Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Քաղաքակրթութիւնները Դուրսի Ազդեցութեամբ Չեն Կործանին Այլ Ներսի Ուժերու Վատոգիութեամբ

Տեսանկիւն

Հայրենիքի իրադարձութիւններով մտահոգ եւ քիչ մըն ալ անճար երբ նստած կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս է ելքը: Կը մտմտայի, թէ Հայ ժողովուրդին արժէքներն ու պետականութիւնը իրենց հիմքէն խախտող «թաւշեայ» կոչուող այս պատմական թիւրիմացութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ իր կործանիչ ընթացքը Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ, երբ զուգադիպաբար ել-նամակ մը ստացայ թերթիս բարեկամ Դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանէն:

Նամակին բովանդակութիւնը գրախօսական մըն էր ստորագրուած Քրիստոֆըր Կուիկիի կողմէ, որ կ՛անդրադառնար նախորդ դարու առաջին կէսի հրատարակուած գիրքի մը, որուն հեղինակն է անգլիացի պատմաբան՝ Առնոլտ Թոյնպի:

Այս գրախօսականը կը կեդրոնանար անգլիացի վերոյիշեալ պատմաբանին Պատմութեան Ուսումնասիրութիւն Մը (A Study of History) վերնագրուած գիրքին բովանդակութեան վրայ:

Մեր յարգելի բարեկամը իր նամակին մէջ ազնուութեամբ կը յանձնարարէր կարդալ գրութիւնը, որ ըստ իրեն կը համընկնի Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայ  իրավիճակին հետ, իմ հայեցողութեանս ձգելով անդրադառնալ անոր մասին մեր թերթին մէջ:

Նախ սիրով կարդացի գրախօսականը ապա գտայ գիրքին ամփոփ տարբերակը (աշխատասիրութիւնը 12 հատոր է): Զարմանալիօրէն հետաքրքրական տեսութիւններու յանգած աշխատասիրութիւն մըն է, որուն մէջ հեղինակը ուսումնասիրած է մարդկային պատմութիւնը ձեւակերպած 23 տարբեր, մեծ ու փոքր քաղաքակրթութիւններու վերելքն ու անկումը:

Ըստ հեղինակին, քաղաքակրթութիւններու ճակատագիրը պայմանաւորուած է այն բանով, թէ անոր անդամները ինչպէ՞ս կը հակադարձէն իրենց դէմ դրուած մարտահրաւէրներուն:

Հիմնուելով տարիներ տեւած իր ուսումնասիրութիւններուն վրայ, հեղինակը կը շեշտէ, թէ քաղաքակրթութիւններ իրենց անկումի ճամբան կը բռնեն երբ կը կորսնցնեն տուեալ քաղաքակրթութեան հիմքը  հանդիսացող բարոյական իւրայատուկ արժեհամակարգը, մինչ անոր վերնախաւը փարազիթի կը վերածուի, ներսէն վնասելով մարմինը, իմա՝ տուեալ ժողովուրդին քաղաքակրթութիւնը:

Ուսումնասիրութեան յայտնագործումներէն է այն փաստը,  թէ քաղաքակրթութիւն մը կը կործանի իր հոգեւոր արժէքներէն հեռացումով ու զանոնք անտեսելով, հոգեւոր աշխարհի մէջ մահացու մեղք համարուող, իր անդամներուն ինքնահաւանութեան ու հպարտութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ տուեալ քաղաքակրթութեան բաղկացուցիչ տարրին մանաւանդ ղեկավարութեան աւելորդ ինքնավստահութեամբ: Բարոյական անկումը իր հետ կը բերէ ինքնակործան (սեփական քաղաքակրթութիւնը հարուածող) նեմեսիս մը, մինչ քաղաքակրթութեան մը վերելքին նպաստած ստեղծագործ վերնախաւը կը վերածուի ճնշող ուժի…:

Հեղինակը ճիշդ կ՛եզրակացնէ իր աշխատասիրութիւնը հաստատելով, որ քաղաքակրթութիւններ կը մեռնին ինքնասպանութեամբ եւ ո՛չ թէ սպանութեամբ:

Արդարեւ մտածել տուող գիրք մըն էր, որ առիթը ունեցայ կարդալու ու անոր կարգ մը միտքերը միայն կիսուելու ձեր հետ:

Կը մնայ անոր տրամաբանութիւնը հաստատող օրինակը մտաբերել, որ այս պարագային դժբախտաբար մեր սիրելի հայրենիքին ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդին իրավիճակն է: Կարելի է անկէ անդին ալ անցնիլ ու մտաբերելով ներկայի աշխարհի քաոսը, ըսել, որ գիրքին տեսութիւնը կը համընկնի Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին հետ եւ ոչ միայն…:

Վերջապէս, գիրքին մէջ պարզ չէ անկումին ընթացքը շրջելու յաջողակ գործընթացը: Մեզի կը մնայ աշխատիլ եւ յուսալ, որ մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կը վերադառնայ իր խիղճին դատողութեան ու ազգային արժէքներուն: Կը ծնի տեսլապաշտ ղեկավարութիւն մը, որ մեր Հայրենիքը կ՛առաջնորդէ դէպի ապահովութիւն, կայունութիւն ու մարդկային թէ տնտեսական զարգացում:.

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին