Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Բարեգործական Միջոցառում՝ Մէ՛կ Սիրտ Արցախի Համար

Առաջին անգամ չէ, որ կ’անդրադառնանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուի­զիա­նա նահանգի մայրաքաղաք Պաթոն Ռուժի հայկական համայնքին։ Հայ հասարակութիւնը քաջատեղեակ է հայաշունչ այս փոքր ածուի հայրենանպաստ գործունէութեան։ Արդարեւ, Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022 թուականին, արդէն առաւօտեան ժամերուն, տեղւոյն հա­մայնքի անդամները` յարակից հայաբնակ շրջան­ներէն մինչեւ Նիւ Օրլինզ քաղաքէն, կը փու­­թային Պաթոն Ռուժի Հայ Առաքելական Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահը՝ բերելու հա­մար իրենց ջերմ մասնակցութիւնը հայանպաստ ճաշկերոյթի մը։ Անոնք ծխական խոր­հուր­դին կողմէ ստացեր էին ընդամէնը կարճաժամկէտ հրաւէր մը, որ կը կրէր «Բարե­գոր­ծական միջոցառում՝ մէ՛կ սիրտ Արցախի համար» կարգախօսը։ Ընդունելով հրաւէրը՝ համայնքի անդամներէն շատեր իսկոյն գրաւոր պատգամներ հաղորդելով յայտներ էին Ծխական Խորհուրդի անդամներուն իրենց մասնակցութեան մասին՝ յայտարարելով, որ ձեռնարկը իմաստալից եւ նպատակային ծրագիր մըն է, ուստի իւրաքանչիւր հայու սեպուհ պարտա­կա­նութիւնն է զօրակցիլ անոր արդիւնաւէտ իրականացումին։

Ի դէպ պէտք է ըսել, որ այս փոքրիկ եւ կենսունակ համայնքին անդուլ ջանքերով էր, որ 30 Մայիս 2013 թուականին Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտը բանաձեւ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան վերաբեր­եալ։ Իսկ աւելի շուտ՝ 2004 թուականին, հակառակ թուրք դիւանագէտներու ձախողեցման ապարդիւն փորձերուն, Լուիզիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցած էր Հայոց Ցեղաս­պանութեան պատմական իրողութիւնը՝ իբրեւ ոճիր մը մարդկութեան դէմ։

Ճաշկերոյթին ընթացքին Ծխական Խորհուրդին անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համայնքին ատենապետը՝ Տիար Վազգէն Գալթաքճեանը, ապա դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մա­նուկ­­եանը, որ հիւրաբար հոն կը գտնուէր, կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան ան­հրա­ժեշտութեան, Հայաստանի ներքաղաքական անբարենպաստ վիճակի, լարուած ներ­հակու­թիւններու հաշտեցման ու ներքին խռովութիւններու դադրեցման մասին՝ համազ­գային ջանքերով յաղթահարել կարենալու համար հայրենիքի ու Արցախի մէջ ծառացած ներկայ ժամանակներու ծանրագոյն մարտահրաւէրները։ Հարկ է վկայել, որ միջո­ցառու­մին գա­գաթնակէտը հանդիսացաւ հեռավար կապի ստեղծումը ուղ­ղակի Արցախի թեմի փոխառաջնորդ եւ Գանձասարի վանքի վանահայր  Տ. Սահակ վրդ. Շաքարեանին եւ Երե­ւանի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս  դոկտ. Հ. Գարեգին Յարութիւնեանին հետ, որոնք ելոյթ ունենա­լով՝ ներկաներուն տեղե­կա­ցուցին հայրենիքի մէջ տիրող կացութեան, բարեգործական ծրա­գրերու իրականացման անհրա­ժեշտութեան, պատերազմին զոհուած անմահանուն հերոսներուն եւ թշնամիին դէմ պայքարելու հայոց բանակի անկոտրում կամքին մասին։

Մթնոլորտը խանդավառ էր, իսկ հայանպաստ նուիրատուութիւնները՝ սրտաբուխ։ Մաս­նակցողները ոչ միայն իրենց ընտանիքին անունով, այլեւ անձնապէս նիւթական յաւել­եալ նուէրներով առաւել եւս իշխանական դարձուցին արդիւնքը։ Յուզիչ էր յատկապէս, երբ հայ երիտասարդներու ընկերակցութեամբ ամերիկացի ուսանողներ ալ իրենց այնքան սահ­մա­նափակ միջոցներէն չզլացան յանուն Արցախի բերելու իրենց նիւթական զօրակցու­թիւնը։

Ճաշկերոյթի օրուան ամբողջ հասոյթը, ինչպէս նաեւ յաւելեալ նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին Գանձասարի վանքի բարեզարդութեան, վերանորոգումներուն եւ յարակից շինարարական ծրագրերու իրականցման։

Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Պաթոն Ռուժ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին