Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Զօրակցած Թեկնածուն՝ Փոլա Եագուպեան

Լիբանանի Խորհրդարանի Ընտրուած Երեսփոխան

Մայիսի 15-ը պիտի մնայ յատկանշական թուական մը Լիբանանի պատմութեան մէջ:

Արդարեւ այդ օր լիբանանցին ընտրեց իր նոր խորհրդարանը, որուն գլխաւոր յաղթողը հանդիսացաւ Փոփոխութեան ալիք մը, որ եկաւ ո՛չ ըսելու փտած համակարգի մը, որ կը փորձէր ինքզինք վերընտրել:

Արդարեւ ծանր ընտրապայքարն ու հեւքոտ օրը տուաւ իր պտուղները:  Արժանաւոր եւ խոստմնալից դէմքեր մուտք գործեցին խորհրդարան: Անոնց շարքին ՌԱԿ-ի զօրակցած թեկնածուն՝ արժանաւոր Հայուհի՝ Փոլա Եագուպեանը, որ մեր ժողովուրդին հաւատարիմ ջանքերով պատուաբեր արդիւնքով մը երեսփոխան ընտրուեցաւ Պէյրութ Ա. Ընտրաշրջանէն:

Այլ խօսքով, ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն յայտարարութեամբ  արդէն իսկ հիմը կը դրուի նոր սկիզբի մը, հիմնուելով արդարութիւն պահանջող քաղաքացիներուն, որոնք Մայիսի 15ին քուէատուփերուն մէջ իրենց զետեղած թղթիկներով ցոյց տուին այդ։

Կ՚ողջունենք բոլոր այն լիբանանցի մեր հայրենակիցներն ու համաքաղաքացիները Լիբանանի մէջ թէ արտերկրի, որոնք հաւատք ընծայեցին Փոլա Եագուպեանի արդար գործունէութեան, եւ ուզեցին իրենց կեանքը շարունակել մայրիներու այս երկրին մէջ ինչպէս նաեւ մեր սիրելի հայրենիքը ապաքինուած ու նպատակասլաց տեսնել, իրենց ճամբան շարունակելով Փոլա Եագուպեանի գծած ուղիով, եւ որոնք հաւատացին որ կարելի է նոր սկիզբի մը հիմը դնել եւ ամէն ջանք գործադրեցին առ այդ։

Այսօր մենք ունինք երիտասարդներու ամենամեծ սերունդը, որ գիտէ առաւել եւս բարձրաձայնել լիբանանը հարուածող տնտեսական և քաղաքական տագնապներուն առնչութեամբ եւ արդար լուծում պահանջել իր իրաւունքներուն տիրանալու համար։

Նշենք, որ Փոլա Եագուպեանի ցանկակից այլ թեկնածու մը՝ Սինթիա Զարազիրի նաեւ յաջողեցաւ խորհրդարան մուտք գործել ցանկին ապահոված մեծ թիւով քուէներուն շնորհիւ:

Աւելին նշենք, որ ՌԱԿ-ի զօրակցած միւս երկու թեկնածուները՝ Տոքթ. Արա Պարտագճեան եւ զօրավար Նարեկ Աբրահամեան, նաեւ պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգեցին, որոնց ստացած քուէները ջնջին տարբերութեամբ տեղի տուին իրենց մրցակիցներուն:

Աւելի մանրամասն արդիւնքներուն եւ ընտրութիւններուն վերաբերող վերլուծութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին