12-24 Յուլիս 2022-ին, Մոն լա Սալի մէջ կայացան Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի եօթը տարբեր խաղաձեւերու ախոյեանութեան մրցումները:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող մրցումները փայլուն յաղթանակներ ապահովեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի կազմին: Արդարեւ, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ հասաւ բոլոր՝ եօթ մարզաձեւերուն աւարտականին, եւ տիրացաւ աղջկանց՝ խմբային, աղջկանց՝ անհատական, տղոց՝ զոյգերու, աղջկանց՝ զոյգերու եւ խառն զոյգերու ախոյեանութեան տիտղոսներուն: Ընդհանուր՝ հինգ տիտղոս: Տղոց՝ խմբային եւ տղոց անհատական մրցումներուն գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Ախոյեանութեան մասնակցեցան 12 խումբեր:
Կ’արժէ նշել, որ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ գրաւեց աղջկանց ախոյեանութեան գլխաւոր երեք դիրքերը:
Ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի Մարիանա Սահակեան, Լեթիսիա եւ Տալի Ազար քոյրեր աղջկանց եռեակը մնաց անգերազանցելի:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի այս գնահատելի արդիւնքները մեծապէս կը պարտի գլխաւոր մարզիչ Մելիք Թաուիլին, մարզչական կազմի ընդհանուր պատասխանատու եւ փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Սահակ Պիտինեանին եւ բոլոր մարզիկներուն:
Կրկին անգամ կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ փինկ փոնկի կազմը, անոր պատասխանատուները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: