Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Սփիւռքահայերու Համար ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը Խստացնելու ԱԱԾ-ին Առաջարկը Եւ Գորշ Գայլը

Տեսանկիւն

Մինչ Հայաստանի մէջ կը վխտան ամէն տեսակի ու պատկանելիութեամբ անյստակ կամ կասկածելի այսպէս կոչուած բնակիչներ եւ զբօսաշրջիկներ, նոյնիսկ մշտական կեցութեան արտօնագիր ունեցող անձիք, ի մեծ զարմանս ինծի, բոլորին նման տեղեկացայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը: Նշեալ հրապարակումով, տուեալ մարմինը կ՝առաջարկէ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կարգի գործընթացը խստացնել, շարք մը տրամաբանական թուացող սակայն նաեւ տարօրինակ հիմնաւորումներով:

Սկսելու համար նախ ըսեմ, որ «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի փոփոխութեան առաջարկ ակնկալելի է օրէնսդիրի մը կողմէ, որ պէտք է անցնի խորհրդարանային  ու սահմանադրական գործընթացէ: Ոեւէ երկրի ԱԱԾ-ին բնական պարտականութիւնն է ստուգել քաղաքացիութեան համար հայց ներկայացուցած անձին պատկանելիութիւնը, կենսագրականն ու անձնական տուեալներու ենթահողը, եւ իր կողմէ ներկայացուած տեղեկանքի մը հիման վրայ տուեալ անձին ըստ օրինի կը շնորհուի քաղաքացիութիւն կամ պարզապէս կը մերժուի: Այս ընելու համար, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը արդէն իսկ ունի իրեն համար սահմանուած ժամանակամիջոցը, որուն ընթացքին այս դարուս կարելի է ամէն հետաքննութիւն հասցնել ընել պարզելու տուեալ անձին ինքնութիւնն ու ենթահողը: Յոռեգոյն պարագային կարելի է նաեւ տուեալ ժամանակամիջոցը երկարել փոխանակ թղթաբանական ու պիւրոքրաթական, երբեմն ալ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելու:

Ամէն պարագայի, Հայաստանի ԱԱԾ-ն իր վերոյիշեալ առաջարկը փորձած է հիմնաւորել հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. «… «Քաղաքացիութեան մասին» գործող օրէնքին նպատակը,  հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներու կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ հայ հանդիսանալու հանգամանքով պայմանաւորուած ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուած մը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն եղած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ․ «Իսկ որոշ պարագաներու ժամանած են միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցելու նպատակով եւ, իբրեւ կանոն, չեն իրականացներ հայանպաստ գործունէութիւն։ Բացի այդ, եղած են նաեւ դէպքեր, երբ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք՝ ՀՀ քաղաքացիի անձնագրերը օգտագործած են միայն այլ պետութիւններ ճամբորդելու հնարաւորութիւն ունենալու համար»։ Աւելին, ԱԱԾ-ն կ՛առաջարկէ սփիւռքահայի մը քաղաքացիութիւն տալու համար պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:  ԱԱԾ-ն յանգած է այն եզրակացութեան, որ հայերու համար սահմանուած խրախուսող չափանիշները փաստացի ոչ ամբողջապէս կ՝ապահովեն օրէնքով ներդրուած նպատակներու իրականացումը: «Ակնյայտ է, որ օտարերկրեայ պետութիւններու պարագային, յատկապէս առանձին պարագաներու ներքաղաքական սուր լարուածութեան եւ ռազմական գործողութիւններու գօտիներու մէջ, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ սահմանափակ միջոցներով, կարճ ժամկէտներու մէջ ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձի ներկայացուցած կենսագրական տուեալներու, ներառեալ` հայ ըլլալու փաստի արժանահաւատութեան անհրաժեշտ խոր եւ բազմակողմանի ստուգում իրականացնելը յաճախ անիրատեսական կը դառնայ»,- նշուած է հիմնաւորման մէջ։

Երեւութապէս տրամաբանական հնչող վերոյիշեալ հիմնաւորումներու փորձը սակայն կը մնայ դերի, դաւադրութեան տեսութիւն կամ մարդոց միտումները դատելու անարդար փորձ երբ տուեալ պատճառաբանութիւնները ընդհանրացուած են եւ չունին զայն արդարացնող այսպէս կոչուած ուսումնասիրութիւններուն թափանցիկ հրապարակումը: Մինչ անդին կան գուցէ դարձեալ դերի ուսումնասիրութեան մը տուեալներով մեծ թիւով սփիւռքահայեր, որոնց համար տրուած քաղաքացիութիւնը չափազանց զգացական է, մինչ շատ մը հայորդիներ հիմնուելով անոր վրայ եկած, հաստատուած են Հայաստան, տուներ հաստատած, գործեր բացած ու շատ յաճախ տեղւոյն գործի բարոյականի մշակոյթին մէջ դրական փոփոխութիւն մտցուցած եւ երկրին մէջ աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծած են:

Շարունակելու համար, նաեւ պէտք է շեշտել, որ հայորդիի մը Հայաստանի պետութեան կողմէ քաղաքացիութիւն տալը շնորհք մը պէտք չէ համարուի: Աւելին, սահմանադրութենէ եւ օրէնքէ անդին, իւրաքանչիւր հայորդիի համար Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրելը իր արեան իրաւունքն է եւ պէտք չէ քաղաքական պազարի, քմայքի կամ պահի մը տակ ծագած ենթադրութիւններու  կամ հաշիւի զոհը ըլլայ:

Կը մնայ այստեղ բարձրաձայն խորհրդածել հետեւեալները.

Ա. Հայաստանի իշխանութեան եւ անոր ենթակայ պատկան մարմիններուն կողմէ կա՞յ նոյնքան փութկոտութիւն իր իսկ քաղաքացին իր երկրին մէջ պահելու, մինչ դժգոհ է, որ նոր քաղաքացիութիւն ստացողներ ենթադրաբար անձագիրը ստանալէ ետք լքած են երկիրը:

Բ. Ներկայ իշխանութեան այն խոշոր յայտարարութիւնը, թէ 2050 թուականի Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի հասցնեն 5 միլիոնի, նման խոչընդոտում ներո՞վ է, որ պիտի իրականան, թէ նկատի ունին ոչ հայերով բնակեցում…:

Գ. Քաղաքացիութիւն ստացած եւ յետոյ երկիրը իբր թէ ձգածներու (առանց թիւի ու հրապարակումի) վիճակագրութեան մասին խօսող ԱԱԾ-ն ինչո՞ւ չի ծրագրեր կամ չի հրապարակեր նմանօրինակ վիճակագրութիւն մը այս անգամ ալ հաստատելու համար, որ տուեալ սփիւռքահայերէն քանինե՜ր մնացած են Հայաստան, ստեղծագործած հայրենի հողին վրայ, ընտանիքներ կազմած, զաւակները զինուորական ծառայութեան յանձնած ու շատեր ալ հայրենիքի զոհասեղանին վրայ մատաղ ըրած են իրենց հոգեհատորները:

Դ. Ըստ կարգ մը տուեալներու ու ականատեսներու վկայութեան, հայրենիքի մայրաքաղաքին ու շատ մը մարզերուն մէջ բնակող թշնամի երկիրներու քաղաքացիներն ու անոնց շարժումներն ու գործունէութիւնները վերահսկուա՞ծ են

Ե. Վերջերս մեր հայրենիքին լայնքին ու երկայնքին, ներառեալ սրբատեղիներ, բացայայտօրէն եւ ֆէյսպուքի կենդանի հրապարակումներով շրջած, ու ամենասուրբ Ծիծառնակաբերդը գորշ գայլի ոռնոցով պղծած, բացայայտ դէմքով, իր անունն ու մականունը հրապարակած թուրք զբօսաշրջիկին մասին նոյն ԱԱԾ-ն կամ այլ պատկան մարմիններ քայլի մը ձեռնարկա՞ծ են, որուն գուցէ տեղեակ չենք: Ծիծեռնակաբերդն ու մեր սրբատեղիները պղծել փորձող թուրքերու մուտքը արգիլող կամ սահմանափակող օրէնքի առաջարկներ ունի՞ն:

Զ. Ամէն պարագային, առաջարկուածին մէջ խտրականութեան նշոյլներ չկա՞ն:

Վերջապէս, ո՜վ պատկան մարմիններ Հայաստանի, Աստուծոյ եւ մեր հայրենիքին սիրոյն իմ ալ առաջարկս է դադրեցնէք Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մէջ կամայ, թէ ակամայ աւելի եւս սեպ խրող նմանօրինակ վերաբերմունքը ի սէր մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գոյատեւումին իր դիմագրաւած պատմական այս ամենադժուար հանգրուանին: Յետոյ ուշ պիտի ըլլայ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին