Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Նշուեցաւ Մայիս 28-ի Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

27 Մայիս 2022-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները նշեցին Մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութեան տօնը եւ ոգեկոչեցին յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` վերահաստատելու անկախ պետականութիւնը մայր հայրենիքին մէջ:

Առաւօտեան աղօթքէն ետք, Մեսրոպեանի աշակերտները, վարժարանի շրջափակին մէջ՝ Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ եւ Եռագոյնի հովանիին տակ, համախումբ կատարեցին Սարդարապատ յաղթերգը, որպէս փառաբանութիւն Մայիս 28-ը կերտած հերոսներուն եւ զանոնք ծնած հայ ժողովուրդին, որպէս յարգանքի տուրք՝ հայրենիքին համար ինկած անցեալի եւ մերօրեայ բոլոր նահատակներուն։ Անոն իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած էին օրուան խորհուրդը արտայայտող նկարներ ու նշանախօսքեր։

Այս առիթով աշակերտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ․ «Վեց դար իր պետականութիւնը կորսնցուցած եւ օտար լուծի տակ ապրած հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարիներ ետք փիւնիկի նման կը յառնէր ու անկախութիւն կը կերտէր։ Ցեղասպան թուրքին դէմ տարուած Մայիսեան յաղթանակներով` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ, 28 Մայիս 1918-ին կը ստեղծուէր անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդը կը հանէր դարերու իր ստրկութենէն, կը վերականգնէր անոր արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ’ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ։» Պարոն տնօրէնը դիտել տուաւ, որ թէեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն անիկա հիմք հանդիսացաւ մեր անկախ երկրորդ հանրապետութեան։ «Հայ ժողովուրդը պիտի ամրապնդէ այսօրուայ Հայաստանը` ի խնդիր մեր անկատար մնացած տենչերուն, եւ իրականութիւն դարձնէ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն համար հազարաւորներ նահատակուեցան` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ», եզրափակեց պարոն Գալուստ։

Հաւաքը փակուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան օրհնութեան աղօթքով։

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին