Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Այս Պիտոյքները՝ Գործածակա՞ն Են …

Այսօրուան մեր պատմութիւնը առնչութիւն ունի անբնականօրէն մեծ՝ խոհանոցային առարկաներու հետ։

Հիմա ձեզի պիտի ներկայացնեմ խոհանոցային երեք անօթներ՝ որոնք մեզի կու գան Ամերիկայի երեք տարբեր նահանգներէն։

Պատասխանելով վերնագիրի հարցումիս, ստորեւ ներկայացուած պիտոյքները անշուշտ թէ գործածական չեն։ Սակայն ինչո՞ւ արտադրուած են անոնք եւ ինչի՞ կը ծառայեն։

Ես կը խորհիմ թէ անոնց առաջնահերթ ծառայութիւնը կը կայանայ զբօսաշրջութեան զարկ տալու մէջ, խնդրոյ առարկայ քաղաքներուն համար։

Առաջին Առարկան

Երկաթեայ տապակ մըն է որ կը կշռէ 14,360 pound, այսինքն՝ 6,514 քիլօկրամ։ Իսկ անոր մէկ կոթէն միւս կոթի երկարութիւնն է 18 feet, այսինքն՝ 5.5 մեթր։ Նաեւ հետաքրքրական է գիտնալ որ այդ տապակին մէջ կարելի է միաժամանակ տապկել 650 հաւկիթներ։

Կցուած նկարը ցոյց կու տայ այդ տապակին փոխադրութիւնը՝ հսկայ բեռնակառքի մը վրայ, դէպի Թենըսի նահանգի Հարաւային Փիթսպըրկ քաղաքի երկաթի թանգարանը, որուն բացումը պիտի կատարուի ընթացիկ տարուան ամառը։

Երկրորդ Առարկան

Թէյաման մըն է (տես նկարը) որ կը գտնուի Ուէսթ Վըրճինիա նահանգի Չէսթըր քաղաքին մէջ։ Այդ թէյամանը ունի 12 ոտք (3.6 մեթր) բարձրութիւն եւ 44 ոտք (13 մեթր) լայնք։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ այդ թէյամանը կը գտնուէր Փենսիլվանիա նահանգը եւ 1938-ին՝ Ուիլեամ Տէվըն անունով մէկը զայն փոխադրած է իր այժմու վայրը։

Երրորդ Առարկան

Հսկայ պատառաքաղ մըն է (տես նկարը) որ կը գտնուի Միզուրի նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքին մէջ։ Անոր բարձրութիւնն է 35 ոտք (10.7 մեթր) եւ կը կշռէ 11 թոն։

Հետաքրքրական է գիտնալ ու այդ պատառաքաղը կը գտնուէր ճաշարանի մը առջեւ, սակայն 1998-ին տեղափոխուելով՝ զետեղուած է նոյն քաղաքի տարբեր շրջանի շէնքի մը առջեւ, որ կը ներփակէ զանազան գրասենեակներ . . .

Ուրիշ Առարկայ մըն ալ

Վերոյիշեալ առարկաները անգործնական են, սակայն Քալիֆորնիոյ Պէյքըր քաղաքին մէջ կայ հսկայ ջերմաչափ մը (տես նկարը), որ յարաբերաբար գործնական է։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ Լոս Անճելըսէն Լաս Վեկաս գացողները անպայմանօրէն պիտի անցնին այդ ճամբայէն եւ  հոնկէ դիտելով՝ կրնան գիտնալ օդի տաքութեան ջերմաստիճանը։

Այդ ջերմաչափը կառուցուած է 1992-ին եւ անոր բարձրութիւնն է 134 ոտք (40 մեթր), իսկ կշիռը՝  76,812 pound (7,625 քիլօկրամ)։ Պէտք է ըսել որ այդ ջերմաչափը զետեղուած է 125 cubic yard (95 մեթր խորանարդ) թրծաշաղախի (Concrete) վրայ, որպէսզի ըլլայ հաստատուն եւ դիմանայ անապատային փոթորիկներուն։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Պէյքըր քաղաքը կը գտնուի Գալիֆորնիոյ Death Valley շրջանի մուտքին։ Ինչո՞ւ «Մոհուան Հովիտ» կոչուած է, որովհետեւ կռահած պէտք է ըլլաք որ ահռելի տաք կ՛ըլլայ այդ շրջանը՝ ամառ թէ ձմեռ։

Քալիֆորնիան նշանաւոր է նաեւ իր Redwood տեսակի ծառերով, որը (տես նկարը) աշխարհի ամենաբարձր ծառն է։ Այդ ծառին բարձրութիւնն է 115.85 մեթր եւ անոր տարեկան աճն է 3.9 սանթիմեթր։

Ուրեմն կրնանք անվերապահ հաստատել թէ Ամերիկայի մէջ՝ գրեթէ ամեն բան մեծածաւալ է, առանց նկատի առնելու թէ գործնական է այդ՝ կամ ոչ, չէ՞ք խորհիր!

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին