Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հետապնդէ Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանի Պարագան

Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնած է, որ. «մօտէն կը հետեւի լիբանանեան քաղաքացի՝ Վիգէն Իւլճէքեանի խնդրին, որ արգելափակուած է Ազրպէյճանի մէջ 2020 թուականէն ի վեր, գործակցութեամբ Միջազգային Կարմիր Խաչին»:

Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ Իրանի մէջ Լիբանանի Դեսպանատունը, պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է ազրպէյճանական կողմին, արտօնութիւն ունենալու իր կալանաւորման վայրին մէջ տեսակցելու Իւլճէքեանին հետ, աւելցնելով, որ Լիբանան կը շարունակէ իր ջանքերը այս հարցին առնչութեամբ:

Նշենք, որ լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեան Ազրպէյճանի մէջ 20 տարի բանտարկութեան դատապարտուած է իբրեւ «խափանարար»: Յիշեցնենք, որ Վիգէն իր նշանածին հետ, 9 Նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք Շուշի կ՛ուղղուէր, հոն մնացած անձնական իրերը Հայաստան փոխադրելու համար: Գերի բռնուեցան երկուքով, իրեն ընկերացող կինը քանի մը ամիս ետք ազատ արձակուեցաւ: Վիգէնը հիմա կը ճաշակէ ծանր վճիռ մը: Հայաստանի իշխանութիւնները դժբախտաբար ընդհանրապէս  լուռ են ինչպէս Իւլճէքեանի նաեւ բազմաթիւ այլ  գերի տարուած հայորդիներուն եւ անհետ կորածներուն թղթածրարներով…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին