Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ 2022

Պէյրութ Ա. Ընտրաշրջանի Հայ Առաքելական Աթոռի Երեսփոխանական Թեկնածու՝

ՓՈԼԵԹ ՍԻՐԱԿԱՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Փոլեթ Սիրական Եագուպեան ծնած է 4 Ապրիլ, 1976-ին, ծագումով հայ լիբանանցի։

Ի մտի ունենալով, թէ ան որպէս աքթիւիստ մեծ ներդրում ունեցած է ընկերային եւ մարդկային իրաւանց հարցերու մէջ, 2013 թուականին հիմը դրաւ ՏԱՖԱ արշաւին, որ շնորհիւ իր վիթխարի աշխատանքներուն՝ կը համարուի Լիբանանի և Միջին Արեւելքի ամենամեծ և ամենայաջողած բարեսիրական արշաւներէն մէկը։ Սկզբնական շրջանին ամենամեայ արշաւ էր ՏԱՖԱ, սակայն հետագային վերածուեցաւ մշտական ​​արշաւի՝ առնչուած բացառիկ մարդկային իրադարձութիւններու հետ։ 2019 թուականի հոկտեմբերին, Լեռնալիբանանի մէջ ծայր տուած էին անտառային հրդեհներ, որուն պատճառով շրջանի բնակչութիւնը կարիքը ունէր մարդկային օգնութեան եւ տնային կենսական առարկաներու։ Փոլեթ Եագուպեան անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց ընկերային ծառայողներու հսկայական խումբ մը օգնութեան փութալու համար թէ՛ շրջանի բնակչութեան եւ թէ՛ հրշէջներու եւ շտապ օգնութեան կազմին։ Կարճ ժամանակ անց արդէն իսկ Լիբանանեան տնտեսութիւնը սկսաւ փլուզում արձանագրել, որ ցայսօր ոչ միայն կը շարունակուի, այլեւ առաւել եւս անկում կ՚արձանագրէ, յատկապէս Covid-19 համաճարակէն ետք։ ՏԱՖԱ արշաւը իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ ոչ մէկ պահ դադրած է իր գործունէութեան ծիրէն ներս փորձել ապահովել կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն մատակարարել, յատկապէս մեր ազգի պատմութեան այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին մէջ գոյատևելու համար:

• Քաղաքական աքթիվիստ, «Ազգային Դաշինք»ի անդամ 2018-էն ի վեր։

Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխանուհի Փոլեթ Եագուպեան, 2018 թուականէն ի վեր մինչև 2020 թուական օգոստոսի 4-ը, Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթումի յանցագործութենէն ետք, ներկայացուց իր հրաժարականը՝ ի նշան բողոքի շահագրգիռ իշխանութիւններու անփութութեան և այս նողկալի յանցագործութեան պատասխանատուութիւն չկրելու դէմ, և ի համերաշխութիւն զոհերու և տուժածներու ընտանիքներուն:

Եագուպեան վերջին տարիներուն յայտնի է որպէս Լիբանանի ամէնէն ազդու կին լրագրողներէն մէկը: Ան աշխատած է որպէս քաղաքական հաղորդումներու հաղորդավար լիբանանեան և արաբական հեռուստակայաններու մէջ։ Նկատի ունենալով անոր ունեցած լայնատարած ազդեցութիւնն ու գործունէութիւնը՝ Համաշխարհային դրամատունը զինք ընտրեց որպէս իր արտաքին խորհրդատուական Յանձնախումբի անդամ՝ բազմազանութեան, կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան և կենտերային հաւասարութեան ծիրէն ներս անոր ծաւալած գործունէութեան ու ջանքերուն համար, ինչպէս նաև կանանց «քոթա»յի կատաղի ջատագովը ըլլալուն համար: Ան կը համարուի քաղաքական կեանքին մէջ լիբանանցի կանանց մասնակցութեան դարպասը, որ Լիբանանի մէջ կը յանգեցնէ աւելի ընտրական օրէնքի ընդունման եւ արդարադատութեան:

Իր մասնագիտական ​​գործունէութեան մեկնարկէն ի վեր, Փոլան հանրայայտ է որպէս շրջակայ միջավայրի ու բնապահպանութեան ամենայայտնի պաշտպաններէն մէկը և աջակցած է ու նպաստած շրջակայ միջավայրի պահպանման ուղղուած բազմաթիւ միջոցառումներու իրականացման: Խորհրդարանական հրաժարելէ ետք իր առաջնահերթ ուշադրութիւնը դարձուց բնապահպանական գործունէութիւնը, կանխելու օրէնքներու ընդունումը, որոնք կը նպաստեն աւելի շատ աղտոտման, յատկապէս՝ թափոններու ճգնաժամին հետ առնչուած:

Մրցանակներ

Փոլեթ Եագուպեան իր մասնագիտական ասպարէզի ծիրէն ներս արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու։ 2017 Օգոստոսին, Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Ալեքս Լենաերց անոր պարգևատրեց «Թագաւորական բարձր շքանշան»ով, որ շնորհուեցաւ Պելճիքայի թագաւոր Լուի-Ֆիլիբ Լեոպոլդ Մարիի կողմէ՝ առ ի գնահատանք անոր լրատուամիջոցներու, մարդասիրական և բնապահպանական աշխատանքի և կանանց հարցերու հզօրացման գործունէութեան մէջ ունեցած հսկայական դերին համար։ .

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին