Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Պէյրութի Մէջ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար՝ Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական ժողով մը պիտի գումարուի Պէյրութի մէջ շաբաթ, 2 Յուլիս, 2022-ին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»:

Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին այս տարուան Նոյեմբերի սկիզբին Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին վերաբերող հարցեր եւ թղթածրարներ:

Այս շրջագիծին մէջ, Ապուլ Ղէյթ չբացայայտեց այն հարցերն ու թղթածրարները, որոնց մասին քննարկում պիտի կատարուի, յատկապէս Արաբական լիկային մէջ Սուրիան իբրեւ անդամ ընդունելու թղթածրարը:

Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Ալճերիոյ մէջ Արաբական լիկայի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 1 եւ 2 Նոյեմբեր 2022-ին:

Նշենք, որ 2020-ին եւ 2021-ին վեհաժողովը տեղի չունեցաւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին