Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Անթիլիասի Մայրավանքը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Մեր Ժողովուրդի Զաւակներով

Լիբանանահայ Կեանք

Ծաղկազարդի տօնին առիթով զարդարուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ամէնէն շատ գոյն ու կեանք կու տան մեր մանուկները՝ ոմանք մանկական լրջութեամբ հետեւելով Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ուրիշներ վազվզելով շրջափակի զարդարանքներուն շուրջ եւ կամ յիշատակի նկարներ առնելով։

Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայարվանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Բազմաթիւ հայորդիներուն մասնակցութեամբ աւանդական մանուկներու թափօրէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին իր Հայրապետական խօսքը յղեց Վեհարանէն։

Առաջին հերթին, ան գոհութիւն ու փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ ահաւասիկ դարձեալ առիթը ունեցանք ի մի համախմբուելու եւ միասնաբար մեծաշուք հանդիսութեամբ նշելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը։ Ի տես բազմահազար հայորդիներու ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ Հայրապետը ըսաւ, որ մեր հաւատքը խորացնող եւ մեր յոյսը ամրացնող տեսարան է սա՝ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ ներկայիս, դժուար օրեր ապրած ենք ու կ՚ապրինք, սակայն մեր հաւաքական հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կարողացած ենք դիմագրաւել եւ յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն եւ Հայրապետական խրախուսանքով եւ Քրիստոսի խօսքը փոխանցելով՝ ըսաւ «մի՛ վախնար, ժողովուրդ հայոց»։ Մի՛ վախնար որեւէ չարէ ու չարիքէ։ Հաւա՛տք ունեցիր, որպէսզի հաւատքով դիմակայենք ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր։ Խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր գահակալով, միաբանութեամբ, թեմական եւ ժողովական կառոյցներով, լիբանանահայութեան կողքին է։ «Ամէն իմաստով քեզի հետ պիտի շարուանենք ըլլալ, որովհետեւ Լիբանանի հայութիւնը կարեւոր դեր ունի ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, որպէս Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկը, այլ նաեւ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Հետեւաբար, սա պահուն, վերանորոգենք մեր հաւատքը, կամքը ու յոյսը. համախմբուինք մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն շուրջ եւ վստա՛հ եղէք, երբ միակամ ենք, կրնանք ամէն տեսակ չար ու չարիք հեռացնել մեր կեանքէն եւ շարունակել մեր կազմակերպ ու կենսունակ կեանքը»։ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց հաւատացեալները հրաւիրելով Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ հաւատքո՛վ դիմաւորելու, որպէսզի Անոր ներկայութեամբ մեր կեանքը ծաղկազարդուի հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով։

Հայրապետին խօսքէն ետք, փոքրիկները բարձրացան Հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին