Այսօր, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութենէն երկու շաբաթ ետք, արժէր, որ համապարփակ արժեւորումը կատարէինք նախընտրական, ընտրական ու յետընտրական երեւոյթներուն ու գործընթացներուն, մասնաւորաբար լիբանանահայութեան շրջանակին մէջ:
Նախընտրական շրջանն ու ընտրութեան օրը յատկանշուեցան մարդիկը սեւի ու ճերմակի, մեր-ի ու ձեր-ի բաժնելու ամօթալի եւ անընդունելի փաստերով, որոնք հայկական ծանօթ մենատիրական կողմը կիրառեց յատկապէս Պուրճ Համմուտի եւ Այնճարի մէջ: Հայաբնակ վայրեր, որոնք նշեալ կողմը կը նկատէ իր հօրենական ժառանգութիւնը:
Կիրառուեցան հայ ընտրողները ահաբեկելու նուրբ եւ բացայայտ ձեւեր՝ սպառնալիքներ, հայհոյանքներ, ելեկտրականութենէ եւ կառատունէ զրկում, ընդհուպ՝ փողոցներու եւ ակումբներու մէջ ծեծ ու ջարդ:
Արտասահմանէն եւ Հայաստանէն հրաւիրուեցան հազարաւոր ընտրողներ՝ վճարելով անոնց օդանաւի տոմսերուն գինը:
Աւելին, նշեալ կողմը գործի լծեց հայ առաքելական համայնքի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնք իրենց կոչերով ոտնատակ կու տային այն պարզ գիտակցութիւնը, որ Լիբանանի խորհրդարանի իւրաքանչիւր երեսփոխան ամէն բանէ առաջ, կը ներկայացնէ ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին շահերը եւ ոչ թէ անոր այս կամ այն հատուածինը միայն: Ցաւալի երեւոյթ:
Ընտրութեան օրը գործի դրուեցան ընտրողները հրապուրելու եւ զանոնք քուէատուփ առաջնորդելու զանազան՝ օրէնքով թոյլատրելի ու անթոյլատրելի եղանակներ՝ մահակի եւ քաղցրաւենիքի ցուցադրութեամբ: Ոմանք քուէարկեցին ի նպաստ այդ կողմին՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՈՒՆ, իսկ շատեր ալ ԱՌԱՆՑ ՆՈՅՆԻՍԿ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ :
Յետընտրական շրջանին եւս այդ կողմին կիրքերը կարծես հանդարտելու միտում չունին: Լիբանանի մէջ արձանագրելով յստակ նահանջ, այդ կողմը կը յայտարարէ, թէ … յաղթեր է: Օտեանի վէպին հերոսը անմահ է…:
Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբումը այսու կը յայտարարէ, թէ կառչած կը մնայ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, եւ կոչ կ’ընէ նշուած մենատիրական կողմին՝ վերջ տալու անցեալ դարու ընտրապայքարները յիշեցնող, իրենց դարը ապրած, մերժելի ու դատապարտելի եղանակներուն, եւ գործելու արդար, ազնիւ եւ օրինաւոր մրցակցութեան պայմաններու մէջ՝ յօգուտ լիբանանահայ համայնքին եւ Լիբանանին: