Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Առկայ Գիրքին Մասին

Նոր Հրատարակութիւններ

Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը սերտօրէն առնչուած է զանոնք Եկեղեցւոյ նուիրապետական դասուն մէջ ներգրաւելու խօսոյթին հետ։ Կանանց քահանայական ձեռնադրութեան հարցը երկար ժա­մանակէ ի վեր եւ տակաւին այսօր կը հանդիսանայ Եկեղեցիին ուղղուած կարեւորագոյն մարտահրաւէր­ներէն մէկը։ Առաքելահաստատ Եկեղեցիները ցայսօր թոյլ չեն տար, որ կանայք քահանայական ձեռնադրութիւն կամ օծում ստանալով՝ քահանաներու հետ իրաւահա­ւասարօրէն ծառայեն Եկեղեցւոյ ծիսական ասպարէզին մէջ։ Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը միանշա­նակ այդպէս չէ եղած։ Նախ­նական Եկեղեցիին մէջ եղած են աշակերտուհիներ, մար­գարէու­հիներ, այրիներ եւ սարկաւա­գուհիներ, որոնք քրիստոնէական վաղ շրջանի հա­մայնք­ներու կազմակերպութեան մէջ գործուն մասնակցութիւն ունեցած են եւ ի նպաստ քրիստոնէութեան տարածման բերած են իրենց կարեւոր ներդրումները։ Միայն Միջնա­դա­րուն է, որ կանայք, ինչ-ինչ պատճառներով, հետզհետէ դուրս կը մղուին Եկեղեցւոյ մէջ հեղինակաւոր պաշտօններ զբաղեցնելու դիրքերէն։

Եթէ այսօր կինը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ,– ըլլան անոնք տնտեսական, քաղաքական, գիտական թէ մշակութային,– աչքի կ’իյնայ այլազան նուաճումներով, ապա ո՞րն է անոր արդար դերն ու տեղը Եկեղեցւոյ մէջ, աւանդական ինչպիսի՞ նախադրեալներ կան այնտեղ կնոջ ծառայութեան դաշտը ընդարձակելու, անոր եկեղեցանուէր աշխատանքին սատարելու, զայն արդիւնաւորելու եւ իրաւամբ արժեւորելու համար: 

Ի տարբերութիւն առաքելահաստատ այլ Եկեղեցիներու, Հայ Եկեղեցին ոչ հարկադրաբար, այլ աւան­դաբար քրիստոնէական նախնական Եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացու­ցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահելով հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Եթէ ոչ քահանայա­գործելու իշխանութիւն, ապա ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու Եկեղեցւոյ նուիրա­պետութեան եռաստիճան կարգէն եպիսկոպոսութեան եւ քահանայութեան նախորդող առաջին աստիճանը, որ սարկաւագութիւնն է։ Սոյնը առանձնայատուկ տուչութեամբ սարկաւագուհին միանշանակ կը լիազօրէ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հետ միասին Տիրոջ Եկեղեցիին եւ Անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու։

Թէպէտ տժգոյն, գուցէ եւ այսօր կեցած տխուր հոգեվարքի մը սեմին, բայց դեռ չմեռած, այլ տակա­ւին սրտի զգալի տրոփ­ներ արձա­կող եւ ապրելու հրայրք ունեցող այս աւան­դը սեռերու հարցին մէջ Հայ Եկե­ղեցւոյ հան­դուրժողութեան եւ լայնախոհ ոգիին գերազանց դրսեւորումն է, որ միաժա­մանակ կը վկայէ անոր ունեցած շարունա­կական եւ անշեղ կապին մասին քրիստոնէական հնա­գոյն Եկե­ղեցւոյ աւան­դութեան հետ։

Սոյնը զինք առաւել եւս կ’արժեւորէ օրինակելի դիրքով մը՝ Ընդհանրական Եկեղեցիին մէջ ժամանակէ մը ի վեր եւ տակաւին այսօր ու հետզհետէ աւելի պարտաւորեցուցիչ դարձող նաեւ կանանց նուիրապետական պաշտօններ տրամադրելու նիւթին միջեկեղեցական մակարդակով քննարկման առնչութեամբ։

Բոլոր մարդոց հաւասարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի անյեղլի սկզբունքներէն մէկն է։ Ուստի Եկեղեցիին մէջ նուիրապետական պաշտօն շնորհելու կամ ձեռնադրուելու առաջնահերթ պայմանը պէտք է հիմնուած ըլլայ նորընծային հոգեւոր կոչումին եւ ուսումնական պատրաս­տուա­ծու­թեան եւ ոչ թէ սեռային տարբերութեան վրայ։

Զգոյշ պէտք է կենալ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ծիսական կեանքին մէջ կանանց վերստին ներգրաւելու մերժողական կարծրատիպերէ եւ աւանդամոլութեան թունդ եռանդէ մղուած՝ եպերելի անշարժութեամբ եւ անտարբերութեամբ մեր Եկեղեցին հաստատութենական կարծր եւ զառամած մարմինի մը վերածելէ։ Ան պէտք է մեր հաւատաւոր ժողովուրդին համար շարունակէ ըլլալ հոգեւոր ներշնչարան մը եւ կենսատու աղբիւր Աւետարանի ճշմարիտ կեանքին։

Առկայ հատորը կը ներկայացնէ սարկաւագուհին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ՝ պատմական զարգացման այլազան փուլերով։ Ան կը յորդորէ հայ ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, առաւել եւս Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնը, թոյլ չտալու, որ այս սրբակրօն եւ հայաշունչ աւանդութիւնը արդի կեանքի ու աշխարհիկ բարքերու կոհակներէն խորտակուի, այլ ընդհակառակը՝ ժամանակի պահանջներուն համահունչ մասնաւոր հոգածութեամբ զարկ տրուի անոր զարթօնքին ու բարգաւաճումին Հայ Եկեղեցւոյ արգաւանդ անդաստանին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին