Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Գանատայի Քաղաքացիական Բարձրագոյն Շքանշանի Տուչութիւն Գիտնական, Սփիւռքահայ Հասարակական Գործիչ, Գանատահայ Ղեկավար Ընկ. Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ, հանդիսաւոր իրադրութեան մէջ, Գանատայի կառավարիչ Ն.Վ. Մերի Սիմոն, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին շնորհեց Գանատայի Order of Canada բարձրագոյն շքանշանը: Սոյն շքանշանին շնորհումը բնութագրուած է կառավարիչի հետեւեալ գնահատականին մէջ որ կ՚արձանագրէ.-

«Յիսուն տարիներու ընթացքին գիտնական, հասարակական գործիչ եւ ղեկավար Արշաւիր Կէօնճեան խարսխած է հիմնաքարերը որոնց վրայ կը բարձրանայ գանատահայ գաղութի կառոյցը: Իր անդուլ ջանքերով սատարած է նոր գաղթականները համալրուելու` Քեպէքի հասարակութեան մէջ, շարունակելով դիեցնել իրենց եզակի մշակոյթը: Ան գլխաւորած է շարժումը հիմնադրելու Ալեք Մանուկեան վարժարանը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմը Գանատայի մէջ: Իբրեւ յանձնառուն ծառայելու համաշխարհային հայ հա մայնքներու` ան ծառայած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան իբրեւ փոխնախագահ, ամբողջ տասնամեակ մը»:

Այսպիսով Դոկտ. Կէօնճեան կը հանդիսանայ գանատահայ գաղութի հիմնադիր ռահվիրայ մը:

Այս առիթով, ի սրտէ եւ երախտագիտական զգացումներով կը շնորհաւորենք մեր ղեկավար ընկերը, մաղթելով որ երկար տարիներ շարունակէ վայելել արդարօրէն վաստակուած պետական պատիւին շնորհները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին