Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան ու «Արեւ»ի շրջանակի անունով  խորագին մեր վիշտը կը յայտնենք Տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի անժամանակ մահուան տխուր առթիւ։

Անմխիթար ցաւ մը հանգուցեալի ընտանիքին եւ անփոխարինելի կորուստ մը ՀԲԸՄ Գահիրէի շրջանակին եւ առհասարակ` եգիպտահայ գաղութին համար։

Վստահ ենք որ Տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի բազմազան, երկարատեւ, նուիրեալ ու շահաւէտ աշխատանքի արդիւնքներուն շարունակութիւնը, անոր ձգած անմոռանալի հետքն ու բարի յիշատակը վառ պիտի մնան ու որպէս փայլուն օրինակ պիտի ծառայեն մեր գաղութի երիտասարդութեան ու գալիք սերունդին համար։

Սրտագին մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք ՀԲԸՄ Գահիրէի շրջանակին, Տոքթ. Ճիզմէճեանի ընտանիքին, մօր, տիկնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։

Երկնային արքայութիւն, լոյս եւ խաղաղութիւն Տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի հոգւոյն։

ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութիւն եւ «Արեւ»ի շրջանակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին