Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Տարբերակ մը Որուն Վրայ Կարելի Է Յենիլ

Տեսանկիւն

Մեր հայրենիքը տակաւին կը տուայտի անորոշութեան մէջ: Ունինք  անհասկանալի պատկանելիութեամբ ու ծրագիրներով իշխանութիւն մը, որ ամէն գնով  «խաղաղութիւն-խաղաղութիւն» կ՛ուզէ խաղալ թշնամիին հետ: Ունինք նաեւ  անհեռանկար ու սոսկ լոզունգներով առաջնորդուող այսպէս կոչուած  ընդդիմութիւն մը, որ իր կարգ մը առաջնորդներուն ինքնակեդրոն եւ կուսակցական աժան փրոփականտի վրայ հիմնուած գործելաոճով, ոչ միայն ուղակի կամ անուղակի կերպով աւելի կը նպաստէ Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետի պաշտօնին վրայ երկարակեցութեան, այլ նաեւ իրեն մենաշնորհը կը կարծէ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու օրակարգը:

Մինչ այս քաշքշուքը կ՛երկարի, մենք ամէն օր պապենական հողեր եւ անգին ու անչափ ազգային արժանապատութիւն կը կ՛որսնցնենք:

Այս դժբախտ երեւոյթին զուգահեռ, վերջերս յայտնուեցաւ երեւոյթ մը, որ մարմնաւորուեցաւ Էտկար Ղազարեան կոչուող անձնաւորութեամբ մը, որ նորութիւն մտցուց Հայրենիքի փրկութեան միտուած աշխատանքներու դաշտին մէջ:

Արդարեւ, ան սեփական նախաձեռնութեամբ եւ ուժերով Հայաստանի անկախութեան  հռչակարգրի ընդունման օրը ընտրելով, որպէս խորհրդանշական թուական ու անոր կէտերը՝ որպէս պայքարի նոր եւ գործնական ոճի բովանդակութիւն, հանրահաւաքի հրաւիրեց ժողովուրդը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Այսօր, այստեղ կ՛ուզեմ կարգ մը անձնական տպաւորութիւններ արձանագրել նշեալ նախաձեռնութեան մասին, մեկնաբանութիւնը ձգելով մեր ընթերցողներուն:

Հանրահաւաքին դրական յատկանիշները.

  1. Կեդրոնական դէմքը հարուստ էր իմացական եւ դիւանագիտական կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ բարեկիրթ էր իր արտասանած ճառին լեզուին ու բովանդակութեան մէջ:
  2. Ներկայութիւնը, ընդհանրապէս նուազ քաղաքականացուած ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս անկուսակցական համակիրներով համալրուած էր:
  3. Հետաքրքրական բովանդակութիւն ունէր: Յառաջ բերուած միտքերը լաւապէս փաստարկուած էին:
  4.  Հեռու էր սոսկ ամփոխավարական լոզունգներէ:
  5. Կեդրոնական դէմքը անժխտելի հռետորական ձիրք ու սրտամօտիկ  մեղմ հիւմըր ունէր:
  6. Պատասխանատու ու հետեւողական մօտեցումն ու երկար ու ջանասիրաբար պատրաստուածութիւնը ակնյայտ էր:
  7. Բացակայ էին դասական հանրահաւաքները յատկանշող ջուրի շիշերը, սանտուիչները, չափազանցուած ոգեւորութիւնը, մակերեսային կարգախօսները, աւելորդ աղմուկն ու բարձր երաժշտութիւնը:  Փոխարէնը, շեշտը դրուած էր բովանդակային խօսքի վրայ:
  8. Հանրահաւաքին կեդրոնական դէմքը շրջանցելով ամէն յետագայ քննադատութեան հաւանականութիւն եւ ինքնառաջադրումի դէմ հնչող ապագայ խօսքերու բացասականութիւնը, ան հրապարակաւ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Վարչապետի պաշտօնին: Երեւութապէս ժխտական թուացող այս քայլով, խորքին մէջ ան շատ կարեւոր ժողովրդական բարդոյթի մը առաջքը առաւ: Մինչ ժողովուրդ մը անորոշութիւն չսիրեր եւ այդ անորոշութեան իրավիճակէն մեծապէս կ՛օգտուի Փաշինեան, այսուհետեւ իր համակիրները գոնէ գիտեն, որ ո՞վ պէտք է ըլլայ յաջորդ վարչապետը:

Հանրահաւաքին բացթողումները.

  1. Նախաձեռնութիւնը չուներ համապատասխան կազմակերպչական մարդուժ (team):
  2. Օգտագործուած արհեստագիտութեան միջոցները անբաւարար էին: Օրինակ, հակառակ, որ մեծ թիւով լրատուամիջոցներ գոցեցին նշուելիք ակնյայտ բացը, հանրահաւաքը կենդանի տեսերիզով նոյնիսկ չսփռուեցաւ Ղազարեանին ընկերային համացանցի սեփական էջով, որուն միջոցաւ ան հաւաքի կոչը ուղղած էր իր համակիրներուն: Կազմակերպող մարմնի մը չգոյութեան այլ չափանիշն է սա:
  3. Հռչակագրի ընթերցանութիւնը կեդրոնական անձին որդիին վստահիլը խորհրդանշական (երիտասարդը կը կրէր պատմական Հռչակագրին կազմութեան մէջ դեր ունեցած իր պապիկին անունը՝ Ֆերտինանտ) ըլլալով հանդերձ սխալ էր, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ երիտասարդը չուներ համապատասխան տուեալներ, նաեւ  պատրաստուած ալ չէր: Նոյն խորհրդանշականութեամբ կարելի էր վերադառնալ պատմութեան մէջ Հռչակագիրը որդեգրելու պահուն կայացած ընթերցանութեան ձայնագրութեան եւ այդ լսելի դարձնել հանրութեան: 

Վերջապէս, երկու պարագային ալ շարքը կարելի է երկարել, սակայն փաստը կը մնայ փաստ, որ իշխանափոխութեան պահանջը յետայսու ո՛չ մէկ կողմի սեփականաշնորհուած դաշտը չէ, եւ եթէ նման նախաձեռնութիւններու  ընթացքը կարենայ իր հետեւողականութիւնը պահել, կազմակերպչական կարելիութիւնները կատարելագործէ եւ աւելի եւս  արհեստագիտական միջոցներ կիրառէ, ապա կը կարողանայ ժողովուրդին անկախ  մտածող, մտաւորական եւ ոչ անտարբեր, թէ յուսալքուած զանգուածը  լուրջ զօրաշարժի ենթարկել եւ շուտով հասնիլ համընդհանուր նպատականերու յաջողութեան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին