Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի Տղաքը Երկրորդ Դիրքը Գրաւեցին  Լիբանանի  Փինկ Փոնկի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Երեքշաբթի 12  Յուլիս  2022-ին,  Լիբանանի  փինկ փոնկի ֆետերասիոնին  կազմակերպութեամբ, Մոն Լա Սալի մէջ, Այն Սաատէ,  սկսաւ  Լիբանանի   փինկ փոնկի  տղոց   Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը:

Ախոյեանութեան մասնակից տասներկու խումբերը  բաժնուած էին  երկու խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակ՝ վեց խումբ: ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ  մասնակցեցաւ  Ա. խմբակի մրցումներուն եւ պարտութեան մատնեց իր բոլոր մրցակիցները. Ռիատի Պէյրութ՝ 3-0, Ֆետի Աղտաս՝ 3-0, Լիուա Սայտա՝ 3-0, ՀՄԸՄ Ճիւնի՝ 3-0 եւ Լիբանանեան բանակ՝ 3-2:

Սոյն  յաղթանակներուն  լոյսին  տակ, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ  գլխաւորեց  իր խմբակին  ընդհանուր դասաւորումը եւ անցաւ  կիսաւարտական փուլ:Կիսաւարտականին մեր տղաքը՝  3-2  արդիւնքով  պարտութեան մատնելէ ետք Ղատիր Ճըպշիթը, հասան եզրափակիչ  մրցումին:

Եզրափակիչին  մեր տղոց մրցակիցը Ռիատի Ղազիրն  էր:  Աւարտական մրցումը սկիզբը կ’ընթանար ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի  առաւելութեամբ: Ճակատումը   երկարեցաւ երեք  ժամ եւ միայն վերջին պահուն,  մեր տղաքը  նուազագոյն՝ 3-2 արդիւնքով զիջեցան  մրցակիցին:

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութը   ներկայացուցին՝ Ալֆրետ Նաժըմը, Սաատէլտին Հապաշը, Մուհամմէտ Հապպաշը, Շերպել Սթեֆանը եւ էլիճօ Ապտելնուրը:

Նորանոր  յաջողութիւններու բարեմաղթութիւններով, կը   շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց խումբը,Լիբանանի ֆետերասիոնի մէջ  ՀԵԸ-ի  ներկայացուցիչ, գլխաւոր  մարզիչ   Սահակ Պիտինեանը հպարտալի այս  յաղթանակներուն առիթով:

Կ’արժէ  նշել, որ   ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղաքը, որոնք անցեալ տարի  շահած էին   տղոց  Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը,  սոյն ամսուան 26-ին պիտի  մեկնին Ամման, մասնակցելու  Ասոիոյ ախոյեանութեան  մրցումներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին