Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Նետարձակներ Հայոց

(Ամփոփ Պատմութիւն)

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

Փոքր Ասիոյ արեւելեան հատուածն զբաղեցնող շուրջ չորսհարիւր հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքը, որ յայտնի է Հայկական Լեռնաշխարհ անուամբ, ոչ միայն եղած է նախամարդու օրրաններէն մին, նոր մարդկութեան խանձարուրն ու հայոց բնօրրանը, այլեւ համահաւասար մասնակիցը Հին Արեւելքի քաղաքակրթութեան կերտման ու զարգածման:

Հայկական լեռնաշխարհը Ուշ Հին Քարի դարէն (Upper Paleolithic period) Միջին Քարի դար (Mesolithic period) անցման ժամանակաշրջանին սառցածածկոյթի վերջնական վերացման զուգընթաց նախ արձանագրած է համեմատաբար խոնաւ, ապա եւ տաք ու չոր կլիմայ՝ Հայաստանի հնագոյն ցեղերուն առջեւ բանալով նոր ու չբնակեցուած տարածքներ: Այդ ցեղերն ու ցեղախումբերը կամ ցեղային միութիւնները միջին քարի դարէն նոր քարի դար անցման ժամանակաշրջանին (Neolithic period, Ք. Ա. VII – VI հազարամեակներ) հաւաքչութենէն, ձկնորսութենէն ու որսորդութենէն անցում կատարած են դէպի հողագործական (երկրագործական)-անասնապահական տնտեսութիւն: Սոյն տնտեսութեան մարդիկ բացի հողագործական գործիքներէն՝մանգաղ, Ուրագ (կացին-կտրիչ), կացին-բրիչ, հերիւն, քերիչ, մուրճ, աղօրիք, վարսանդ-սանդ… (նախ քարէ, ապա եւ մետաղէ՝ պղինձ, պրոնզ եւ երկաթ), պատրաստած են նաեւ որսորդական ու մարտական զինատեսակներ, ինչպէս՝ դաշիւններ, սուրեր, պարսատիկներ, վարոցներ (գուրզեր), սակրեր, լայնաբերան կացիններ, վաղրեր, մկունդներ, նետ ու աղեղներ եւ…: Սոյն յօդուածի ուշադրութեան կեդրոնը Հայկական լեռնաշխարհի մէջ հազարամեակներ շարունակ ի գործ դրուած հեռահար զինատեսակի՝ նետ ու աղեղի ամփոփ պատմութիւնն է:    

Հնագիտական տուեալներն առ այսօր նետ ու աղեղի յայտնագործումը կը վերագրեն միջին քարի դարուն (Mesolithic period, Հայկական լեռնաշխարհի Միջին քարի դարը կ’ընդգրկէ Ք. Ա. 12000 – 8000/7000 թուականները), զորս կը համընկնի սառցածածկոյթի վերջնական վերացման եւ երկրի վրայ մօտաւորապէս ժամանակակից կլիմայի հաստատման, կենդանական ու բուսական աշխարհի մօտաւորապէս ժամանակակից տեսակներու եւ տեսքի ընդունման ու ժամանակակից մարդու առաջացման ժամանակաշրջանի հետ:

Մինչեւ «առարկայական գիրի»՝ ժայռապատկերներու (petroglyphs) կիրառումը, Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն {Կղզեակ բլուր, Մաշտոց բլուր, Արեգունի բլուր, Շրէշ բլուր, Զաղաներ, Տէրտէրի ձոր, Մոխրաբլուր, Կաւաբլուր, Արտին լեռ՝ Սատանի-դար, Բառոժ քարայր, Հրազդանի միջին հովիտ, Շէնգաւիթ, Աղուէսի բներ, Թեղուտի բնակավայր, Քիւլ-թափա (Նախիջեւան), Կէօյ-թեփէ (Պարսկահայք), Թէլիք-թափա (Վան), Եումուք-թափա (Մերսին), Ամուք եւ այլուր} յայտնաբերուած նուրբ ու մշակուած նետի քարակերտ (ապա եւ մետաղեայ) սլաքներու միջոցաւ է, որ պատկերացում կը կազմենք նետ ու աղեղի օգտագործման ու եղաշրջիչ յատկութեան մասին:

Անկասկած, որ որսորդական եւ ռազմական նպատակներով օգտագործուող նետն ու աղեղը մարդու կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկն է: Ան օգտագործած են աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդները (բացի Աւստրալիոյ ու Միկրօնեզիոյ բնիկներէն)՝ միջին քարի դարէն մինչեւ XVII դար {որոշ ժողովուրդներու մօտ մինչև XX դար, ինչպէս՝ Գանատայի Իկլուլիք կղզիի (Igloolik Island) եւ Ենթասահարական Ափրիկէի, կամ Արեւադարձային Ափրիկէի (Sub-Saharan Africa) մէջ}։

Տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ Հայաստանի մէջ կայ աւելի քան 20-30 հազար ժայռապատկեր, որոնք ըստ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան կաճառի գիտաշխատող, աստղագէտ, ժայռապատկերաբան Կարէն Թոխաթեանի` գրեթէ տարածուած են ամբողջ երկրով մէկ, սակայն աւելի հարուստ են Գեղամայ լեռներու եւ Սիւնիքի մարզի՝ Ուղտասարի կամ Ուխտասարի հնավայրի ժայռապատկերները: Հայաստանի ժայռապատկերներուն վրայ առատօրէն այծի գծափորագրանկարներ ըլլալուն պատճառով ժողովուրդը զանոնք անուանած են «իծագրեր» (այծագրեր):

Երբեք պատահական չէր, որ Ք. Ա. VII – II հազարամեակներու ընթացքին Հայկական լեռնաշխարհի բնիկ ցեղերուն կողմէ ծաղկած ու բազմաբովանդակ ժայռապատկերները հնագէտ Սանդրօ Սարդարեանը անուանէր՝ «հիանալի պատկերասրահ բաց երկինքի տակ», աղբիւրագէտ-պատմաբան Աշոտ Գ. Աբրահամեանը՝ «իւրատեսակ քարէ մատեաններ», իսկ ժայռապատկերագէտ-ճարտարապետ Սուրէն Պետրոսեանը՝ «հնագոյն Հայաստանի հանրագիտարան»:

Ըստ Սուրէն Մ. Այվազեանի գնահատմամբ, ժայռապատկերները ժամանակի ընթացքին կը դառնան՝ «միտք փոխանակելու պարզագոյն ձեւ, այսինքն՝ առաջին գիր»: Եւ այսպէս՝ Հայկական լեռնաշխարհի «առաջին գիրերէն»՝ ժայռապատկերներէն բաւական յստակ պատկերացում կը կազմենք հայկական ցեղերու որսորդ-անասնապահներուն կողմէ սարքուած ու կիրարկուած սովորական-պարզունակ ու լայնալիճ զինատեսակներու, եւ առհասարակ նետ ու աղեղներու մասին:

Ուղտասարի կամ Ուխտասարի ժայռապատկերներէն՝ աղեղնաւոր-որսորդը որսորդութեան պահուն

Ակնառու են Գեղամայ լեռներու հազարաւոր ժայռապատկերներէն երկու օրինակ, որոնք ընդօրինակուած-գծագրուած են կիւմրեցի յայտնի պատմաբան-հնագէտ Յարութիւն Ա. Մարտիրոսեանի (1921 – 1977) կողմէ, ուր առաջին պատկերին մէջ ակնյայտ է որսորդ-անասնապահը լայնալիճ աղեղը ձեռքին կը նետահարէ գազան մը՝ առիւծ կամ վագր. իսկ երկրորդ պատկերին մէջ նկատելի է՝ լայնալիճ նետ-աղեղին դէմ կեցած հսկայ մարդանման էակ մը՝ ճառագայթող ձեռքերով, զորս կ’արտացոլէ մահուան սարսափը… (տես՝ նկար 1 – 2): Մասնագիտական փորձարկման շնորհիւ պարզուած է, որ սովորական աղեղները, սովորաբար 30-250 մեթր հեռաւորութենէն աւելի նետեր չեն կրնար արձակել, իսկ լայնալիճ աղեղերու արձակած նետերը՝ կ’ըլլան կրկնակի:

Նկար 1-2

Քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնը գտնուող՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի շուրջ 400 հազար ազգային հաւաքածոյին մէջ թանգարանի ցուցաբեղկերէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուի նաեւ Ք. Ա. 22-21-րդ դարերուն պատկանող արծաթեայ բաժակը, զորս յայտնի է՝ «Քարաշամբի արծաթեայ բաժակ» անուամբ: Այս բաժակի (գաւաթի) մասին պատմաբան-հնագէտ Վահան Յովհաննէսեանը {Վահան Յովհաննէսեան միջին պրոնզի դարուն պատկանող (Ք.Ա. 2400-1500 թուականներ) Քարաշամբի եզակի հնավայրին մէջ գտեած է արքայական դամբարան եւ 1987 թուականին յայտնաբերած է սոյն արծաթեայ բաժակը կամ գաւաթը՝ թաղման հարուստ գոյքի հետ միասին} հարցազրոյցի մը ժամանակ կը յայտնէ՝ «…զորս (իմա՝ բաժակը) տեղական արտադրանք է: Այն յայտնաբերուած է հրաշալի վիճակի մէջ: Ատոր առկայութիւնը Հայաստանի մէջ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը շատ լուրջ արտադրական եւ մշակութային կեդրոն եղած է, որ կապեր ունեցած է խեթական աշխարհի եւ Միջագետքի կեդրոններու հետ: Փաստօրէն, արդէն այն ժամանակ Հայաստանի տարածքին մէջ ապրած են հնդեւրոպական ցեղեր: Քարաշամբին մէջ կային նաեւ մեծ քանակութեամբ ոսկեայ զարդեր, որոնք նոյնպէս շատ մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցած էին»:

Քարաշամբի արծաթեայ գաւաթը բաղկացած է վեց հորիզոնական եզրազարդ գօտիէ, ուր հմտօրէն պատկերուած են 25 մարդկային, 36 կենդանի կերպարներ եւ 60-է աւելի զանազան առարկաներ։ Մեզ հետաքրքրողն առաջին (վերէն) եզրազարդն է, ուր գլխաւոր տեսարանը վարազի որսն է: Աջ ոտքին ծնկած որսորդը իր լայնալիճ աղեղով կը նետահարէ վարազ մը: Վիրաւոր վարազի առջեւէն նկատելի է առիւծ մը, իսկ ետեւէն` ընձառիւծ։ Անոնց հետեւը կան մէկընդմէջ շարք կազմած առիւծներ եւ ընձառիւծներ։ Իսկ որսորդի ետեւը կեցած է շուն մը՝ վզակապով:

Քարաշամբի արծաթեայ բաժակը եւ վերի եզրազարդի որսորդական տեսարանէն գծագիր բաժինը

Ուշագրաւ է նաեւ 1979 թուականին Շիրակաւանի դամբարանադաշտերու դամբարաններէն յայտնաբերուած ուշ պրոնզի դարուն պատկանող (Ք. Ա. XIII-XII դարեր) պրոնզէ երեսապատումով լայնալիճ աղեղները, որոնցմէ մէկն ունի 172 սանթիմեթր երկարութիւն՝ բաղկացած քանի մը բաղադրամասերէ, որոնք մեծ վարպետութեամբ ագուցուած են զիրար: (տես՝ նկար 3)

նկար 3

Յայտնի հայ պատմաբան, բիւզանդագէտ եւ բանասէր Նիկողայոս Ադոնց (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942) բրոնզի դարու ժամանակաշրջանի աղեղներու մասին կը գրէ՝ «…պատկերազարդ գօտիները բաւական որոշակի գաղափար կու տան անտարակոյս գործածութեան մէջ եղած աղեղներու ձեւի մասին: Ասոնք բաղկացած եղած են երեք կեռ մասէ…», որոնք պատկերաւոր ձեւով պատկերազարդուած են Լճաշէնէն եւ Աստղի բլուրէն (Ենոքաւան)  յայտնաբերուած բրոնզիդարեան գօտիներուն վրայ (կը ներկայացնենք գծագիրները): (տես՝ նկար 4-5)

(նկար 4-5)

Այժմ տեսնենք թէ վաղ միջնադարեան հայկական աւանդապատումը, ինչպէս նաեւ Արարատեան թագաւորութեան շրջանի հնագիտական գտածոները, յունա-հռոմէական ու օտար աղբիւրները ինչպիսի՞ յիշատակումներ ըրած են Հայ մարդու օգտագործած նետ ու աղեղներու մասին {աղբիւրները կը մէջբերենք ըստ ժամանակագրական կարգի՝ բացառելով Պատմահայր Մովսէս Խորենացիի եւ Սեբէոս պատմիչի յիշատակումները՝ Հայկի եւ Բէլի Հայոց ձորի (նաև Երուանդունիք) ճակատամարտի մասին, եթէ ընդունինք հայր Ղեւոնդ Ալիշանի սոյն ճակատամարտի հաշուարկման թուագրումը` Ք. Ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11-ը, զորս կը համարուի Հայոց Բուն թուականի կամ Հայոց տոմարի սկիզբը}:

Ք. Ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11-ին, Հայոց նահապետ Հայկ դիւցազնը* չընդունելով բռնակալ Տիտանեան Բէլի բռնատիրութիւն-աստուածութիւնը, ապստամբելով անոր դէմ, Վանայ լիճի արեւելեան ափին՝ Հայոց ձոր գաւառի (Վասպուրական), Խոշաբ գետի հովիտին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտին, նկատելով նահանջ տուող ու բլուր բարձրացող Բէլին, մինչեւ վերջ կը քաշէ իւր լայնալիճ աղեղն ու իսկոյն ձգելով պրկաքաշ լարը (բուսական թել կամ աղիք) կը նետահարէ անոր եւ երեքթեւեան նետը կ’անցնի Բէլի կուրծքին պղնձեայ տախտակէն ու թիկունքէն եւ ուժգնօրէն գետին կը խրուի ու կը զգետնէ գոռոզ բռնակալին: Իսկ եօթներորդ դարու պատմիչ՝ Սեբէոս, Հայկի աղեղը եւ Բէլի զգետնումը կը նկարագրէ այսպէս՝ «Յաբէթի որդին՝ Հայկ մօտեցաւ, ձեռքը բռնած ունենալով աղեղը՝ մայրիի փայտէ շինուած զօրաւոր գաւազանի պէս: Հայկ կանգ առաւ եւ աղեղով անոր դէմ [ճակատելու] պատրաստուեցաւ: Կապարճը իր քով գետին դրաւ, ապա նետ մը անցուց հսկայ աղեղի օղակին մէջ եւ իր գրկին տարածութեամբ աղեղը լարելով՝ նետով ուժգին հարուածեց [Բէլի] երկաթէ զրահը. նետը ծակեց պղինձէ վահանը եւ մտաւ անոր մարմնին մէջ եւ դուրս գալով՝ գետին խրեցաւ: Աստուած կարծուած հսկան անմիջապէս գետին տապալեցաւ եւ անոր զօրքը փախուստ տուաւ»:

Հայկ նահապետի կոփածոյ պղնձեայ արձան (1970), Նոր-նորք՝ երկրոդ զանգուած, Երեւան (Քանդակագործ՝ Կառլէն Նուրիճանեան)

Լայնալիճ աղեղներու եւ առհասարակ նետ-աղեղներու օգտագործումը որպէս զինատեսակ առկայ են նաեւ Արարատեան թագաւորութեան (Ուրարտու կամ Վանի թագաւորութիւն) շրջանէն մնացած մշակութային ժառանգութենէն՝ Ք. Ա. IX – VI դարեր: Երկիր մոլորակի ամէնէն մեծ ու հարուստ թանգարանի՝ Էրմիտաժի (Ս. Փեթերսպուրկ, Ռուսաստանի Դաշնութիւն) Ուրարտական (Արարատեան) բաժինին մէջ բազում ուրարտական հնագիտական գտածոներու կողքին կը ցուցադրուի նաեւ Սարդուրի Բ. թագաւորի (գահակալած է Ք. Ա. 764–735 թուականներուն) պրոնզէ կապարճը՝ փորագրութեամբ եւ սեպագիր ձօնագրութեամբ: (տես՝ նկար 6): Սոյն կապարճը եւ լայնալիճ աղեղնաւորներ ներկայացնող վերատպուած գլանակնիքը յայտնաբերուած է Կարմիր Բլուրէն (Թէյշէպաինիէն): (տես՝ նկար 7)

նկար 6
նկար 7

Վան քաղաքի Հայկավանք թաղամասէն գտնուած է ուրարտական շրջանէն մնացած սեպագիր արձանագրութիւն մը փոքր քարի մը վրայ, զորս կը վերաբերի Արգիշտի Բ. թագաւորի (գահակալած է՝ Ք. Ա. մօտ. 714 – մօտ. 685 թուականներուն) նետաձգութեան, ուր արձանագրուած է՝ «Արգիշթէ Ռուսայի որդին նետը վերանետեց ճիշտ այդ տեղէն՝ Կիլուրա (գիւղի) (?) անտառի առջեւ(էն), մինչեւ Իշփիլէ Պաթուի որդի (Բատուորդի) այգին՝ ինն հարիւր յիսուն կանգուն» (950 կանգունը հաւասար է 492 մեթրի):

Պատմահայր Մովսէս Խորենացին հայոց անուանադիր Հայկ նահապետի թոռան՝ Արամանեակի որդւոյն մասին կը գրէ՝ «Հայկը անոնց (Արարադի երկրի** բնակիչներուն) իրեն հնազանդեցնելով՝ այնտեղ կալուածական բնակելի տուն կը շինէ (ինչ-որ լերան ստորոտին) եւ ժառանգութիւն կու տայ Կադմոսին՝ Արամանեակի որդւոյն»: Հայ հնագոյն մատենագրութեան մէջ «Կադմեաց տուն» կամ «Կադմոսի տուն {Ասորեստանի Թկլաթփալասար Ա. թագաւորի (Ք. Ա. 1115 – 1077) տարեգրութեան մէջ «Կադմեաց տուն»-ը յիշատակուած է՝ «Կադմուխի երկիր» անուամբ} տեղանունը կը համընկնի Մեծ Հայքի Կորճայք աշխարհի ամէնէն մեծ գաւառի՝ Կորդուքի կամ Կորդոյքի հետ, զորս յառաջացած է Կադմոսի անունէն:

Յոյն պատմագիր Քսէնոֆոն Աթէնացին (Xenophon of Athens, Ք. Ա. մօտ. 430 – 355/354) Կադմոսի ժառանգներուն օգտագործած լայնալիճ աղեղներու մասին որպէս ականատես կը յիշատակէ՝ «Անոնք գերազանց նետաձիգեր էին, ունէին համարեայ երեք կանգուն երկարութեամբ աղեղներ եւ աւելի քան երկու կանգուն երկարութեամբ նետեր: …Անոնց արձակած նետերը կը ծակէին վահաններն ու լանջապանակները: Հէլլէնները, երբ ադպիսի նետեր ձեռք կը ձգէին, ապա ատոնց կաշուէ փոկեր հարմարցնելով, կ’օգտագործէին տէգի փոխարէն»: Նոյն տեղեկութիւնը կը հաստատէ նաեւ յոյն պատմիչ Դիոդորոս Սիկիլիացին (Diodorus Siculus, Ք. Ա. մօտ. 90 – 21) իր «Պատմական գրադարան» (“Bibliotheca Historica”) երկին մէջ, գրելով՝ «Անոնք առանձնապէս վարժ էին պարսատիկներով խոշորագոյն քարեր արձակելու եւ յոյժ խոշոր նետեր օգտագործելու մէջ, …անոնց նետերը երկու կանգունէն աւելի երկար էին ու կը ծակէին թէ՛ վահանները, թէ՛ լանջապանները, եւ ոչ մէկ զրահ չէր դիմանար ատոնց հարուածին: Կորդուխները այնպիսի խոշոր նետեր կ’օգտագործէին, որ հէլլէնները անոնց արձակած նետերուն կաշիէ բռնակ ամրացնելով, ատոնք իբրեւ տէգ կ’օգտագործէին»:

Հռոմէացի յոյն պատմիչ Դիոն Կասիոս (Lucius Claudius Cassius Dio Cocceianus, մօտ. 155 – 235) իր «Հռոմէական Պատմութիւն» («Historia Romana») երկին մէջ կը գրէ՝ «Այդ ժամանակ [Ք. Ա. 69 թուականին] Լուկիոս Լուկուլլոս պատերազմին մէջ յաղթելով Ասիայի տիրակալներ Միհրդատին եւ արմէն Տիգրանին, եւ ստիպելով անոնց, որ խուսափին ճակատամարտէ, կը պաշարեն Տիգրանակերտը: Բայց բարբարոսները նետաձգութեամբ եւ (պաշարողական) մեքենաներու վրայ թափած նաւթով մեծապէս վնասեցին անոր: Այս դեղանիւթը կուպրաշատ էր եւ բոցավառուող, այնպէս որ կը հրկիզէր այն ամէնը, որուն կը կպչէր, եւ ոչ մէկ հեղուկով դիւրին չէր զայն հանգցնել», ապա կը շարունակէ՝ «Այսուհանդերձ թշնամիները (իմա՝ հայերը) որեւէ վնաս չկրեցին. այլ անոնք ետ դառնալով եւ հետապնդողներուն նետահարելով, շատերուն իսկոյն սպաննեցին, իսկ շատ-շատերուն ալ վիրաւորեցին: Ու վերքերը ծանր էին եւ դժուար բուժելի. Քան զի անոնք կը գործածէին երկծայր նետեր, եւ ծայրերը այնպէս էին զիրար ագուցուած, որ նետերը թէ՛ մարմնի որեւէ մասին մէջ մնալու եւ թէ՛ դուրս քաշելու պարագային, արագօրէն կը սպաննէին, որովհետեւ երկաթեայ ծայրերէն մէկը, որ չէր ամրացած, կը մնար վէրքի մէջ»:

Հռոմէա-պարթեւական տասնամեայ պատերազմին (54 – 64 թուականներ), պատերազմական գործողութեանց թատերաբեմ դարձաւ նաեւ Հայաստանը եւ Հայաստանի մէջ յանձինս Պարթեւստանի թագաւոր Վաղարշ Ա-ի (Vologases I of Parthia, գահակալած է՝ 51 – 78 թուականներուն) կրտսեր եղբօր՝ Տրդատի, Արշակունեաց արքայատոհմի ամրապնդումն ու հաստատումը դարձաւ փաստացի, իսկ Ք. Ա. 64 թուին հռոմէական ու հայ-պարթեւական հրամանատարութեանց միջեւ կնքուած Հռանդէայի պայմանագրով՝*** իրաւացի,21 պայմանաւ, որ Տրդատ անձամբ մեկնէր Հռոմ եւ թագադրուէր Նէրոն կայսրի (Nero Claudius Caesar Augustus Germanicus, գահակալած է՝ 54 – 68 թուականներուն) ձեռամբ: Տրդատին Նէապոլիս եւ Հռոմ քաղաքներուն մէջ կը ցուցաբերեն մեծ ընդունելութիւն եւ անոր պատուին կը կազմակերպեն շքեղ հանդէսներ ու մրցախաղեր: Հռոմէացի յոյն պատմիչ Դիոն Կասիոս վերոյիշեալ նոյն երկին մէջ կը գրէ, որ Նէրոն կայսր Տրդատի {Տրդատ Ա. եղած է Հայաստանի Արշակունեաց արքայատոհմի հիմնադիրը: գահակալած է՝ Ք. Ե. 52 (66) – 75/88 թուականներուն} պատուին կազմակերպած կրկէսային խաղերու ժամանակ՝ «…ան (իմա՝ Տրդատ կամ Տիրիդատէս) իր բարձրադիր աթոռէն նետահարեց գազանին եւ մէկ նետումով մէկ անգամէն երկու ցուլ վարսեց եւ սպաննեց»:

Ափսո՜ս, որ մեր միջնադարեան աղբիւրները ցոյց կու տան, որ նետ-աղեղը նաեւ ի գործ դրուած է նախարարական տուներու միջեւ անհամաձայնութիւնները «լուծելու» ի խնդիր: Հինգերորդ դարու պատմիչ՝ Փաւստոս Բուզանդ, իր «Պատմութիւն Հայոց» երկին մէջ կը յիշատակէ հայր մարդպետի (ներքինիի) սպաննութիւնը Շաւասպ Արծրունիի ձեռամբ, ինչպէս նաեւ Մերուժան Արծրունիի զինակիցներէն մէկուն սպանութիւնը հայոց սպարապետ՝ Վաչէ Մամիկոնեանի մանկահասակ որդւոյն՝ Արտաւազդի ձեռամբ՝ «Շաւասպը (որսորդութեան ժամանակ) քիչ մը ետ մնաց եւ հայ ներքինիին ետեւէն մէջքէն նետահարեց, այնպէս, որ նետը անոր մարմնով անցաւ: Ան գետին գլորուեցաւ ու մեռաւ», ինչպէս նաեւ՝ «Իսկ ան (մանուկ Արտաւազդը) ուժերը լարելով՝ նետահարեց անոր եւ նետը մարմինը թափանցելով  գետին ինկաւ» (սոյն իրադարձութիւնները կը վերաբերին Ք. Ե. չորրորդ դարուն): Սոյն ժամանակաշրջանին կը վերաբերի նաեւ Վայոց ձորի Եղեգնաձորի շրջանի Արենի գիւղի մօտ գտնուող քարանձաւներէն մէկուն մէջ 1978 թուականին յայտնաբերուած նմանատիպ աղեղը (թուագրուած է 4 – 7-րդ դարերով), որուն երկարութիւնը 1 մեթր եւ 25 սանթիմեթր է: Աղեղը գտնուելով քարանձաւի խորքը, զերծ մնալով ցուրտի, տաքութեան ու խոնաւութեան քայքայիչ ազդեցութենէն, պահպանուած է գրեթէ ամբողջական վիճակով: (գծագիրը տես՝ նկար 8)

նկար 8

Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշթոցի կրտսեր աշակերտներէն մին, սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի զօրականն ու դպիրը եւ Վարդանանց պատերազմի մասնակից ու ականատես՝ Եղիշէ պատմիչ (մօտ. 410-415 – մօտ. 470-475), իր «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմի» երկին մէջ անդրադառնալով պարսից բանակի Մեծ հազարապետ Միհրներսեհի եւ անոր կողմէ Վասակ Սիւնիէն հայոց բանակին վերաբերեալ քաղած տեղեկութեանց մասին, կը գրէ՝ «Միհրներսեհ… կը հարցնէր եւ կը ստուգէր, թէ ընդամէնը քանի՞ մարդ կայ Վարդանի գունդին մէջ: Երբ անկէ լսեց, որ վաթսուն հազարէն աւելի են, նաեւ տեղեկութիւններ պահանջեց իւրաքանչիւրի քաջութեան մասին, կամ թէ՝ անոնցմէ քանի հոգի սպառազէն են, եւ կամ քանի՞ հոգին առանց զէնքի լոկ աղեղնաւորներ են, նոյնիսկ եւ վահանաւոր հետեւակներու մասն»: Եղիշէ ապա նկարագրելով պատերազմի աւարտի մղձաւանջային իրավիճակը կը գրէ՝ «Այնտեղ պէտք է տեսնել նիզակներու կոտորումն ու աղեղներու խորտակումը. ուստի եւ չէին կրնար ստոյգ որոշել երանելիներուն սուրբ մարմինները. եւ սաստիկ խուճապ ու իրարանցում էր երկու կողմերու ինկածներուն համար: Իսկ անոնք որոնք [ողջ] մնացած էին, ցիրուցան եղան ամուր ձորերու լեռնադաշտերը. եւ երբ պատահաբար իրար հանդիպէին դարձեալ զիրար կը սպաննէին: Եւ այսպէս դաժան գործը շարունակուեցաւ մինչեւ արեւուն մար մտնելը»: Իսկ հինգերորդ դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցին (442 – 510) պատմելով Աղուանից աշխարհի Խաղխաղ քաղաքի մօտ (ըստ Փարպեցիի՝ գիւղ) 450 թուականին հայոց բանակին կողմէ Սեբուխտ զօրավարի գլխաւորած պարսկական պատժիչ զօրքերուն ծանր պարտութեան մատնելու եւ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի փեսային՝ Արշարունեաց իշխան Արշաւիր Կամսարականի սխրագործութեանց մասին, կը գրէ՝ «Իսկ պարսից աւագներէն ոմանք, նաւեր նստած կը փութային փախչիլ մեծ գետի [Կուր գետ] այն կողմը: Հայոց երանելի զօրավար Վարդանն Արշարունեաց իշխան Արշաւիր Կամսարականին ստիպեց շտապով նետեր արձակել նաւով փախչողներուն ետեւէն, որովհետեւ վստահ էր անոր դիպուկ ու անվրէպ նետաձգութեան վրայ»:

Պատմագիր Թովմա Արծրունին (IX դարու երկրորդ կէս – X դարու սկիզբ) մանրամասնօրէն պատմելով 851 թուի արաբներու Բուղա զօրավարի դէպի Հայաստան կատարած արշաւանքի եւ հայ զօրավար ու իշխան Գուրգէն Արծրունիի  կամ Գուրգէն Ապուպէլճի գլխաւորութեամբ (ան մօր կողմէ Մամիկոնեան տոհմէն էր. 852 թուականին ճանչցուած է Վասպուրականի տիրակալ եւ իշխած է շուրջ եօթը տարի) հայ ժողովուրդի մղած ազգային ազատագրական պայքարի եւ մասնաւորապէս Մեծ Հայքի Կորճայք նահանգի, Որսիրանք գաւառի՝ Թով (Թուայ) գիւղի մօտ գտնուող Արեան լիճի տարածքին մէջ հայոց բանակի արձանագրած յաղթական ճակատամարտի մասին կը գրէ՝ «Իրաքանչիւր տղամարդ ուժգնօրէն կը զգետնէր իւր ախոյեանին եւ կը նետուէր մէկ ուրիշի մը ետեւէն: Բազմակուտակ նիզակներու սաստիկ բախումէն, զէնքերու փայլքէն, սուրերու շողշողումէն եւ լարուած աղեղներու սուլոցէն դուրս կը ցայտէր կայծակ, ինչպէս ամպի որոտէն, եւ կը թուար, թէ լեռը հուրէն կ’այրէր»:

Անգամ իսկ Աստուածաշունչի հին կտակարանի, հնագոյն առասպելներու եւ հին հայկական վիպական աւանդոյթներու համաձոյլ յենքի վրայ հիւսուած ու հայոց անպարտելի ոգին արտացոլող՝ «Սասնայ Ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական դիւցազնավէպի հերոսներուն մօտն ալ (Մեծ ու Փոքր Մհերներ եւ Դաւիթ) ակնյայտ են նետ ու աղեղի օգտագործումը, սակայն, որպէս որսորդական զինատեսակ.

«… էդ վախտ Սառյէն (Ձենով Յովանի կինը) ասաց.

– Դաւի՛թ, էդա քո հօր նետ-աղե՛ղն է,

Էնով Մհեր (Մեծ Մհեր) որսի կ’երթար,

Դաւի՛թ էր՝ խնդացաւ,

Զնետ-աղեղ առաւ,

Բերեց մաքրեց, լուաց,

Ժանգեր-մանգեր քերեց,

Զնետ-աղեղ իր թեւ եթար

Ու ամէն օր որսի կ’երթար»:

Միջնադարեան մատենագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ հայկական հեծելազօրի աղեղնաւոր զինուորները պատերազմի ժամանակ թշնամիներուն խոցած են նաեւ թունաւոր նետերով, զորս վառ ձեւով արտայայտուած է 12-րդ դարու յայտնի հայ բանաստեղծ, մատենագէտ, երաժիշտ-երգահան, քաղաքական գործիչ եւ հայոց կաթողիկոս ( 1166 թուականէն)՝ Ներսէս Շնորհալիի {Ներսէս Դ. Կլայեցի, (1098, ըստ Միքայէլ Չամչեանի, կամ՝ 1100 – 1173)} սոյն հանելուկին ընդմէջէն.

«Օձն փայտ է թեւաւոր,

Տուտն երկաթ է թունաւոր,

Նա թռչելով խոցէ ի խոր,

Զով հարկանէ մեռնի բոլոր»:

Հայ պատմիչ՝ Մատթէոս Ուռհայեցին (11-րդ դարու առաջին կէս – 1138 – 1144 թուականներու միջեւ) անդրադառնալով Պալակ (Բալագ) ամիրայի գլխաւորած թիւրքական բանակի Մնպիճ քաղաքի դէմ տարած յաղթական ռազմերթի մասին կը գրէ՝ «Անսահման ուրախութենէն ան (իմա՝ Պալակը) հանեց իւր երկաթապատ զրահը, եւ ճիշտ այդ պահուն բերդին մէջ գտնուող արեւապաշտ**** մը անոր թիկունքին նետ արձակեց եւ մահացու վէրք հասցուց»:

Աղեղնաւորներէն արձակուած նետերը նաեւ ծառայած են որպէս նամակատար-խորհրդատար: Վրաց գահակալական կռիւներու պատճառաւ, վրաց սպասալար (զօրապետ, հրամանատար) եւ թագաժառանգ Դեմնայի խնամակալ՝ Իվանէ Օրբէլեանը խոյս տալով վրաց Գէորգի Գ. (գահակալած է՝ 1156 – 1184 թուականներուն) թագաւորէն, ամրացած էր Լոռէ բերդին մէջ: Թագաւորը 1177 թուականին կը պաշարէ բերդը: Բերդէն դուրս գտնուող Իվանէի սիրելի մեծամեծներն ու համախոհները նետերով խրատագրեր կ’արձակեն դէպի բերդը, Իվանէին առաջարկելով, որ հնազանդի թագաւորին: Նոյն կերպ Իվանէն կը վարուի եւ անհամաձայնութեան պատասխան կը ղրկէ: Բախումները հետզհետէ կը սաստկանան: Բերդին մէջ գտնուող Դեմնան (Գէորգիի եղբօր որդին) կամաւոր կը յանձնուի թագաւորին: Անկէ ետք, թագաւորը խաբէութեամբ ու սուտ խոստումներով իր մօտ կը հրաւիրէ Իվանէին եւ դրժելով իր խոստումը, դաժանօրէն անոր աչքերը փորել կու տայ, իսկ թագաժառանգ Դեմնային աչքերը հանելով ու ամորձատելով անոր կը զրկէ ժառանգականութեան իրաւունքէն:

Նուազագոյնը հինգհազարամեայ անցեալէն եկած աննկուն որսորդներէն մինչեւ անվեհեր ու խիզախ հայ զինուորը հազարամեակներ շարունակ փաստած է իւր անպարտելիութիւնը (չնայած պատմութեան ընթացքին արձանագրած ենք նաեւ պարտութիւններ եւ յուսալքութիւններ)*****, եթէ ան չդառնար ներքին անհամաձայնութիւնները «հարթելու» գէթ շահագործման գործիք. ուստի երբեք պատահական չէր, որ պարսից Աքէմէնեան արքայատոհմի ներկայացուցիչ Դարեհ Ա. կամ Դարեհ Վշտասպեան (գահակալած է՝ Ք. Ա. 522-486 թուականներուն) արքան մեզմէ շուրջ 2550 տարի առաջ յայտարարէր՝ «Հայերուն անհնար է յաղթել, անոնց հնարաւոր է միայն պառակտել»:  

Հայ նետաձիգ զինուորներ, 12-13-րդ դարեր, Խաչէնա-գետի վերնահովիտ, Գանձասարի շրջակայ (թուային նկարները հնագէտ՝ Համլէթ Պետրոսեանինն է)

Ղուկաս Սեբաստացին գրի առնելով հայ ազատագրական շարժման գործիչ եւ Դաւիթ Բէկի մղած մարտերուն մասնակից Ստեփանոս Շահումեանի պատմածները, իւր «Ընտիր Պատմութիւն Դաւիթ Բէգին…» կամ «Պատմութիւն Ղափանցւոց» վերնագրած երկի աւարտին կը գրէ՝ «…թէ չա՛ր է արդարեւ, եւ դժնդա՛կ  չար Անմիաբանութիւնն ընկերաց ի մէջ հասարակութեան. եւ նախադասելն զբարին եւ զօգուտն իւրոյ անձին քան զբարին հասարակութեան, եւ յորում հասարակութեան եւ գտանիցի չարս այս՝ առժամայն եղծանէ, ապականէ եւ ընդունայնացուցանէ զհասարակութիւնն զայն՝ թէ» տուն իցէ, թէ» քաղաք, թէ» ազգ իցէ եւ թէ» անպարտելի թագաւորութիւն մեծ»******: Իսկ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, հայ ականաւոր պատմաբան, քերական, լեզուաբան, աստուածաբան եւ մանկավարժ Միքայէլ Չամչեանց (1738 – 1823) կը գրէ, որ 1728 թուականին,  Դաւիթ Բէկի մահէն ետք հայերը հետզհետէ սկսան տկարանալ, վասն զի՝ «…եմուտ «ի մէջ նոցա անմիաբանութիւն. ոմանք «ի կողմն  Մխիթարայ լինելով, ոմանք «ի տէր Աւետիքի, եւ ոմանք «ի կողմն այլոց. եւ եղեն միմեանց մատնիչք»*******։

Անմիաբանութիւն, անմիաբանութիւն եւ անմիաբանութիւն, զորս դարեր շարունակ եւ անգամ իսկ այսօր եղած է հայոց Աքիլլէսեան գարշապարը եւ մեր յաղթանակներու դամբանաքարը:

Սիւնիքի ազատագրական շարժման առաջնորդ Դաւիթ Բէկի յաղթական երթը իրանական խաներու եւ թրքական նուաճողներու դէմ (կը գտնուի Կապան քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքի մուտքի դահլիճին մէջ (Ցաւօք սրտի մեծդիր այս կտաւը անհեղինակ է)

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

*Հայկ նահապետի մասին Պատմահայր Մովսէս Խորենացին իր «Պատմութիւն Հայոց» երկին մէջ կը գրէ, որ՝ «Աստուածներէն առաջինները ահեղ էին եւ երեւելի…, ասոնցմէ առաջ եկաւ հսկաներու սերունդը, խոշոր, յաղթանդամ, վիթխարի մարդիկ…, Հայկը (նոյնպէս) երեւելի հանդիսացաւ հսկաներուն մէջ, …ան վայելչակազմ էր, թիկնաւէտ, գեղագանգուր մազերով, վառվռուն աչքերով, հաստ բազուկներով: Ան հաստ աղեղով ու հզօր նետաձիգ էր, անուանի եւ քաջ նախարար»: (Տես՝ Մովսէս Խորենացի, «Պատմութիւն Հայոց», Երեւան, 1968, էջ 85 – 86): Եօթներորդ դարու պատմիչ՝ Սեբէոս (յայտնի եւ նաեւ Սեբէոս Բագրատունի անուամբ), իր «Պատմութիւն Սեբէոսի եպիսկոպոսի ի Հերակլն» երկին մէջ Հայկ նահապետի մասին կը գրէ՝ «Եւ արդ՝ այս Հայկը զօրութեամբ հզօր, էութեամբ բարի, աղեղով կորովի եւ քաջամարտիկ էր: …Հայկ անունով մէկը՝ ազգերու նահապետ, չհնազանդեցաւ անոր (Բէլի) ծառայութեան…» եւ պատերազմի պահուն՝ «Աբէթեան Հայկը… գետնէն վեր տնկեց նետը լայնալիճ աղեղի մէջ եւ քաշելով աղեղը՝ նետով ուժգին հարուածեց [Բէլի] երկաթէ զրահը. նետը ծակեց պղնձէ վահանը եւ մտաւ անոր մարմնին մէջ եւ դուրս գալով՝ գետին խրեցաւ: Աստուած կարծուած հսկան անմիջապէս գետին տապալեցաւ եւ անոր զօրքը փախուստ տուաւ»: (Տես՝ Սեբէոս, Պակմութիւն, Երեւան, 2005, էջ 9 – 11) Իսկ XI դարու վրացի պատմիչ, եպիսկոպոս Լէոնտի Մրովէլի կամ Լէոնտիոս Ռուիսեցի իր «Քարթլիս ցխովրեբա» («Քարթլիի կեանքը») երկին մէջ կը գրէ, որ «Թորգամոսի (Թորգոմի) որդիներուն մէջ յայտնի դարձան ութը քաջարի եւ անուանի հսկաներ, որոնց մէջ Հաոսը (Հայկը) ամէնէն հսկան էր, որովհետեւ անոր պէս՝ հասակով, ուժով եւ արիութեամբ ոչ ոք երբեք չէ եղած ոչ ջրհեղեղէն առաջ ոչ ալ վերջը, …եւ եօթը հսկաներուն կառավարիչն ու իշխանն էր, եւ այսպէս բոլորը հպատակ էին անոր, եւ բոլորը մէկ լեզու ունէին՝ սոմեխերէն (հայերէն)»: {Տէս՝ Վրաց աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին, Լէոնտիոս Ռուիսեցի (Լէոնտի Մրովէլի), «Վրաց թագաւորների եւ նախահայրերի ու տոհմերի պատմութիւնը», [Թորգոմեանք], Երեւան, 1934, էջ 143 – 147}:

** Արարադի երկիրը Մեծ Հայքի Այրարատ աշխարհը չէ, այլ անկէ դէպի հարաւ-արեւմուտք տարածուող երկրամասը՝ Վանայ լիճէն դէպի հարաւ:

*** Հռանդէայի պայմանագիրը կնքուած է 64 թուին, Անձիտ գաւառի Հռանդէա վայրին մէջ, հռոմէական ու հայ-պարթեւական հրամանատարութեանց միջեւ, տասնամեայ պատերազմի (54 – 64) ժամանակ հռոմէական զորավար Լուկիոս Պետոսի պարտութենէն ետք։ Հռանդէայի պայմանագրով Հռոմը Տրդատ Ա-ին ճանաչած է Հայոց թագաւոր: Պայմանագրի համաձայն՝ վերականգնուած են Մեծ Հայքի սահմաններն ու անկախութիւնը, հռոմէական եւ պարթեւական զօրքերը դուրս բերուած են Մեծ Հայքի տարածքէն։ 65 թուականին Տրդատ մեկնած է Հռոմ, ուր Նէրոն կայսրի ձեռամբ թագադրուած է հայոց թագաւոր եւ վերադարձած՝ Հայաստան, հիմքը դնելով Մեծ Հայքի Արշակունեաց արքայատոհմին։

**** Մատթէոս Ուռհայեցիի երկի ծանօթագրութեան մէջ (էջ 340) կը կարդանք՝ ամենայն հաւանականութեամբ «արեւապաշտ» ըսելով նկատի ունի արեւորդիներու աղանդին վերաբերող անձնաւորութիւն: Իսկ ՀՍՀ-ի մէջ կը կարդանք հետեւեալը՝ Արեւորդիները կամ Արեւորդիք Հարաւային Հայաստանի, Միջագետքի եւ Կիլիկիոյ մէջ՝ XI-XII դարերուն տարածուած քրիստոնէական աղանդաւորական շարժման հետեւորդներն են, ազգութեամբ՝ հայեր, հաւանաբար եւ ասորիներ (ՀՍՀ, Հատոր 2, Երեւան, 1976, էջ 46):

*****Հայ պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցին (1200 – 1271) նկարագրելով Հայաստանի մէջ թաթար-մոնկոլներու սանձազերծած վայրագութիւնները, ինչպէս նաեւ հայոց դիմադրութեան թուլացումը կը գրէ՝ «…աղեղնաւորներու կորովի ձեռքերը կը թոյլնային, սուրեր ունեցողները կը թաքցնէին, որպէսզի թշնամիները չտեսնեն ու անողորմ չսպանեն» (Կիրակոս Գանձակեցի, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1982, էջ 173):

******Արեւմտահայերէնի վերածումը մերն է՝ «…որ արդարեւ ընկերներու անմիաբանութիւնը չարիք է, այն ալ՝ ահաւոր չարիք. հասարակական շահի նկատմամբ անձնական շահն ու օգուտը գերադասելն, ինչպիսի՛ հասարակութեան մէջ ալ յայտնաբերուի այս չարիքը, իսկոյնեւեթ կ’այլասերէ, կ’ապականէ եւ կ’իմաստազրկէ հէնց այդ հասարակութեան՝ այդ տուն ըլլայ թէ քաղաք, այդ ազգ ըլլայ թէ անպարտելի մեծ թագաւորութիւն»:

*******«…անոնց մէջ անմիաբանութիւն մտաւ. ոմանք Մխիթարի կողմը ըլլալով, ոմանք տէր Աւետիքի, եւ ոմանք այլոց կողմ. եւ միմեանց նկատմամբ մատնիչներ եղան»:

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

  1. Ս. Ի. Պերշից…, Նախնադարեան Հասարակութեան Պատմութիւն, Երեւան, 1988, էջ 154: Տես նաեւ՝ ՀՍՀ , հատոր 12, Երեւան, 1986, էջ 427 – 428:
  2. 2-Սանդրօ Սարդարեան, Հայաստանը Քաղաքակրթութեան Օրրան, Երեւան, 2004, էջ 94:
  3. Սանդրօ Սարդարեան, Հայաստանի ժայռապատկերները քարի դարից մինչեւ բրոնզի դար, Երեւան, 2010 թ., Էջ 7:
  4. Ա. Գ. Աբրահամեան, Հայոց գիր եւ գրականութիւն, Երեւան, 1978 թ., էջ 27 (տես էջատակի բացատրութեան մէջ):
  5. Սուրէն Պետրոսեան, Հայկական ժայռապատկերներ, Երեւան, 2005 թ., էջ 15:
  6. Ս. Մ. Այվազեան, Հնագոյն Հայաստանի մշակոյթի պատմութիւնից, Երեւան, 1986 թ., էջ 83:
  7. Յ. Ա. Մարտիրոսեան, Հայաստանի նախնադարեան նշանագրերը, Երեւան, 1973, էջ 44, աղիւսակ XIII, նկարներ՝ 6 – 7: Տես նաեւ՝ Յ. Ա. Մարտիրոսեան, Գիտութիւնն սկսւում է նախնադարում, Երեւան, 1978, էջ 165, աղիւսակ XXXV գ., նկարներ՝ 6 – 7:
  8. Վահան Յովհաննէսեան, Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել, Երեւան, 2015, էջ 94:
  9. Գիտութիւն եւ Տեխնիկա, No: 4 (212) Ապրիլ 1981, էջ 22 եւ 23` նկար 8:
  10. Նիկողայոս Ադոնց, Հայաստանի պատմութիւն, Երեւան, 1972, էջ 13:
  11. Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Յուշիկք հայրենեաց հայոց, Ս. Ղազար – Վենետիկ, 1869, Հատոր Ա., էջ 76 – 104:
  12. Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Գիրք առաջին՝ Ժ-ԺԱ, Երեւան, 1968, էջ 86-89:
  13. Պատմութիւն Սեբէոս Եպիսկոպոսի, Անթիլիաս, 1990, Էջ 77 – 78:
  14. 14-Կարմիր Բլուրի մասին առաւել մանրամասն տեղեկութեանց համար՝ Karmir Blur, compiled by B. B. Piotrovsky, Aurora Art Publishers, Leningrad, 1970 (English and Russian).
  15. Հայ ժողովրդի պատմութեան քրեստոմատիա, Հատոր Ա., Երեւան, 1981, էջ 87:
  16. Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, էջ 86:
  17. Հայկական սովետական հանրագիտարան (ՀՍՀ), Հատոր 5, Երեւան, 1979, էջ 645-646:
  18. Քսէնոֆոն, Անաբասիս, Երեւան, 1970, Գիրք չորրորդ, դրուագ II (28), էջ 88:
  19. Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին, Հին յունական աղբիւրներ Բ., Դիոդորոս Սիկիլիացի, Երեւան, 1985, Գիրք XIV, Գլուխ XXVII (4 – 6), էջ 66: Տես նաեւ՝ Հայ ժողովրդի պատմութեան քրեստոմատիա, Երեւան, 1881, էջ 174:
  20. Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին, Հատոր 9, հին յունական աղբիւրները Ա., Յովսէպոս Փլաւիոս եւ Դիոն Կասիոս Կոկկէյանոս, «Հռոմէական պատմութիւն», Երեւան, 1976, Գիրք 36 (1 – 2), էջ 125, ինչպէս նաեւ Գիրք 36 (5,1 – 5,2), էջ 128: Տես նաեւ՝ Հայ ժողովրդի պատմութեան քրեստոմատիս, Երեւան, 1981, Գիրք 36 (1 – 2), էջ 275, ինչպէս նաեւ Գիրք 36 (5,1 – 5,2), էջ 277:
  21. Յակոբ Մանանդեան, Հատոր Ա., Երեւան, 1977, էջ 338…: Տես նաեւ՝ Հայոց Պատմութիւն, ԵՊՀ հրատարակութիւն, Երեւան, 2012, էջ 62…:
  22. Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին, Հատոր 9, հին յունական աղբիւրները Ա., Յովսէպոս Փլաւիոս եւ Դիոն Կասիոս Կոկկէյանոս, «Հռոմէական պատմութիւն», Երեւան, 1976, Գիրք 63 (3,2), էջ 203: Տես նաեւ՝ Հայ ժողովրդի պատմութեան քրեստոմատիս, Երեւան, 1981, Գիրք 63 (3,2), էջ 353:
  23. Փաւստոս Բուզանդ, «Պատմութիւն Հայոց», Երեւան, 1968, Շորրորդ դպրութիւն, գլուխ ԺԴ (էջ 167) եւ Հինգերորդ դպրութիւն, գլուխ ԽԳ (էջ 291):
  24. Բանբեր Երեւանի համալսարանի, 1981, No: 3, էջ 127-138:  
  25. Եղիշէ, Վարդանանց Պատմութիւնը, Երեւան, 1958, Չորրորդ գլուխ, էջ 88 եւ Հինգերորդ գլուխ, էջ 107-108:
  26. Ղազար Փարպեցի, Հայոց Պատմութիւն եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկունեան, Երեւան, 1982, Դրուագ Բ., ԼԵ (էջ 155):
  27. Թովմա Արծրունի եւ անանուն, Պատմութիւն Արծրունեաց տան, Երեւան, 1978, Դպրութիւն երրորդ, Դ (էջ 162):
  28. Սասունցի Դաւիթ (Հայկական ժողովրդական էպոս), Երեւան, 1939, էջ 215:
  29. Բաբգէն Առաքելեան, Քաղաքները եւ արհեստները Հայաստանում IX – XIII դդ., Երեւան, 1958, էջ 145:
  30. Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, Երեւան, 1973, էջ 240:
  31. Ստեփանոս Օրբէլեան, Սիւնիքի Պատմութիւն, Երեւան, 1986, էջ 312 – 314:
  32. Ղուկաս Սեբաստացի, Դաւիթ Բէկ Ընտիր Պատմութիւն, Լոս Անճելըս, 1998, էջ 152-155:
  33. Միքայէլ Չամչեանց, Պատմութիւն Հայոց…, Վենետիկ, 1786, հատոր գ., էջ 799:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին