Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

AMAA-ի Գործադիր Տնօրէնը Պոլսոյ Առաքելութեան Դաշտը Կ՛այցելէ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 175ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներէն ետք, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան իր կնոջ Սոնային հետ 16 Յուլիսին մեկնեցաւ Պոլիս՝ կարճատեւ պաշտօնական այցելութեան մը: Անոնք ողջունուեցան Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ։

Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, արքեպիսկոպոս Պօղոս Լեւոն Զեքիեան եւ Զաւէն եւ Սոնա Խանճեաններ

17 Յուլիսիին, Խանճեան մասնակցեցաւ նշեալ եկեղեցւոյ պաշտամունքին եւ «Դուք էք աշխարհի լոյսը» բնաբանով իր պատգամը մատուց հայերէնով, իսկ վեր. Աղապալօղլու զայն թարգմանեց թրքերէնի։

18 Յուլիսին, Խանճեան եւ իր կողակիցը, վեր. Աղապալօղլուի ընկերակցութեամբ՝ այցելեցին Պոլսոյ պատրիարքարանը, ուր անոնք սիրով ընդունուեցան Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքին կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան եւ աթոռի Միջեկեղեցական բաժինի տեսուչ Տրդատ Ա. քհնյ. Ուզունեան։

Խանճեան նախ շնորհաւորեց պատրիարքին ընտրութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Խանճեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած  հանդիսութեան եւ երախտիքով յիշեց Նաթան արք. Յովհաննիսեանի միջոցաւ փոխանցուած  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնաբեր պատգամը, ինչպէս նաեւ պատրիարքին շնորհաւորականը, որոնք ընդունուած էին մեծ ուրախութեամբ։

Պատրիարքը անգամ մը եւս շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 175ամեակը եւ ընդգծեց մերօրեայ պայմաններուն մէջ Սուրբ Գիրքի քարոզութեան կարեւորութիւնը, նկատելով որ մեր ապրած ժամանակներուն, մարդիկ երբեմն Սուրբ Գիրքի նկատմամբ մերժողական կեցուածք որդեգրելը սխրագործութիւն կը նկատեն։ Ան մաղթեց, որ հաւատքով հրաշքներ ապրած մեր պապերուն օրինակով շարունակենք մեր քրիստոնէական հաւատքի կեանքը։

Խանճեան, նաեւ անդրադարձաւ Թուզլայի «Քեմփ Արմէն»ի վերակառուցման ծրագրին եւ յայտնեց, թէ կ՛ակնկալէին պատրիարքին բարոյական աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Պատրիարքը ընդգծեց, թէ հաստատութեան իրաւատէրը Հայ Աւետարանական համայնքն էր եւ քանի որ ծրագիրը առանց դաւանական խտրութեան պիտի օգտագործուէր հայ համայնքի անդամներու կողմէ, կատարուած աշխատանքը կ՛արժանանար պատրիարքարանի եւ Հայ Կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանի հետաքրքրութեան։ Նաեւ յայտնեց, թէ թելադրութիւններ ըրած էր կատարելի նուիրահաւաքման, ինչպէս նաեւ մատակարարութեան եւ վարչութեան համար մշակելի ծրագիրներու մասին։

Խանճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ այսպիսի նպատակի մը իրագործման համար միջհամայնքային հասկացողութիւն մը գոյացած էր։ Ան նաեւ ընդգծեց, թէ Պոլսոյ մէջ կար միջեկեղեցական առողջ յարաբերութիւններ, որոնց արդիւնքը եղած էր թրքերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով հրատարակուած քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները պարունակող գիրքը, որուն նմանը ցարդ չէ տեսնուած։ Պատրիարքը այս գիրքէն, ինչպէս նաեւ իր հեղինակած «Երկու Ուխտաւոր» գիրքէն օրինակներ նուիրեց հիւրերուն։

Նոյն օրը, Խանճեան եւ իր կինը, վեր. Աղապալօղլուի ուղեկցութեամբ այցելեցին Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի արքեպիսկոպոս Պօղոս Լեւոն Զեքիեանին, Պէյօղլուի Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան Մայր եկեղեցիին մէջ։ Հիւրերուն միացաւ նաեւ Վարդան քահանայ Գազանճեանը։ Անոնք քննարկեցին Պոլսոյ եւ տարածաշրջանի հայ համայնքին վերաբերող հարցեր։ Արքեպիսկոպոս Զեքիեան աջակցութիւն յայտնեց Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի վերակառուցմանը եւ հաստատեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի հակուածութիւնը՝ ներգրաւուելու ծրագրին։

18 Յուլիսին, Խանճեանները այցելեցին նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիին մէջ գտնուող Հրանդ Տինքի անուան դպրոցը։ Անոնք շփում ունեցան մանկապարտէզէն 9րդ դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնք հիւրերուն ներկայացուցին ասմունքի եւ երգերու փոքրիկ յայտագիր մը։ Յուզիչ էր տեսնել այս փոքր կղզին՝ պարտադրուած ազգային ինքնութեան «կէթօ»ն։ Այս երեխաները ու անոնց դպրոցը կը յիշեցնէր եւ հաւասարազօր էր նախկին «Պոլսոյ Պատանեկան Տան», երեխաներ, որոնք «դուրս մնացած են» համակարգէն, բայց ջերմօրէն ընդգրկուած Կէտիկփաշայի մեր եկեղեցիին կողմէ, որուն կ՛աջակցի նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը։ Երեխաները այստեղ կը ճանչնան, կը սորվին եւ կը գիտակցին իրենց ազգային ինքնութեան, ծագումին եւ քրիստոնէական հաւատքին։

«Քեմփ Արմէն»ի մէջ

19 Յուլիսին՝ Պոլիս իրենց այցելութեան վերջին օրը, Խանճեանները, վեր. Աղապալօղլուի, Հրանդ Տինքի անուան դպրոցի երեխաներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ «Քեմփ Արմէն»ի շինարարութեան յանձնախումբի անդամներուն, հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն, եւ Կէտիկփաշայի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն հետ այցելեցին «Քեմփ Արմէն»։ Քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած էր յատուկ հանրակառք մը, իսկ այցի աւարտին՝ ճաշ։ Ճամբարին մէջ հիւրերը վերյիշեցին «Քեմփ Արմէնը» եւ երկու Հրանդները՝ Կիւզէլեան եւ Տինք, խոստանալով իրականացնել ճամբարը վերակառուցելու երազանքը՝ համայնքի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն ընդհանրական ծառայութեան համար։ Թրքական թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողները ճամբարին մէջ հանդիպեցան հիւրերուն եւ հարցազրոյց ունեցան անոնց հետ։

«Յուզիչ փորձառութիւն էր զգալ «Քեմփ Արմէն»ի ու անոր հերոսներու եւ հերոսուհիներու թողած ժառանգութիւնը եւ համայնքային նոր ճամբարի մը խոստումը, որ կը յաւերժացնէ այդ ժառանգութիւնը՝ յառաջ բերելով նոր, ինքնագիտակից, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու հաւատարիմ երիտասարդ սերունդ մը, Պոլսոյ մէջ։ Աւետարանչականը իր ձեռքը կ՛երկարէ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն, խոստանալով աջակցիլ նոր ճամբարի վերակառուցման աշխատանքներուն, ի շահ համայնքի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն» ըսաւ Խանճեան։

Թող Աստուած օրհնէ անցեալի քաղցր յիշատակը եւ Պոլսոյ նոր «Քեմփ Արմէն»ի վերակառուցման ծրագրերը։

Հրանդ Տինքի անուան դպրոցին մէջ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին