Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  Յաղթանակով Սկսաւ Մինի-Ֆութպոլի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Անցնող մարզական տարեշրջանին Լիբանանի բաժակի աւարտականին հասնելէ ետք,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս նոր վճռակամութեամբ  պիտի մասնակցի   մինի ֆութպոլի Լիբանանի Ա.  դասակարգի ախոյեանութեան 2022-23  տարեշրջանի  մրցումներուն:

Նախքան ախոյեանութեան  մեկնարկը,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ,  Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ եւ  մասնակից 16 խումբերուն  մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ  ախոյեանութեան մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: 

Արդարեւ,  մասնակից  16 խումբերը   բաժնուեցան  4 խմբակներու: Իւրաքանչիւր խումբ, երթուդարձի  դրութեամբ վեց մրցում պիտի կատարէ իր  խմբակին մէջ:  Չորս խմբակներէն գլխաւոր  երկու դիրքերը գրաւող կազմերը պիտի անցնին  երկրորդ  փուլ:

Վիճակաձգութիւնը ուղիղ եթերով ցուցադրուեցաւ  հեռատեսիլի  LBC կայանէն:

 ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիաս  ինկաւ Դ. խմբակին  մէջ,որուն մաս կը կազմեն Շեպեպ Խըրայեպը, Պաալպեք Ռիատին եւ   Ալ Ղարիան:

Շաբաթ, 2  Յուլիս  2022-ի  յետմիջօրէին  պաշտօնապէս   մեկնարկեց  Լիբանանի  Մինի- ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը:

 ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս առաջին մրցումը կատարեց  Ալ Ղարիայի դէմ, Պհամտունի մէջ:  Մրցումը  ընթացաւ մեր  մարզիկներուն  տիրապետութեան տակ եւ  աւարտեցաւ՝ 4-3 ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի յաղթանակով (կիսախաղ՝ 2-1, յօգուտ՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի):

 ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիչն է  Ատէլ Ռըզքը,  օգնական՝  Գօգօ Ալլոզեանը,  վարիչ տնօրէնը՝ Ալեքս   Առաքելեանը,իսկ  ֆետերասիոնին մէջ ներկայացուցիչը՝  Թոնի  Ճունթոյեանը (ֆետերասիոնի փոխնախագահ):

 ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  իր յաջորդ  մրցումը պիտի կատարէ  Ուրբաթ,  8  Յուլիս  2022-ին,  Պաալպէքի մէջ, տեղւոյն  կազմին դէմ:

 Բարի երթ եւ  նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեն ՀԵԸ Անդրանիկի մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին