Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Էլիա Քազան

Էլիա Քազան (անգլերէն՝ Elia Kazan, իսկական անուն մականունը՝ Էլիաս Քազանճիօղլու,  7 Սեպտեմբեր 1909, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – 28 Սեպտեմբեր 2003 ԱՄՆ, թատրոնի եւ շարժապատկերի արմատներով յոյն ամերիկացի բեմավար, թատերագիր եւ արտադրող։ Օսքարի եռակի եւ Ոսկեայ Կլոպուս քառակի դափնեկիր։

Էլիա Քազանը ծնած է 1909-ին Պոլսոյ մէջ յոյն առեւտրականներու ընտանիքի մէջ։ 1913-ին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած Նիւ Եորքի մէջ, ուր անոր հայրը կը զբաղէր գորգերու վաճառքով։ Մասաչուսէթսի քոլէճներէն մէկը աւարտելէ ետք կ’ընդունուի Եէլսքի համալսարանի թատերական արուեստի բաժանմունքը։

1930 ականներուն արդէն կը սկսի աշխատիլ Նիւ Եորքի թատերախումբերէն մէկուն մէջ, իբրեւ բեմավար։ 1934-էն սկսեալ շուրջ 2 տարի Էլիա Քազան ԱՄՆ-ի համայնավար կուսակցութեան գաղտնի անդամ էր:

Արդէն 1940-ի սկիզբէն Քազան կը համարուէր Նիւ Եորքի ամէնէն յայտնի թատերական բեմավարներէն մէկը։ Ան նաեւ կը խաղար թատրոնի մէջ («Սպիտակ Խալաթներով Մարդիկ», «Լեֆտին Սպասելով», «Ճոնի Ճոնսոն», «Ոսկէ Տղան», «Լիլոիմ» եւ այլն)։ Ստացած է թատրոնի հեղինակաւոր Թոնի մրցանակ։

1940-ականներուն վերջաւորութենէն Քազան կը սկսի նկարահանել նաեւ ֆիլմեր, սկիզբը քանի մը կարճ վաւերագրական ֆիլմեր, ապա նաեւ լման գեղարուեստական ֆիլմ։ Անոր արդէն առաջին մեծ աշխատանքներէն մէկը՝ 1947-ին նկարահանուած «Ջենտլմենական Համաձայնութիւն» ֆիլմը մեծ յաջողութիւն կ’ունենայ արժանանալով 3 Օսքարի, որոնց մէջ նաեւ Քազան կը ստանայ իր առաջին Օսքարը լաւագոյն բեմավար անուանակարգին մէջ։ Մէկ Օսքար եւս ան կը ստանայ 1954-ին նկարահանուած «Նաւահանգիստին Մէջ» ֆիլմին համար (ֆիլմը կ’արժանանայ 8 Օսքարի, ինչպէս Օսքար Լաւագոյն Ֆիլմի Համար)։ Միւս նշանաւոր շարժապատկերի աշխատանքերն են «Ցանկութիւն» տրամվայը, «Դրախտէն Արեւելք»-ը, «Վայրի Գետը», «Տիկնիկ»-ը, «Ամերիկա, Ամերիկա»-ն եւ այլն։ Անոր վերջին աշխատանքը շարժապատկերի մէջ դարձաւ 1976-ին նկարահանուած «Վերջին Մագնատը» թատերգութիւնը՝ հոլիուտեան շարք մը յայտնի դերասաններու մասնակցութեամբ։

Էլիա Քազան մասամբ վատ համբաւ ձեռք բերաւ 1952-ին՝ յետաքննութեան յատուկ մարմիններու յայտնելով իր համայնավար գաղափարակից ընկերներու մասին տեղեկութիւններ: Յետաքննութեան պատճառով անոր գաղափարակից դերասաններէն 8 հոգի յայտնուեցան, հոլիուդեան սեւ ցուցակին մէջ եւ անոնց ասպարէզը աւարտեցաւ։ Այդ արարքը շատ շարժապատկերի գործիչներ չներեցին, մասնաւորապրս 1999-ին, երբ անոր կը յանձնուէր պատուաւոր Օսքար շարժապատկերի մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար, ներկաներէն մէկ քանին (Նիք Նոլթի, Էտ Հարիս) հրաժարեցան ծափահարել անոր, իսկ ոմանք ալ (Սթիւըն Սփիլպըրկ, Ճիմ Քերրի) կը ծափահարէին նստած տեղէն: Իսկ ֆրանսացի դերասան Ժիւլ Տասսենը առարկութեամբ հանդէս եկաւ անոր պատուաւոր Օսքար յանձնելու համար, որ նոյնպես յայտնուած էր այդ սեւ ցուցակին մէջ։

Էլիա Քազան երեք անգամ ամուսնացած է: Մահացած է 2003-ին Նիւ Եորքի մէջ 94 տարեկանին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին