Բարեւ Հայրենիքէն:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 16 Յուլիս 2022-ի թիւին մէջ Վահան Թէքէեան Մայր Վարժարանիս այս տարուան հունձքին լրատուութիւնը կարդալով եւ լուսանկարները տեսնելով, ուրախութիւն ապրեցայ:
Տարիներու գահավէժ անկումէ ետք, զգալի, յուսադրիչ յառաջընթաց մը կը նշմարուի: Վստահաբար, մեծ ճիգ թափուած է այս արդիւնքին հասնելու համար:
Յաջողութիւն եւ կորով տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձութեան՝ իրենց արձանագրած այս դրական շրջադարձը բազմապատկելու գալիք տարիներուն: