Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մարիա Ակիւլեան-Պիւլպիւլեանի Մահուան Տխուր Առիթով

Մահագրական

ԳԷՈՐԳ ՍԱՆԹՈՒՐԵԱՆ

Սրտի դառն կսկիծով տեղեկացանք Տիկին Մարիա Ակիւլեան-Պիւլպիւլեանի մահուան Գոյժը, որ պատահած է յետ անողոք հիւանդութեան, 20 Մայիս 2022ին, Համտան-Քոննէգթիքաթ Միացեալ Նահանգներ:

Մարիա Պիւլպիւլեան, փոքր տարիքէն անդամակցած էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸնկերակցութեան շարքերուն, իբրեւ արենուշ Անդրանիկ-Սեւան մասնաճիւղի խումբին, հասնելով մինչեւ պատասխանատու խմբապետուհիի պաշտօնին:

Պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած էր ՀԲԸՄիութեան Դարուհի Յակոբեան Երկրդ. Վարժարանը: Ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայուած “Masters in Mathematics” տիտղոսով եւ 15 տարիներ դասաւանդած է Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ: Իսկ վերջին 26 տարիները՝ “Hamden Hall Country Day School in Hamden, CT.”

Ընտանեկան իր Բոյնը կազմած է ամուսնանալով Սէմ Ակիւլեանի հետ: Ակիւլեան զոյգը ունեցած են երեք դուստրեր՝ Թամար, Թալին եւ Լորի:

Մարիան 1960ական թուականներէն մինչեւ 1980ականներու վերջը, մինչեւ ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի միութենական ընտանիքին մէջ ծառայած է ամբողջական նուիրումով՝ իբրեւ Անթիլիասի մասնաճիւղին առաջին Տեղական վարչութեան գործունեայ անդամը, ՀԵԸի Սկաուտական Խորհուրդի անդամ, եւ այլ պատասխանատու դիրքերու վրայ:

Մեր ծանօթութիւնը ողբացեալին հետ կը սկսի 1968-69 թուականէն… եւ բոլոր հանգրուաններուն ալ, պատանեկութեան օրերէն, Անդրանիկ-Սեւան ակումբի սկաուտական շարքերէն մինչեւ 2018ին Boston-ի մէջ մեր հանդիպումը, Սէմ եւ Մարիա Ակիւլեաններու հետ … որպէս մեծ-պապա եւ մեծ մամա… նոյն անկեղծ մտերմութիւնը, նոյն առինքնող ժպիտն ու խինդը… իսկ մեզ հետաքրքրող զրոյցի թեման… եթէ տարիքի բերմամբ, սկիզբ կ’առնէր մեր թոռնիկներուն գովաբանութիւնէն եւ զաւակներուն բարեմասնութիւնները թուելով, բայց մնացեալ ժամերը՝ կը յատկացնէինք, Միութենական մեր մօտաւոր ու հեռաւոր, մեր յիշատակելի անցեալի գործունէութենէն դրուագներու վերապատմումներով. Անվերջանալի…:

Մարիայի անհատականութեան, ջանասիրութեան եւ նկարագրի բարեմասնութեանց մասին, զինք ճանչցողները, եւ իր աշակերտները, վստահաբար կրնան շատ երկար խօսիլ ու գրել:

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները իր ամուսնոյն՝ Սէմին եւ դուստրերուն՝ Թամարին, Թալինին եւ Լորիին: Քրոջը՝ Լուսիկին, եղբօրը՝ Պերճին, հօրեղբօր զաւակներուն՝ Արտեմին, Շուշիկին եւ Ալիսին:

Յիշատակը անթառամ…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին