Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Թրիփոլիի Մահուան Լաստանաւերու Ողբերգութիւններու Ցաւալի Նոր Արար 

Ապօրինի կերպով Լիբանանէն գաղթել փորձող քաղաքացիներ փոխադրող լաստանաւ մը դարձեալ խորտակուած գտնուեցաւ։

Արդարեւ երկու օր առաջ ճամբայ ելած նաւը կ՚ուղեւորուէր դէպի Իտալիա երբ նաւակին հետ կապ հաստատելու բոլոր փորձերը ի զուր եղած են վերջին ժամերուն։

Աւելի ուշ, յայտնի դարձած է, որ  Սուրիոյ Թարթուս քաղաքի ափերուն հասած լաստանաւին վրայ գտնուող 15 լիբանանցիներ ջրամոյն եղած են, մինչ 8 ուրիշներ փրկուած։

Լուսանկարը ջրամոյն եղած նաւուն մէկ «կտոր»ը Թարթուսի ափերուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին