Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Դաշնամուրի Համերգ , Բայց Ու՞ր …

Երբ դաշնամուրի համերգի մասին խօսինք, անմիջապէս մեր երեւակայութեան պաստառին վրայ կը պարզուի համերգասրահ մը եւ կամ ալ բացօթեայ վայր մը՝ ինչպիսին են Նիւ Եորքի կեդրոնական զբօսավայրը եւ Լոս Անճելըսի Hollywood Bowl-ը։

Սրահին առաւելութիւնը այն է որ արդիական ջեռուցումի միջոցներով՝ ան ամառը զով կ՛ըլլայ եւ ձմեռն ալ տաքուկ։ Իսկ բացօթեայ վայրին առաւելութիւնը այն է որ համերգէն առաջ կանուխ կրնաս երթալ հոն՝ եւ փիքնիքի ձեւով, սեղան մը սարքելով  կերուխում կազմակերպել։

Սակայն մեր այսօրուան համերգը տեղի կ՛ունենայ վերոյիշեալ վայրերէն բոլորովին տարբեր տեղ մը, ուր ոչ ջեռուցում գոյութիւն ունի եւ ոչ ալ կերուխում։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Արդարեւ, Իտալացի դաշնակահարուհի եւ լեռնագնաց Էլիզա Թոմելլինին բարձրացած է Monte Rosa, որ կը գտնուի այն գագաթին վրայ՝ ուր Զուիցերիան եւ Իտալիան իրար կը միանան։ Իսկ իր դաշնակը ինքնաթիռով բարձրացած է հոն (տես նկարը), ուր արուեստագիտուհին ելոյթ ունեցած է։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ վերոյիշեալ գագաթը կը գտնուի 14,000 ոտք (4,267 մեթր) բարձրութեան վրայ, իսկ օդի ջերմութիւնն է՝ -15C աստիճան։ Գալով Էլիզային՝ ան պաղէն պաշտպանուելու համար բուրդէ շատ հաստ ձեռնոցներ հագած է, ինչպէս կը տեսնէք։

Երբ Էլիզային հարցուցած են թէ ինչո՞ւ ձեռնարկած է այսպիսի վտանգաւոր սխրագործութիւն մը։ Ան պատասխանած է թէ իր կեանքի երկու կիրքերը՝ լեռնագնացութիւնն ու դաշնամուր նուագելը, ուզած է միացնել՝ որպէսզի մարդիկ աւելի լաւ հասկնան աշխարհի գեղեցկութիւնը։

Էիզա որոշած է նաեւ իր եզակի այս առաքելութեան նիւթական հասոյթը ամբողջովին յատկացնել Նեփալի տնանկ երեխաներու համար կառուցուած բնակարանին։

Ասկէ աւելի մարդասիրական եւ նուիրական ձեռնարկ մը կարելի՞ է երեւակայել քսանմէկերորդ դարու մէջ, ուր դրամը կը տիրէ եւ մարդկութիւնը հեռու կը մնայ մեր միտքերէն ու սրտերէն . . .

Նոր Մրցանիշ մը եւս, Բայց Ինչի՞ մէջ …

Վերջերս Guiness World Records-ը ողողուած է նոր մրցանիշներու հաստատումով։ Առ ի տեղեկութիւն յիշեմ որ 1955-1999-ը, տարին մէկ անգամ հրատարակուած՝ մրցանիշներու այդ գիրքը կը կոչուէր The Guinness Book of Records.

Ինչ որ է, հիմա գանք մեր բուն նիւթին։ Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ  Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքէն, ուր կ՛ապրի մեր հերոսը՝ Ռամիրօ Ալանիս։ Իսկ ի՞նչ է անոր սխրագործութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն այս տարօրինակ մարդը (տես նկարը), նոյն ֆիլմը՝ Spider-man: No Way Home-ը 292 անգամ դիտած է Դեկտեմբեր ամսուան կէսերէն մինչեւ Մարտ ամսուան կէսերը . . . Այդ ընթացքին՝ պատահած է որ ան օրական հինգ անգամ դիտած է նոյն ֆիլմը։

Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ որ Ռամիրօն՝ ընդհանուր առմամբ 720 ժամ վատնած է այդ ֆիլմը դիտելու համար, որը կը հաւասարի 30 օրուան։ Իսկ այդ արկածախնդրութեան համար՝ ան ծախսած է 3,500 տոլար։ Բայց ինչո՞ւ այս բոլորը, որպէսզի իր սխրագործութիւնը արձանագրուի Guinness World Records-ի մէջ։

Որպէսզի յաջողի իր առաքելութեան մէջ, Ռամիրօն՝ ֆիլմը դիտած պահուն, զրկուած էր հետեւեալ անհրաժեշտ կարիքները գոհացնելէ։ Ան չէր կրնար քունի անցնիլ, բջիջային հեռախօսը գործածել եւ նոյնիսկ արտաքնոց երթալ։ Մէկ խօսքով՝ ան բաւական զոհողութիւններ ըրած է յաջողութիւնը ապահովելու համար, չէ՞ք խորհիր։

Ան վերջապէս հասած է իր նպատակին։ Ինչո՞ւ վերջապէս ըսի, որովհետեւ 2019 թուականին ան փորձած է մրցանիշ հաստատել, սակայն ձախողած է։ Այդ թուականին՝ անոր սխրագործութիւնը եղած է 191 անգամ դիտել՝ Avengers: Endgame ֆիլմը։

Ես պիտի ըսէի «Կամենալը՝ Կարենալ է», բայց ի գին ինչի՞!

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին