Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Սրտի Խօսք՝ Պրն. Գառնիկ Եագուպեանին Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Մահագրական

Սիրելի Գառնիկ քեռայր, կ’ուզեմ սրտի խօսք ըսել մահուանդ քառասունքին առիթով: Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ թէ հայրենիքի և թէ Լիբանանի մէջ: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ լոյս իջնէ գերեզմանիդ:

Այս բոլորէն վերջ ես կ’ուզեմ նաեւ մեծարել քեզ: Քանզի, քու բոլոր կատարած ազգային և բարեսիրական գործունէութիւններդ մնացած են թաքուն: Ու հիմա, սիրելի քեռայր, արտօնէ, որ հրապարակեմ զանոնք, քանի որ դուն չէիր ուզեր որ խօսուի այդ բոլորին մասին, որովհետեւ այդ քու համեստ և խոնարհ համոզումդ էր:

Յետ մահուանդ ես կ’ուզեմ զանոնք հրապարակել սակայն, այն մտայնութեամբ, որ օրինակ կրնայ դառնալ հանրութեան:

Դո’ւն օգնեցիր հայ աշակերտին՝ ապահովելով իր դպրոցական կրթաթոշակը, հայ մտաւորականին, խմբագիրին, հայ մամուլին և գրողին՝ գիրքին ծախսերը հոգալ, այսինքն մեկենասութիւնը  յանձն առնել, դեռ աւելին՝ չքաւոր ընտանիքներու նիւթական օգնութիւնները, այս բոլորը ես քաջ գիտեմ: Քեռայր իմ աննման եզակի անձնաւորութիւն, քու պատկառելի կերպարդ, հեզահամբոյր ժպիտդ՝ կը յուսադրէր ամէն դժուարութիւն: Քեռայր ջա’ն իմ սիրելի լուսապայծառ դիմագիծդ. լուսապսակ ճակատդ այս բոլորը կը վկայեն, որ  դուն եղած ես ազնուական տոհմի այն մեծ Եագուպեան ընտանիքին զաւակը: Սիրելի քեռայր, ասկէ 30 տարիներ առաջ միասին երգեցինք այն երգը՝ որ սրտիդ կը խօսէր. Դուն առաջարկեցիր որ երգեմ: «Գնա» կռունկ երկրէ-երկիր ու ետ դարձիր բարո’վ դառնաս»: Արդեօ՞ք նախախնամութիւնն էր, որ մղեց այդ երգը երգեմ: Ու ահա», դուն ալ գացիր շատ մը երկրէ-երկիր բարով դառնալու համար մայր հայրենիք: Այդպէ՞ս էր ցանկութիւնդ զոր կատարուեցաւ լի ու լի: Եկար մայր հայրենիք, կեցութիւնդ անցուցիր հոն՝ մայր հայրենի հողի վրայ, բայց… աւա՜ղ, վախճանդ եղաւ հոն… Բայց ճիշտ… գուցէ քու ցանկութիւնդ էր: Ցանկամ տեսնեմ զիմ Կիլիկիան…»

Սիրելի Անի-Անահիտ, Գառնիկին կողակիցը, թանկագին կէսը, կեանքի ընկերը, մէկ խօսքով իր եարը:

Անահիտ իմ սիրելի, տիւ եւ գիշեր հսկեցիր իր սնարին մօտ՝ անցուցիր դժուարին օրեր: Վարձքդ  կատար և երկնային մխիթարութիւն: Իսկ Արա՞մը տղամարդու վայել գիտակցութեամբ թիկունք կեցաւ քեզի՝ և իր պուճուր քոյրերուն:

Սիրելի քեռայր իմ պատուական. կը խոնարհիմ քու շիրմաքարիդ առջեւ, կ’աղօթեմ —- Աստուած թո’ղ վառ մնան մոմերը միշտ և գուլա՜-գուլա՜ ծխացող խունկը հայրենի:

«Երթա՜մ ննջեմ զիմ Կիլիկիա…»

Քեզ միշտ յիշող՝

ՎԻՔԻ ԿՈՐԿՈՏԵԱՆ-ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին