Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Էտուարտ Ութուճեան

Էտուարտ Ութուճեան (ֆրանսերէն՝ Édouard Utudjian, 12 Նոյեմբեր 1905, Կ. Պոլիս  – 28 Յուլիս 1975, Շարթրը, Ֆրանսա), ֆրանսահայ քաղաքաշինարար, ճարտարապետ:

Քաղաքացիական ճարտարագէտի կրթութիւն ստացած է ամերիկեան Ռոպերթ գոլէճին մէջ: 1934 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարանի քաղաքաշինական ճարտարապետութեան հիմնարկը, 1934-1936 թուականներուն ուսանած է յուշարձաններու վերականգման դասընթացքներուն:

Ութուճեանի նախաձեռնութեամբ, 1933 թուականին Փարիզի մէջ կազմակերպուած է ստորգետնեայ քաղաքաշինութեան ընկերութիւն, որ 1937 թուականին վերածուած է միջազգայինի, ընդգրկելով շուրջ 90 երկիր: Ընկերութեան 1937, 1948 եւ 1959 թուականին համագումարներուն, Ութուճեան ընտրուած է քարտուղար: 1936 թուականին հիմնած է «Լը Մոնտ Սութերեն» («Le monde souterrain») մասնագիտական հանդէսը, որուն պատասխանատու տնօրէնն ու խմբագիրը եղած է մինչեւ կեանքին վերջը:

Ութունճեան նախագծերով՝ Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ, կառուցուած են շուրջ 250 կառոյցներ: Ութուճեան հեղինակակից է Փարիզի, Պորտոյի, Վերսայլի, Ռուանի կոյուղիի ջուրերու մաքրման կայաններուն,  Պաղտատ եւ Պասրա քաղաքներուն յատակագծման նախագիծերու: Դասաւանդած է Փարիզի տարբեր բարձրագոյն դպրոցներու մէջ, զբաղած է գիտահետազօտական գործունէութեամբ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիտական յօդուածներու եւ «Հայաստանի 9—17-րդ դարերու յուշարձանները» (1967, ֆրանսերէն) գիրքին:

Անոր մասնակցութեամբ ու նախագիծերով վերականգնուած են որոշ յուշարձաններու, որոնց շարքին՝ Երուսաղէմի մայրավանքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին: Ութուճեան Փարիզի ստորգետնեայ տնտեսութեան նախագիծին համար, համաշխարհային ցուցահանդէսին (Փարիզ 1937) արժանացած է «Մեծ պարգեւ» (Grand prix) մրցանակին։ Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն»-ի շքանշանով: 1957, 1958, 1959, 1961 եւ1964 թուականներուն Հայաստան այցելած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին