Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Որպէս Ազգ Ո՞ւր Կ՝երթանք, Աւելի Ճիշդ՝ Ո՞ւր Կը Տանին, Ո՞ւր Կ՝ուզենք Հասնիլ, Եւ՝ Ինչո՞ւ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Բոլոր միջոցներով տէր եղէ՛ք այն հիմնական

ինքնիշխանութեան, որ իւրաքանչիւր ազգ

ունի իր ինքնուրոյն մշակոյթի բերումով:

Պաշտպանեցէ՛ք ինչպէս ձեր աչքին բիբը՝

մարդկային մեծ ընտանիքի ապագայի համար:

Յովհաննէս-Պօղոս Բ, Հռոմի քահանայապետ

Հայերը, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), թաքնուածները եւ անոնք որոնք իրատեսական պահու մը կը յիշեն, որ «ծագումով հայ» են, եւ հետզհետէ նօսրացող յանձնառուները, զբօսաշրջային, զգացահայրենասիրական, բարեսիրական եւ պարտուողական կրաւորականութենէ դուրս գալով, հարց պէտք է տան իրենք իրենց, Հանրապետութեան եւ բազմակտոր սփիւռք(ներ)ի ամէն բնոյթի ղեկավարութիւններուն. Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ, Ո՞ՒՐ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ՀԱՍՆԻԼ ԵՒ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ:

Հայ ազգը, մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը, ինքնուրոյնութեան պահպանման եւ ինքնիշխանութեան հարց ունի: Երկու յղացքները անքակտելի են: Տարրական ազգային-քաղաքական գիտակցութիւն եւ իրատեսութիւն կ’ըսեն, որ անոնք անհետացման վտանգի ենթակայ են: Այսինքն, մշակոյթ-պատմութիւն եւ հայրենիքի ինքնիշխանութիւն ազգապահպան են, առանց անոնց կը մնան գաղթականններ, այս կամ այն ծագումը ունեցող արմատները կորսնցուցած թափառականներ, ազգերու զանազանութեան երանգապնակին մէջ անինքնութիւն եւ մոռցուելու դատապարտուած արհամարուող փարիաներ:

ԺԹ. դարու ֆրանսացի գրող մեծ մտաւորական Էրնեստ Ռընանի մտածողութեան եւ ուսուցման առանցքին գտնուած են ԱԶԳը եւ ազգային ըմբռնումը: Ըսած է, որ «Ազգի մը էութիւնը այն է, որ բոլոր անհատները ունենան շատ մը հասարակաց բաներ, եւ ամէնքը մոռցած ըլլան շատ մը բաներ»: Այսօր, երբ «ներսի եւ դուրսի հայ իրականութիւնը» կը դիտեմ, կ’ուզեմ հասկնալ, կողմնորոշուիլ, հետեւութեամբ Էրնեստ Ռընանի, ես ինծի հարց կու տամ, թէ հայ ազգի անհատները շատ մը ի՞նչ հասարակաց բաներ ունին եւ ի՞նչ շատ մը բաներ մոռցած պէտք է ըլլան:

Պէտք է միշտ խօսիլ միացնող հասարակացի մասին: Ան հայրենիքն է, քուրան՝ ուր ժողովուրդ մը ինքզինք իրականացուցած է, ինքզինք կերտած՝ որպէս ինքնուրոյնութիւն՝ մշակոյթ եւ ըմբռնում: Ինքնադրժումով, այլասերումով, անցեալը անգիտանալով, կարելի՞ է ազգ մնալ, ինքնութիւն պահել՝ հայրենալքումով եւ հայրենիքի օտարումով, ըլլալ ազգ՝ առանց հայրենիքի: Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, ըստ որուն «Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի իր հարեւանների հանդէպ», պատմութեան ուրացում է եւ իրաւունքէ կամայական հրաժարում: Ճշդում մըն ալ. հարեւաններու հանդէպ պահանջներ չեն ունենար, կամ, աւելի ճիշդ՝ կ’ունենան, հարեւաններէ:

Իսկ նոյն այդ հարեւանները միթէ՞ պարտք պէտք չէ համարեն, տարրական արդարութեան հետեւելով, վերադարձնելու բռնութեամբ գրաւուածը եւ յափշտակուածը: Անոնք նոյն հաշտուողական ոգիով, հետեւելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան, կ’ընե՞ն, ըրա՞ծ են երբեւիցէ, նման յայտարարութիւններ: Առանց ստրկանալու մէկ ձեռքով ծափ զարնել կարելի՞ է:

Ալէն Սիմոնեանի սահմանած «տարածքները», որոնց համար կ’ըսէ թէ պահանջներ չունի, անհատական հողամասեր չեն, զորս կարելի ըլլայ լքել, վաճառել, անոնք հայոց հասարակաց հայրենիք են, սեփականութիւնը չեն իշխանութեան մը կամ իշխանաւորի մը: Ազգի եւ հայրենիքի առաջնորդութեան կոչուած ղեկավարը ո՛չ իրաւական եւ ո՛չ ալ բարոյական իրաւունք ունի նման անձնատուական յայտարարութիւն ընելու, ինք ծառայութեան կոչուած է, որ կը նշանակէ երաշխաւորը ըլլալ ազգի գոյութեան եւ ժառանգութեան: Ալէն Սիմոնեան աւելի լաւ պիտի ընէր, ազգի միութիւն ստեղծելու համար, եթէ խօսէր Էրնեստ Ռընանի շատ մը բաներ մոոնալու մասին, ինչպէս մեր շատ մը տարբերութիւնները, ժառանգուած-կուտակուած անհատական քէները եւ վրէժխնդրութիւնները՝ «սովետ»-էն եւ վերջին երեսուն տարիներու շահախնդրութիւններէն եւ եսերէն:

Նոյն լքման քաղաքականութեան,- դոկտրինի,- ուղիղ գիծին վրայ, Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշած են Արցախէն մնացած հողակտորին վրայ բանակ չունենալ, այն տրամաբանութեամբ, որ ռուսական բանակ հոն է եւ կը պաշտպանէ: Այս ոչ այլ ինչ է քան հայրենիքի բեկորին հանդէպ պատասխանատուութենէ հրաժարում:

Քաղաքական, առեւտրական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները, անոնց կեդրոնական մարմինները, երբեմն կ’անջատուին անմիջականութիւններէ, եւ կը փորձեն նախատեսել,- projection ընել,- տասը, քսան կամ յիսուն տարիներ ետք գալիքը պատկերացնել. բնակչութեան համրանք, տնտեսական զարգացում, նախանիւթերու աճ եւ սպառում, գիտական նուաճումներ: Այս ճիգը մարգարէութիւն ընել չէ, այլ առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած կանխատեսութիւն, որ իր կոչման արժանի ՂԵԿԸ ՎԱՐՈՂի իմաստութիւնը եւ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ:

Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), միասին կամ առանձին, իւրաքանչիւրը իր ներքին «ղեկավարական» բաժանումներով, կ’ուսումնասիրե՞ն, ուսումնասիրա՞ծ են քառորդ կամ կէս դար ետք ազգի եւ հայրենիքի, հանրապետութեան եւ հայրենաբնակչութեան պատկերը, ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել սփիւռք(ներ)ի հայկական համրանքը: Այս ընել միտքի մարզանք չէ, կը պահանջէ առարկայական տուեալներ, անոնց վրայ հիմնուած նախատեսութիւններ եւ ծրագիրներ: «Ղեկավարում»-ը յանպատրաստից խօսուած ճառ չէ, ոչ ալ պատահականօրէն աստ եւ անդ արտայայտուած ինքնագոհութեան կարծիքներու գումար:

 Իրապէս ի՞նչ գիտենք յիշուող եւ կրկնուող «Հայ Ժողովուրդ»-ի ներկայի պատկերի մասին: Ինչ որ կը կարծենք գիտնալ առաւել կամ նուազ ենթակայական գնահատումներու սահմանին մէջ կը մնայ, այս պատճառով նոյն հարցերու մասին տարբեր կարծիքներ կ’արտայայտենք, անխուսափելիօրէն՝ ենթակայական: Եւ առարկայական հիմնաւորումներու բացակայութեան, բոլոր կարծիքները նոյնարժէք են, հաւասարապէս  ճիշդ եւ հաւասարապէս սխալ: Այսինքն՝ անհեթեթ:

Պարզ հարցում մը. կ’ըսենք Սփիւռք: Ո՞վ կրնայ ըսել թէ Սփիւռք-հայութիւնը հինգ, տասը, քսան, թէ երեսուն միլիոն է, գուցէ՝ յիսուն: Նոյն հարցումը կրնանք ուղղել Հայաստանի հայ բնակչութեան մասին, նաեւ Հայաստանէն դուրս ապրող Հայաստանի քաղաքացիներուն մասին: Դեռ կարելի է խօսիլ Թուրքիոյ մէջ ապրող այսպէս կոչուած թաքնուած հայերու, եւ քայլ մըն ալ առաջ երթալով՝ պարտադրաբար ձուլուածներու մասին: Սփիւռքը վիրաւոր է նաեւ անով, որ ազգային ինքնութենէ վերջնականապէս հեռացած-հեռացողներու մասին թիւերով գնահատումներ չկան: Այս վերջիններու հարցը տեղ մը օրակարգ է՞, եղա՞ծ է, Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք: Իրական տուեալներու վրայ չհիմնուած յուզական ճառերը ղեկավարում չեն, ճամբացոյց չեն:

Հռոմի լեհ քահանայապետը երբ կը խօսի եւ կ’ըսէ, որ «Բոլոր միջոցներով տէր եղէ՛ք այն հիմնական ինքնիշխանութեան, որ իւրաքանչիւր ազգ ունի իր ինքնուրոյն մշակոյթի բերումով, պաշտպանեցէ՛ք ինչպէս ձեր աչքին բիբը՝ մարդկային մեծ ընտանիքի ապագայի համար», գիտէ իր ժողովուրդի եւ իր հայրենիք՝ Լեհաստանի՝ պատմութիւնը, որուն ինքնիշխանութեան դէմ գործած էին իր դրացի կայսրութիւնները: Մեր ժողովուրդին համար անմիջական քաղաքական եւ գոյութենական օրակարգ պէտք է ըլլայ մշակոյթ-ինքնիշխանութիւն հիմնահարցը: Ղեկավարութիւնները, ներսը եւ դուրսը, ի՞նչ կ’ընեն այս ուղղութեամբ, ինչպիսի տուեալներու վրայ հիմնուելով, ի՞նչ ծրագրով, ի՞նչ միջոցներով, ի՞նչ հոգեբանութեամբ եւ հաւատքով:

Էրնեստ Ռընանի ուրիշ մէկ միտքը քաղաքական իմաստութեան կը վերաբերի: Կ’ըսէ. «Յառաջդիմութեան իրաւ մարդիկ անոնք են, որոնք որպէս մեկնակէտ ունին անցեալի հանդէպ խոր յարգանքը»: Իսկ ի՞նչ է այդ անցեալը որուն հանդէպ խոր յարգանք պէտք է որ ունենան մարդիկ, ղեկավարներ, յառաջադէմներ, անոնց հունով՝ նաեւ ընդհանրապէս մարդիկ, մեր պարագային՝ ազգի անդամները: Այդ անցեալը ինքնութիւն-մշակոյթ եւ հայրենիք է, ուր ազգի մէկութիւն ստեղծուած է սերունդներու համատեղ աշխատանքով: Ժողովուրդի մը հայրենիքը սոսկ տարածք չէ, այս պէ՛տք է կրկնել, ինքնութիւն-հայրենիք է:

Ինչպէ՞ս պէտք է որակել հայրենիքէ հրաժարումը, անոր յանձնումի դրացիի կամ թշնամիի:

Ձեռք լուալ Արցախի դեռ չյանձնուած հողակտորէն, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը եւ Արցախը համարել սոսկ տարածքներ եւ զանոնք գրաւած հարեւաններէն տարածքային պահանջներ չունենալ պատմաքաղաքական ծանրակշիռ պատասխանատու արտայայտութիւն է, անցեալի եւ իրաւունքի ուրացում, յարգանքի պակաս նախահայրերու հանդէպ, այսինքն՝ հաշտութիւն անինքնութիւն ապրելու նուաստութեան հետ:

Եզրակացնելու համար կը վերադառնամ Էրնեստ Ռընանի, որ ըսած է նաեւ, որ «Հայրենիք մը կը բաղկանայ մեռեալներէ, որոնք զայն հիմնած են ինչպէս նաեւ ապրողներէ, որ զայն կը շարունակեն»:

Ո՞ր եւ ինչպիսի հայրենիք պիտի շարունակենք եւ կտակենք յաջորդ սերունդներուն: Կամ, ինչպիսի՞ ազգ մը ըլլալու պիտի դատապարտենք գալիք սերունդները:

Լեհ քահանայապետին պատգամը կը լսե՞նք, որ ինքնիշխանութիւն պէտք է պահպանել «աչքի բիբի պէս», իսկ ինքնիշխանութիւնը կ’ենթադրէ նախնիներու եւ «աչքի բիբի պէս» կերտած հայրենիքը շարունակողներու հաւատարմութիւնը:      Խորագրի հարցումները, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ, ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴ՝ Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ, Ո՞ՒՐ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ՀԱՍՆԻԼ, եւ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ, կը մնան կախուած օդին մէջ:

Պէտք է արժանապատուութեան զգացումով մտածել այն մասին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագայ պատմաբանին վճիռը հայրենալքման եւ ազգային-քաղաքական հարա-քիրիական հրաժարումներու, խուճապներու եւ հպարտութեան կորուստի հետեւանքներու մասին:

Հաշուետուութիւն պահանջող գիտակից պիտի մնա՞յ, պիտի ունենա՞նք, որպէսզի ներսը եւ դուրսը յայտնուի վերականգնումի յոյսը:

Ուրիշներէ պահանջ ունենալու համար մենք մեզմէ իրաւ պահանջներ ունենալու կամք պէտք է ունենանք:

Կանգնիլ Ախուրեանի ափին, դիտել Անին, եւ մտածել պահանջներու մասին:

Միտքով երթալ մինչեւ Վան, դիտել Աղթամարի գմբէթը, ողնայար շտկելով, խօսիլ իրաւունքի եւ պահանջի, յիշողութեան, հայրենիքի եւ ինքնիշխանութեան, պահանջ եւ իրաւունք հետապնդող շարունակութիւն ըլլալու կամ՝ փարիայի անինքնութեան մասին:

Խօսիլ, գրել, կողմնորոշուիլ եւ ի հարկին թերեւս պայքարիլ՝ որպէս արժանաւոր մարդ եւ ազգ մնալու համար՝ համամարդկային ներդաշնակութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին