Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Էտմոն Լեւոն Քիրազ 

Էտմոն Լեւոն Քիրազ (Քիրազեան, 25 Օգոստոս 1923, Գահիրէ, Եգիպտոս – 11 Օգոստոս 2020, Փարիզի 6-րդ շրջան, Փարիզ, Իլ տը Ֆրանս, Ֆրանսա ֆրանսահայ ծաղրանկարիչ։

Ծնած է 1923 թուականին Թուրքիայէն Եգիպտոս հասած Լեւոն եւ Էլիզ Սեթեանի ընտանիքին մէջ, որոնք ունեցած են 4 զաւակներ՝ 3 աղջիկ եւ մէկ տղայ: Էտմոն եւ քոյրը՝ Անահիտը, երկուորեակներ են: Հայրը Էտմոնի անուանակոչուած է ի պատիւ Ֆրանսացի պոետ բանաստեղծ եւ թատերագիր Էտմոն Ռոստանի:

Քիրազը սորված է Գահիրէի Նուպարեան Ազգային Վարժարանը, այնուհետեւ՝ Ֆրանսական գոլէճը: Նուագած է շեփոր: 10 տարեկանին նկարած է իր առաջին կտաւը՝ 17-րդ դարու կրօնական թեմաներով նկարի կրկնօրինակը, որ նուիրուած է Պաղտատի Հայկական Եկեղեցիին: Քիրազի առաջին քաղաքական ծաղրանկարը տպագրուած է «Image» «Parade», «La Réforme d’Alexandrie» եւ «Al Moussavar» ամսագիրերը «Քիրազ» ստորագրութեամբ երբ ան 17 տարեկան էր:

1946 թուականին Գահիրէէն տեղափոխուած է Փարիզ: Սորված է Փարիզի ’Académie de la Grande Chaumière-ը: 1950-1951 թուականներուն աշխատած է «La Bataille» թերթը, 1951-1952 թուականներուն՝ «le Rouge et le Noir» (Կարմիր եւ Սեւ) , 1952-1954 թուականներուն՝ «Samedi Soir» (Շաբաթ Երեկոյ), 1955-1959 թուականերուն՝ «Ici Paris» (Այստեղ է Փարիզ), ուրտեղ ստեղծուած է «Carnets de Belles» շարքը: Յետ պատերազմեայ շրջանին ընկերացած է երիտասարդ ծաղրանկարիչներու հետ՝ Պոյնէի, Էֆելի, Բելուսի, Ֆեզանի, Բոսկի, Շավալի, Ալդեբերի, Դուբուայի հետ:

1959 թուականին Մարսէլ Դասոն, ով արդէն նկատած է Քիրազի տաղանդը, կը խնդրէ անոր ստեղծելու Les Parisiennes» («Փարիզուհիներ») շարքն իր նորաստեղծ «Jours de France» թերթի համար։

Քիրազ հեղինակ է աւելի քան 25.000 նկարներու, որոնց կ՛ընկերանան երկխօսութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ: Ան գրած է «Ինքնակենսագրութիւն եւ յիշողութիւններ» գիրքը: Քիրազի «Փարիզուհիներ» շարքի նկարները ցուցադրուած են Ֆրանսայի եւ արտերկրի բազմաթիւ պատկերասրահներու մէջ: 25 գործեր կը գտնուին Փարիզի «Քարնաւալէ» (Carnavalet) թանգարանին մէջ:

Քիրազի ալպոմները սկսան հրատարակել 1950-ական թուականերուն:

Քիրազ սահուն հայերէն կը խօսէր։ Միայն վերջերս է, որ ան առիթ ունեցած էր Հայաստան այցելելու։ Այս գծով, հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան ըսած էր․

«Հայաստան այցելեցի, որովհետեւ միշտ ալ կը մտածէի, թէ ամօթ է, այսքան ատենէ Հայաստանը չեմ տեսած: ․․․Ուրիշ տեսակ կ՛երեւակայէի։ Մանաւանդ Երեւանը աշխարհի միւս քաղաքներուն կը նմանի…։ Կը փափաքէի, որ աւելի հայկական ըլլար: Ամէն երկիր իմ գծագրութիւններէս կ՛ուզեն… միակ Հայաստանը չուզեց: Հայաստանի ոչ մէկ թերթ ինձմէ գծագրութիւն ուզած է: Ես ալ ըսի, որ տարօրինակ չէ․․․»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին