Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս
«Վերջին Զանգ»-ի նշումը թէ՛ տխուր, թէ՛ալ ուրախ իրադարձութիւն մըն է: Տխուր է, որովհետեւ հրաժեշտ պիտի տաս այն դպրոցին, ուր մանկութիւնդ եւ պատանեկութիւնդ անցուցած ես, ինչպէս նաեւ՝ սիրելի ուսուցիչներուդ եւ դասընկերներուդ: Միւս կողմէ ալ բերկրալի, որովհետեւ այս կրթօճախին մէջ ստացած գիտելիքներով պիտի անցնիս կեանքի նոր փուլ, ուր կը պահանջուի ըլլալ աւելի պատասխանատու եւ յանձնառու:


Հետեւաբար, Երկուշաբթի, 30 Մայիս 2022-ին մեր վարժարանին Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս նշուեցաւ «Վերջին Զանգ»-ը: Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն պատրաստուած Միջն.Գ. դասարանի դաստիարակչուհի՝ Օրդ. Սիւզան Թազեանի կողմէ:
Ապա մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները բեմահարթակ բարձրանալով ներկայացան «Մնաս Բարով Մանկապարտէզ» արտասանութեամբ, որ պատրաստուած էր Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Սունկուլեան Հաննայի կողմէ:

Յայտագիրը շարունակուեացաւ Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներու կատարողութեամբ, որոնք յաջորդաբար ներկայացան պարով մը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց սրտի խօսքերով (հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն) եւ Թաթայի «Վերջին Զանգ» երգով: Անոնց յիշողութեան պաստառին վրայ տողանցեցին դպրոցական կեանքի ուղին, որմէ անցան դասընկերներով, հետեւաբար բոլորը խորապէս յուզուած էին հրաժեշտի պատճառով:
Երկար հնչեց վերջին զանգը՝ ազդարարելով ներկայ հանգրուանին աւարտը ու նոր հանգրուանի մը սկիզբը: Մանկապարտէզի աշակերտները մէկական պզտիկ զանգակներ նուիրեցին Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն, որոնք իրենց կարգին մէկական թարմ ծաղիկ նուիրեցին փոքրիկներուն:

Վերջապէս, Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Միջն. Գ. Կարգի շրջանաւարտ` Մանօ Պորանեան շրջանաւարտից ջահը բռնած՝ մուտք գործեց սրահ ու զայն փոխանցեց Միջն. Բ. դասարանի ներկայացուցիչ՝ Ալեքս Գոճայեանին:
Վերոնշեալ արարողակարգէն ետք, բեմահարթակ բարձրացաւ մեր վարժարանի ժրաջան Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանը: Ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ.«Սիրելի շրջանաւարտներ, այսօր յատուկ օր է ձեզի համար: Այսօր դուք հանդիսաւոր կերպով պիտի աւարտէք ձեր ուսումնական ճանապարհի առաջին հանգրուանը: Այսօր, երբ հնչեց վերջին զանգը, վստահ յիշեցիք ձեր դպրոցական կեանքի բոլոր վառ պահերը»:

Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. « Այժմ դուք ունիք այլ կեանք, այլ խնդիրներ եւ նպատակներ, այլ ընկերներ եւ այլ մտահոգութիւններ: Յոյսով եմ, որ դպրոցական կեանքի փորձառութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ապագային, որովհետեւ Վահան Թէքէեան Վարժարանէն ստացած գիտելիքները պիտի նպաստեն ձեզի»: Տնօրէնուհին մաղթեց, որ շրջանաւարտներուն ճանապարհը ըլլայ պայծառ, կանաչ եւ հարթ: Ջանան յաճախ այցելել իրենց երկրորդ տունը՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանը:
Հուսկ, ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Յաջողութիւն ձեր բոլորին: Մաղթելով, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը հասնի իր նպատակին: Վարձքը կատար բոլորին»:
Վերջապէս տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Մեր սիրելի շրջանաւարտներուն կը մաղթենք բեղմնաւոր ուսումնական կեանք, որպէսզի դառնան ազգին ու երկրին արժանավայել անհատներ: