Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Հայկազեան Համալսարանը Տուաւ Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

Հայկազեան Համալսարանի 62-րդ Հունձք

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանը իր շրջափակին մէջ կազմակերպեց իր տարեկան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 107 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին Պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճանները` դառնալով Հայկազեանի 62-րդ հունձքի շրջանաւարտները: Հանդիսութիւնը առաջինն էր 2020-էն սկսած «Քորոնա» ժահրի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք, որ նաեւ սփռուեցաւ առցանց:

Ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքեւ շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ ուղղուեցան բեմ, ապա հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքով պաշտօնական բացումը:

Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր արաբական երկիրներուն մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան հարցերու շրջանային գրասենեակի տնօրէն Քոսթանցա Ֆարինա, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արժէքներուն՝ ընդգծելով, որ անոնք կը գործադրուին նաեւ Հայկազեան համալսարանին կողմէ:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն խորապէս կը հաւատայ, որ կրթութիւնը, բարձրագոյն կրթութիւնը եւ յարատեւ ուսումնատենչութիւնը հանրային օգուտ է: Կը սատարենք բարձրագոյն կրթութեան իրաւունքի պահպանման եւ կոչ կ’ուղղենք, բոլորին անխտիր որակաւոր բարձրագոյն կրթութեան առիթներու ընծայումին», իր խօսքին մէջ հաստատեց տիկին Քոսթանցա Ֆարինան:

Խօսելով Լիբանանի տնտեսական տագնապին մասին տիկին Քոսթանցա Ֆարինա շեշտեց, որ թէեւ տագնապը նշանակալից յետընթաց արձանագրած է բոլոր մարզերուն մէջ եւ ատիկա զգալի է ամենուրէք, սակայն յոյս յայտնեց, որ տագնապը շուտով կ’աւարտի եւ Լիբանանը կը վերադառնայ շրջանին մէջ կրթութեան լուսաւոր ջահը ըլլալու դերին: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ ուսանողներուն ըսաւ. «Դուք հիմնական տարրերն էք Լիբանանին այդ դերակատարութիւնը վերադարձնելու գործին մէջ, դուք Լիբանանի մեծագոյն արժէքն է»:

Սրտի խօսք արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բարձր գնահատեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ Հայկազեան համալսարանի անձնակազմին ճիգերը, մանաւանդ այս դժուարին պայմաններուն մէջ: Ան անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր հետ կապուած մարտահրաւէրներուն:

Իր խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ «վաղուան դաստիարակը» հասկացութեան վրայ եւ այն ձեւերուն, որոնց ճամբով կարելի պիտի ըլլայ գտնել «մարդկային փորձառութեան մէջ հաւասարակշռութիւնը»։ Պատասխանելով «մեր զաւակները ո՞վ պիտի ուսուցանէ, ի՞նչ, ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս» հարցումին` Փ. Հայտոսթեան ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ մեքենաները պիտի ըլլան միջոցը, հարցումը հետեւեալն է` ո՞ր մեքենան, ի՞նչ մեթոտով, ի՞նչպիսի բովանդակութիւն եւ ի՞նչ նպատակով։ Այս բոլորին մէջ մեր դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ մարդիկը առողջ հաւասարակշռութեան մէջ պահել»։

Շարունակելով` ան բացատրեց, որ հիմնական հարցումը կը վերաբերի «վաղուան»` շրջանաւարտներուն յայտնելով, որ «իրենց պիտի վստահուի ուղին ճշդելու եւ յառաջ ընթանալու աշխատանքը»։

«Շրջանաւարտնե՛ր, արդեօք հոն պիտի ըլլա՞ք ձեր հմտութիւնները ցոյց տալու, ժամանակ տրամադրելու, դուք ձեզ ծառայութեան մէջ դնելու, ձեր օրինակով առաջնորդելու, եւ կարեւորագոյնը` դրսեւորելու զգայուն ոգիի այն տեսակը, որ շողշողուն է, թափանցիկ, վստահելի եւ ինքնավստահ, որ ինքզինք կը նուիրէ այն բարձրագոյնին, զոր մարդ կրնայ նուաճել. Կը հաւատամ, որ Աստուած մեզ այդ նպատակով ստեղծած է», հաստատեց Հայկազեան համալսարանի նախագահը։

Շրջանաւարտներուն խօսքը արտասանեցին Ալեք Կալհայեան եւ Այյա Թահըր, որոնք շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, դասընկերներուն, ուսուցչական կազմին եւ Հայկազեան համալսարանին:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան շրջանաւարտներ Կարէն Գազանճեան եւ Նուր Տաուք, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի: Անոնք երգեցին «Տը Փրեյըր» («Աղօթքը») երգը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ համալսարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց Հայկազեան համալսարանի նախկին հովիւ վեր. Նշան Պագգալեանի օրհութեան աղօթքով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին