Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Իրանի Մէջ Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Իրանի մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ անջատած են համացանցը՝ կառավարութեան դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցերուն հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը:

Իրանցի պաշտօնեաներէն մէկը Bloomberg գործակալութեան ակնարկած է, որ նման միջոցներ կրնան ձեռնարկուիլ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով։ Հաղորդակցութեան կորուստը մարդոց համար կը դժուարացնէ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելը եւ կառավարութեան կողմէ այլախոհութեան դէմ ճնշումներու մասին տեղեկութիւններու փոխանակումը, ըսած է պաշտօնեան:

Մեծ Թեհրանի (համախմբում, որ կը ներառէ մայրաքաղաքն ու արուարձանները) ոստիկանապետ Սարտար Հուսէյն Ռահիմին յայտարարած է, որ 22-ամեայ աղջկայ մը մահը, որ հիւանդանոցին մէջ մահացած է (ըստ երեւոյթին ոստիկանութեան կողմէ ստացած բազմաթիւ վնասուածքներու պատճառով -Խմբ.), դժբախտ պատահար է։ Ռահիմիի խօսքով՝ իր ենթականերու կողմէ ոչ մէկ անփութութիւն եղած է։ 

Աղջկան մահը բողոքի ալիք բարձրացուցած է։ Ոստիկանութիւնը մի քանի օր է կը փորձէ ցրել ցուցարարները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին