալ գնահատականին մէջ որ կ՚արձանագրէ.-
«Յիսուն տարիներու ընթացքին գիտնական, հասարակական գործիչ եւ ղեկավար Արշաւիր Կէօնճեան խարսխած է հիմնաքարերը որոնց վրայ կը բարձրանայ գանատահայ գաղութի կառոյցը: Իր անդուլ ջանքերով սատարած է նոր գաղթականները համալրուելու` Քեպէքի հասարակութեան մէջ, շարունակելով դիեցնել իրենց եզակի մշակոյթը: Ան գլխաւորած է շարժումը հիմնադրելու Ալեք Մանուկեան վարժարանը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմը Գանատայի մէջ: Իբրեւ յանձնառուն ծառայելու համաշխարհային հայ հա մայնքներու` ան ծառայած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան իբրեւ փոխնախագահ, ամբողջ տասնամեակ մը»:
Այսպիսով Դոկտ. Կէօնճեան կը հանդիսանայ գանատահայ գաղութի հիմնադիր ռահվիրայ մը:
Այս առիթով, ի սրտէ եւ երախտագիտական զգացումներով կը շնորհաւորենք մեր ղեկավար ընկերը, մաղթելով որ երկար տարիներ շարունակէ վայելել արդարօրէն վաստակուած պետական պատիւին շնորհները: