Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Մշակութային Արձագանգ

Փրոֆ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Ստորեւ յօդուածը ամբողջութեամբ լոյս տեսած է ընթացիկ տարուան Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ՝ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի (ԶԱՐԹՕՆՔ 5 Յուլիս 2022),  https://zartonkdaily.net/2022/07/06/apagayatesil-spiwrky/ 

Դ Սփիւռքի գիտահետազօտական հայկական ենթակառոյցները

21-րդ դարու համաշխարհային եղելութիւնները, համամարդկային զարգացման իրողութիւնները՝ գիտական, արհեստագիտական եւ հասարակական առաջընթացներու լոյսին տակ, հայկական Սփիւռքի հրատապ մարտահրաւէրները՝ Սփիւռքի գոյաւորումը, կայունութիւնը, սերնդափոխութիւնը ու մանաւանդ շարունակականութիւնը (Sustainability) կը դարձնեն վիճարկելի, եթէ հիմնաւորուած եւ զուգորդուած չըլլան գիտական ենթակառոյցներով։

  • Ակներեւ իրականութիւն է, որ հայ Սփիւռքը միայն սովորական թիւ չէ, եկեղեցիներու, դպրոցներու կամ ազգապատկան հաստատութիւններու ցանց  չէ,  բայց այսօր պէտք է պեղել թիւերու լեզուն, վերլուծել եւ տարբաղադրել  հայ  Սփիւռքի  բաղադրիչներու թիւերու խորքը, անոնց ներուժի կառոյցը, հեռանկարները:
  • Թիւերու լեզուն չի հպատակիր զգացումներու, նախասիրութիւններու եւ մանաւանդ բարձրագոչ  մեր ազգային  լոզունքներուն, որոնք  ընդհանրապէս  խափուսիկ  են,  ճապաղ ազգայնական եւ հրապարակային  աղմկարար  ճառեր  են, մէկ  խօսքով  ապաշնորհ  քարոզչութիւններ  եւ  ընդհանրապէս` խօսոյթ  են,  որոնց  դիմաց  նոր  սերունդի  խորտակիչ մասը անդրդուելի է, ականջները խուլ կը ձեւացնէ։
  • Գի­տա­կան եւ մա­նա­ւանդ թի­ւե­րու տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ, վի­ճե­լի չէ, տի­նա­միք եւ փո­փո­խա­կան է, թի­ւե­րէն մեկ­նե­լով կա­րե­լի է լու­ծում­նե­րու նա­խա­բան մը դիտար­կել, տո­ւեալ­նե­րու հիմք մը ու­նե­նալ, ել­քի մը ա­ռա­ջին  հանգ­րո­ւա­նին  հաս­նիլ,  ուս­տի  ծրագ­րե­լու են­թա­հող ու­նե­նալ, տո­ւեալ պայ­ման­նե­րուն մէջ ըստ կա­րել­ւոյն ճիշդ կողմնորոշուելու եւ օգ­տա­բեր քայ­լեր ձեռ­նար­կե­լու:
  • Ս­փիւռ­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ծանր ազ­դած են եւ կ­’ազ­դեն հայ մար­դուն վրայ, ո­րով մեր վեր­լու­ծում­նե­րու մօ­տե­ցու­մը, քննա­կան դա­տո­ղու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս ե­ղած է մա­կե­րե­սա­յին տե­սա­բա­նու­թեամբ, յուզական եւ ընդհանրապէս զգա­ցա­կան մօ­տե­ցու­մով, հեռու տրամաբանական ըմբռնումէն։
  • Ազգային շահերու հանդէպ թուլակամ է մեր մօտ բաղդատական եւ հեռատես դատողութիւնը, չըսելու համար անգոյ է իմացական եւ քննական մտածողութիւնը, գիտական գործելաոճի չափորոշիչները, գիտական քննադատական խոհականութիւնը՝ հիմնականօրէն պէտք է օգտագործել գիտութեան, արհեստագիտութեան, ուսողութեան ոլորտներու ենթակառուցուածքները միաժամանակ այդ գիտական ենթակառոյցին կապերու տարրալուծումը հայկական լինելութեան եւ անոր շաղկապումը հայ ինքնութեան հետ, որպէս գործնական գործընթացի բաղկացուցիչ եւ բաղադրիչ հիմնական մասնիկներ։ Արժէ յիշեցնել, որ Սփիւռքի մեր լինելութեան գլխաւոր նժարներէն մէկը մեր գիտական մկաններու կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ պէտք է սահմանուին։
  • Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսած Սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանի «Հայկական Սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքին մէջ կեդրոնանալով Սփիւռքի դրական կարողականութեան վրայ կը յիշէ՝ «Այսօր աշխարհի հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ հայ Սփիւռքէն ներս կան գործող 107 հայագիտական կեդրոններ, կան նաեւ 637 մշակութային կեդրոններ, 30 թանգարաններ, գրադարաններ, արխիւներ, կը գործեն հայկական 727 եկեղեցիներ, մատուռներ եւ վանքեր։ Սփիւռքի մէջ ներկայութիւն են 30 հազարէ աւելի հայկական կազմակերպութիւններ, շուրջ 300 լրատուամիջոցներ եւ եկեղեցական հզօր ցանց»։ Բայց նոյն հեղինակը չի յիշեր, որ վերջին 50 տարուայ մէջ Սփիւռքի մէջ փակած ենք աւելի քան 231 դպրոց, եւ նման ուրիշ ոչ խրախուսիչ թիւեր։ Հեղինակին նշած թիւերը հպարտութեան եւ պատուի զգացում կրնան ներառել, տպաւորութիւն մը տալով որ այդ թիւերը կրնան անփոփոխ եւ յաւերժական ըլլալ։
  • Հայագիտական կեդրոններու մասին խօսելով ան կ’առաջարկէ ստեղծել «հայագէտներու համահայկական ընկերակցութիւն» եւ «հայագիտութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ ու քննարկումներ կազմակերպել» եւ «Հայաստանը դարձնել հայագիտութեան միջազգային կեդրոն»: Ան կ’ընդգծէ ըսելով, որ հայերը մեծ ներդրում ունին համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ: Հայ ժողովուրդը աշխարհին տուած է բազում հռչակաւոր գիտնականներ: Անգնահատելի է Սփիւռքի մէջ հայերու գիտական ներդրումը յատկապէս բնագիտութեան, քիմիագիտութեան,  մեքենաշինութեան,  բժշկագիտութեան,  տիեզերագիտութեան,  օդանաւաշինութեան, ռազմական, բարձր արհեստագիտութեան եւ այլ գիտութիւններու զարգացման բնագաւառներուն մէջ: Վերջին բաժինը կրկնակի հպարտութեան առիթ մըն է, համադրումի կը միտի քան վերլուծումի, պարզապէս բնութագրում մըն է առանց մեկնութեան, ակնկալելի  էր  մեկնաբանել, թէ  այդ գիտական մտքի ներուժը ինչպիսի՞ գործնական դերակատարութիւն ունեցաւ կամ ունի Սփիւռքի հաւաքական յառաջդիմութեան, հայապահպանումի ամրապնդման  եւ  համահայկական գերխնդիրներուն լուծումներ գտնելու, կամ ծառայելու մէջ։
  • Սփիւռքի մէջ վերոյիշեալ հայագիտական կեդրոնները, որոնք կ’իրականցնեն կրթական եւ հետազօտական ծրագիրներ, որոշակի դեր  եւ  նշանակութիւն ունին  հայութեան  համար, որոնցմէ կարելի է յատկապէս առանձնացնել՝ հայապահպանութեան, հայ քաղաքակրթութեան տարածումի, հայ համայնքներու մէջ մանկավարժական ուսումնակրթական, ուսուցչական կազմերու վերապատրաստումի եւ համայնքային ազգային գործիչներ պատրաստելու, հայագիտութեան զարգացումի, պայքարելու հակահայկական քարոզչութեան դէմ, հայ եւ այլ ժողովուրդներու միջեւ գիտամշակութային կապերու ամրապնդման եւ խորացումի,   կիրառական հետազօտութիւններու իրականացումին (քաղաքական, տնտեսական եւ այլ բնոյթի)․․․ եւ այլն։ Բայց կարելի է հարց տալ՝ այս բոլորի կողքին Սփիւռքի մէջ քանի՞ զուտ գիտահետազօտական հայկական կեդրոններ ունինք։ Պէտք է մատնանշել որ կան նաեւ այնպիսի արտաքինով հայագիտական բայց կեղծ դիմագիծով կեդրոններ, որոնք կեդրոնացած են միայն հակահայ արշաւներ եւ շահեր իրականացնելու, կեղծարարութիւններ մշակելու։ Հակահայ քարոզչութեամբ զբաղող կեղծ հայագիտական կեդրոններ են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ։

Ե Սփիւռքի գիտահետազօտական կեդրոններու դերը

Համոզումով պէտք է հաւատալ, որ հայապահպանումի ազգային պարունակի գերագոյն արժեքը հանդիսացող հայերէն լեզուի անժխտելի դերին եւ զայն կենսունակ պահելու հանդէպ բարձր գիտակցութեան կողքին, սփիւռքահայութիւնը իր մշակութային եւ ազգային կառոյցներու եւ հայագիտական կեդրոններու զուգահեռ խիստ կարիքը ունի ժամանակակից գիտական ճարտարապետումի։ Երիտասարդ գիտական մարդուժով սնանուած գիտաուսումնասիրական կառոյցներու, հայ գիտական մտաւորականութեան ներուժը համապարփակող հարթակներու, ցանցային դրուածքներու պարունակին։

Սփիւռքի հայ գիտական կառոյցներու ներկայութեան նպատակը պէտք է ըլլայ տրամադրել ստեղծագործական մտքի լայն տարածք մը, ի շահ համահայկականին ներգրաւելու եւ ներառելու Սփիւռքի ցրուած հայ գիտական մտքի պաշարը հանդիսացող հայ գիտնականներու ներուժը։

Հայ գիտական կարողականութեան եւ ուժականութեան համախմբումը, հայ մտային եւ մասնագիտական պաշարին տրամադրելու մեծ հարթակ մը։ Կամրջելու, կեդրոնացնելու, մէկտեղելու անոր գիտական հմտութիւնը, փորձառութիւնը եւ  զառիթափէն  սրարշաւ  սլանալու դէպի ստոյգ գիտական կատարներ։

Ազատօրէն  եւ  անկաշկանդ    ուսումնասիրելու ժամանակակից  աշխարհի  նորագոյն գիտական թեմաներ, ակադեմական եւ հասարակագիտական  ուսումնասիրութեան մակարդակով, լուծելու բարդ մարտահրաւէրներ՝ օգտագործելով ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութիւնը։

Հնարաւորութիւնը ունենալով նաեւ ժամանակին հետ պահելու աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար եռաչափ ձեւաչափերով  ծրագրակազմերու, օգտուելով բազմաճիւղ գիտական մեր մտքի ցիրուցան պաշարներէն։

Հայ տնտեսագէտներէն, գիտնականներէն՝ լազերային (laser), ռոպոթաշինութեան (robotics), օրհասական իրավիճակներու կառավարման կամ ճգնաժամային արհեստագիտութեան (Risk engineering) եւ մանաւանդ հակաճգնաժամային  ծրագիրներ մշակելու կամ իրականացնելու մասնագիտութիւնները, վերականգնումի ուժանիւթի աղբիւրներու (Renewable Energy sources) հետ աղերս ունեցող կանաչ ճարտարարուեստները (green technologies), բազմաղբիւր կամ խառնածին ուժանիւթի համակարգերու (Hybrid energy systems) կազմուածքները, կենսոլորտային խնդիրներու համապարփակ վերլուծութիւնները (Comprehensive analysis of environmental issues), ուժանիւթի պահեստանոցները (Energy storage systems), իմաստուն ցանցերը (smart networks), քիմիագիտութեան,  ֆիզիքական քիմիագիտութեան, տեղեկագիտական ոլորտը,  արհեստագիտական բանականութիւնը եւ թուային արհեստագիտութիւնը, նիւթագիտութիւնը (materials sciences), կենսագիտութեան  (Biology)  ճարտարագիտութիւնը, մանրակենսաբանութեան, ծինաբանութեան, կենսաքիմիագիտութեան, մայքրո,  նանո  արհեստագիտութեան բնագաւառները, ինչու չէ նաեւ այդ բոլորը  տնտեսութեան հետ շաղկապող տնտեսական, ֆինանսական ճգնաժամերը (risk) դիմագրաւող  ոլորտներ, ինչպէս նաեւ աւանդական  արուեստներու եւ արհեստներու համար զանազան բնագաւառներու բազմաշերտ մասնագիտութիւնները։ Նման գիտական կառոյցներ, որոնք կը բաւարարեն շահաւէտ հայկական եւ միջազգային շուկայի տնտեսական չափորոշիչները եւ  պահանջները,  ունին  հայկական դրամագլուխներու շահադիտական ստեղծարար լայնածիր մրցակցութիւններ։

Բնականաբար այդ հետազօտութիւններու կիրառութիւնը պիտի ծառայէ համայն հայութեան, շաղապելու Հայաստանի գիտական կառոյցներուն հետ։ Հիմնականօրէն հայրենիքի նմանօրինակ գիտահետազօտական կեդրոններու հետ համագործակցութիւններ մշակելով։ Դիմակայելու համար հայ ազգի առջեւ ծառացած ժամանակակից գիտական հրատապ հիմնախնդիրներու լուծման գործնական ուղիներ մշակելու` նախապէս վերհանելով այդ խնդիրներու առաջացման պատճառներն ու հանգամանքները։

  1. Ն­ման գի­տա­կան նո­րա­րար հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­ներ Սփիւռ­քի մէջ գու­ցէ ան­յայտ են կամ քիչ են, ուս­տի կը կա­րօ­տին ու­շա­դիր հո­գա­ծու­թեան, ա­ւե­լի հե­տե­ւո­ղա­կան խնամ­քի։ Կ’արժէ այս­տեղ յի­շել՝ Ա) ԱՐՓԱ հիմնարկը «Վերլուծութիւն, հետազոտութիւն եւ ծրագրաւորում Հայաստանի համար» «Analysis Research & Planning For Armenia ARPA»։ Հիմնարկը հիմնադրուած է 1992-ին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիայի մէջ իրբեւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ ԱՐՓԱ-ի փորձագետները որպէս խորհրդատու կը ծառայեն Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններուն՝ գիտական, կրթական եւ զանազն ոլորտներու մէջ ։ Բ) Հա­յաս­տա­նի գի­տու­թեան եւ տեխ­նո­լո­կիա­նե­րու (ար­հես­տա­գի­տու­թեան) հիմ­նադ­րա­մը (Foundation for Armenian Science and Technology, FAST) հիմ­նադ­րո­ւած 2016 ին։ Գ) Ընթացիկ 2022 տարուան յունիսի վերջը Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքին մէջ իր անդրանիկ համագումարը ունեցած է «Հայ մշակութային եւ գիտական ընկերակցութիւն» (The Armenian Society of Fellows – ASOF) նոր հարթակը։ ԱՍՕՖ գիտական ասպարէզներու մէջ աշխատող ցանց մըն է, իբրեւ ապաքաղաքական ոչ կրօնական, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ Հարթակը կը համախմբէ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն գիտնականներ,  մասնագէտներ։ Դ) «Գիտուժ»ը, Հայաստանի գիտութեան զարգացման աջակցող նախաձեռնութիւնը, որուն առաջադրութիւնն է ՝ «Հզոր գիտութիւն ուժեղ պետութիւն», իբրեւ գիտութեան պատկանող դրոյթներու մշակման թեւ ու թիկունք կանգնող նախաձեռնութիւն։
  2. Վերոյիշեալ նման գիտական մրցունակ ենթակառոյցներով կեդրոններ, հարթակներ կը պարփակեն, կը շաղկապեն Սփիւռքի բազմազանութիւնն ու զայն ընկալելու տարբերութիւնները, կը կամրջեն հայ գիտական մարդուժը, կը ժողվեն Սփիւռքի գիտաշխատողներու ցրուածութիւնը, կը միացնեն բազմաբնոյթ ներսփիւռքեան բաժանումները  եւ  կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենան  գիտական հիմքերով հասութաբեր համագործակցութեան,  օգտաբեր  եւ  նորարար  գիտական  ուղիներ մշակելու, ուրուագծելու թիրախային ժամանակակից գիտական ուղղութիւններ, նորարար տեսլականներ եւ մասնաւորաբար կ’ամրապնդեն հայաստանեան գիտական կեդրոններու հետ գիտահետազօտական կապերը եւ համագործակցելու հնարաւորութիւնները, միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու նաեւ  միջազգային առաջատար գիտական կեդրոններու հետ:
  3. Բնականաբար գոյութիւն ունին  զանազան  գիտական  մակարդակի  դրամաշնորհներ, որոնցմէ օրինակի համար կարելի է շահագործել երկար տարիներու վրայ ծաւալած գիտական դրամաշնորհներէն (Grants) եւ կամ երկրի մը արդիւնաբերութեան հետ կապուած Եւրոպական Միութեան՝ փոքր, միջակ գիտական ձեռնարկութիւններու դրամաշնորհներէն (Small, medium enterprises, SMEs)  եւ  կամ  միջազգային գիտական այլ դրամաշնորհներէն։  Այս մարզին  մէջ կարողացած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նպաստել SME ի ծրագրի մը, իմ համեստ օգնութեամբ 2015 թուին:

Զ Սփիւռքի նորարարական ներուժի գիտական ցուցիչները

Վստահաբար բարձրաձայն կոչերով եւ  հրապարակումներով, գիտական հմտութեամբ եւ ունակութիւններով  մրցունակ  մասնագէտներու  մասնակցութեան  կարիքը  ունինք ներսփիւռքեան եւ համայնական կեանքին տարբեր ոլորտներու մէջ։

Դարձեալ կարելի է հարց տալ՝ լուսարձակի տակ առնուա՞ծ են երիտասարդ գիտնականներու թիւի եւ որակի պաշարը հարստացնելու եւ բազմացնելու անյապաղ հնարաւորութիւնները, նոր տաղանդներ վերհանելու, կլանելու, ներառելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով անոնց առանցքային դերը Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին մէջ։

Խորհրդային Հայաստանը երկրորդն էր գիտնականներու թիւով եւ գիտական արդիւնքներով խորհրդային Ռուսատանէն ետք։  1980-ականներուն մէկ միլիոն  բնակչութեան  հաշուարկով Հայաստանի մէջ կար 6400-էն աւելի գիտնական: Ներկայիս այդ թիւը մօտ 1100 է, իսկ աշխարհի միջինը` 4000-էն աւելի է:  Նոյն ժամանակահատուածին գիտութեան ֆինանսաւորումը կը կազմեր Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքի 2,54 տոկոսը, որ տնտեսական  համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OCED)  անդամ  պետութիւններու   այսօրուայ միջինէն բարձր էր, իսկ ներկայիս Հայաստանի մէջ այդ ցուցանիշը 0,23 տոկոսի սահմաններու մէջ է: Բայց բացի քանակէն մենք նաեւ որակի, գիտական արդիւնաւէտութեան խնդիր ունինք Հայաստանի մէջ:

Այդ թիւերու մօտաւոր աղիւսակները եւ Սփիւռքի հայ գիտական  մարդուժի զարգացման ցուցիչները (Index) հասանելի չեն, մշուշի  մէջէն  արեւին  հանել, վերարտադրել  պէտք է մասնագէտ գիտական մարդուժի այդ աղբիւրին ունակութիւնն ու կարողութիւնը։

Գիտական մարդուժը պէտք է հրաւիրել համահայկական  կեանքի մէջ ծառայելու, գործօն դերակատարութիւն ստանձնելու։ Նկատելիօրէն աւելցած է Սփիւռքի մէջ բնակող հայ մասնագէտներուն թիւը, որոնք հետաքրքրուած են, կ’ուզեն մասնակից դառնալ Հայաստանի մէջ գիտութեան ու կրթութեան յառաջընթաց ապահովելու գործին։

Է Ելքեր Բանալի Առաջարկներ

Հայկական գիտական մտքի ուժը եւ գիտահետազօտական մարդուժը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ գերազանցապէս աւելին է, քան՝ այն տեսանելին, որ կը թուի շատերուս։ Հիմնականը այդ անտեսանելին պեղելն ու լոյս աշխարհ բերելն է,  ներգրաւելն է, զօրակցութեան ձեռք երկարելն է, շահագրգռելն է մեր համասփիւռքեան կեանքի մէջ գործօն դերակատարութիւն ունենալու համար։

Գործնական ծրագրի մը գլխաւոր բանալի միտքերը կարելի է  ամփոփել  ստորեւ յիշուած կէտերու մէջ, բնականաբար որոշ ռազմավարութիւն մը մշակելու համար անհրաժեշտ է համալրել զանոնք լրացումներով, խորացումներով, ամբողջացումներով եւ մանաւանդ ճշգրիտ կողմնորոշումով, արտահամայնքային ծրագիրներով եւ նախաձեռնութիւններով։ Այսպիսով, համասփիւռքեան գիտական կառոյցներով, մենք մեզ ընդառաջ կը դնենք միասնաբար մտածելու, միասնաբար ծրագրելու, միասնաբար պատասխանատուութիւնը բաժնեկցելու եւ միասնաբար կառուցողական, որակեալ գրաւականներով աշխատելու հրամայականին դիմաց։ Ճիշդ է որ գիտական կեդրոններու ծրագիր մը այլընտրանքային իմաստալի նշաձող մըն է գիտական մտաւորականութիւնը համախմբելու, որ կը կարողանայ հեղինակային դերակատարութիւն ունենալ թարմացած գիտական թթուածինով վերաշնչաւորելու համասփիւռքեան կեանքը։ Նման ծրագիր մը  ճամբայ հանելու համար, կարելի է սկսիլ շարք մը քայլերով,  որոնցմէ հիմնականները կարելի է մատնանշել։

Ա– Ս­փիւռ­քի գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ցան­կագ­րում եւ հա­ւա­քագ­րում, մաս­նա­գի­տա­կան հա­մաս­փիւռ­քեան հայ գի­տա­կան մար­դու­ժի քարտէսագրում։

Բ– Ստեղծել համահայկական մրցունակ մասնագիտական հարթակներ, համակարգեր, գիտակարգեր, որոնք ձեռնհաս են կազմակերպելու, ուսումնասիրելու դարու գիտական նորագոյն պահանջները։ Մասնագիտական  հմտութեամբ  եւ  փորձառութեամբ  ծրագիրներ  մշակելու, ղեկավարելու եւ աչալրջօրէն իրականացնելու զանոնք։

Գ– Հայ գիտական մտքի պաշարը հանդիսացող հայ գիտնականները կլանելու եւ այդ հզօր ներուժը ներգրաւելու, համախմբելու եւ օղակաւորելու համար ստեղծել եւ կազմակերպել ցանցային քննարկումներու եւ աշխատանոցներու գիտական միջավայրեր, մասնագիտական ցանցեր, խմբաւորումներ։

Դ– Մշակել մասնագիտական հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ գիտակազմակերպչական ծրագիրներ, ջանքեր եւ ճիգեր չխնայել, օգտուելու համար  Եւրոպական Միութեան եւ այլ միջազգային գիտական գիտահետազօտական դրամաշնորհներէն։

Ե–  Գրական, մարդասիրական եւ այլ հիմնադրամներու նման, Սփիւռքը պէտք ունի գիտական հիմնադրամներու, որոնք բանաձեւուած են գիտական բծախնդրութեամբ եւ ողջախոհութեամբ,  օժտուած են միջազգային չափանիշներով, մատակարարելու մասնագիտական գիտահամակարգեր, որոնք պիտի սնանեն նաեւ նոր հայ սերունդներու գիտական մտքի ստեղծարար սլացքներու հեռանկարները, ծրագիրներ որոնք պէտք է հիմնաւորուած ըլլան ապաքաղաքական եւ հաստատութենական ռազմավարութեամբ։

Կը հա­ւա­տանք որ «Ս­փիւռ­քի տա­րի» հռչա­կա­գի­րը յար­մա­րա­գոյն գոր­ծի կոչ­նակն է: Տա­լու պա­հը: Եւ հա­յը գի­տէ, որ ազ­գա­շէն գի­տակ­ցու­թեամբ տա­լը, նո­ւի­րա­բե­րե­լը զրկանք չէ: Տա­լը հրճո­ւանք է, երբ թի­րա­խը հայ ազ­գի  մարդուժի, գիտուժի ու նիւթուժի հզօրացումն է, ընդհանրական եւ ա­պա­գա­յա­տե­սիլ շահն է։

Եթէ համոզուած ենք, եկէ՛ք միասնաբար մտածե՛նք, միասնաբար ծրագրե՛նք եւ միասնաբար գործե՛նք։

Վերջ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին